ԹԵՂԵՆԻՔ՝ ՈՒԽՏԻ ՎԱՌԱՐԱՆ
Կոտայքի մարզի Թեղենիք գիւղի եկեղեցին, որ արտաքնապէս շքեղ տեսք մը ունի, ուխտի պտուղն է երջանկայիշատակ Ներսէս Արք. Պոզապալեանի։ 2000-ական թուականներու սկիզբը Ներսէս Սրբազան իր քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակին առթիւ կը ձեռնարկէ եկեղեցաշինութեան ի յիշատակ իր ծնողներուն՝ Գրիգոր եւ Մաքրուհի Պոզապալեանին։ Սրբազանի ընտանիքի հովանաւորութեամբ ու ջանքերով եւ բարերար Յակոբ Գաբրիէլեան ամոլի աջակցութեամբ աշխատութիւնը կեանքի կը կոչուի, իսկ եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կը կատարուի Ներսէս Սրբազանի կողմէ։
Մօտաւորապէս երեք տարուայ աշխատութիւններու աւարտին, 5 յուլիս 2003-ին, ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի եկեղեցին կ՚օծուի եւ պաշտամունքի կը բացուի։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը իր հայրապետական պատգամը կը փոխանցէ եւ ի միջի այլոց կ՚ըսէ. «Մենք փառք եւ գոհութիւն կը բարձրացնենք առ Աստուած, որ երկար տարիներ հոգեւոր կեանքէ, աղօթատեղիէ զուրկ այս տարածաշրջանին մէջ ահա նոր եկեղեցի մը կառուցուած է եւ իր դռները կը բանայ հաւատացեալ մեր ժողովուրդի առջեւ՝ շնորհիւ Գերաշնորհ Տ. Ներսէս Արքեպս. Պոզապալեանի ջանքերուն եւ նուիրումին։ Մեր աղօթքն է, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները ապրին իրենց կեանքը եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ եւ առաջնորդուին եկեղեցւոյ Ս. Խորանէն բացուող՝ Քրիստոսի Ս. Աւետարանի պատգամներով ու պատուիրաններով, մեր հայրերու սրբազան հաւատքով, հաւատարիմ՝ դարաւոր մեր աւանդութիւններուն եւ կարգերուն»։ Այս պատմական առիթով Վեհափառ Հայրապետը կը գնահատէ Ներսէս Սրբազանը այս գեղեցիկ իրագործման համար եւ զինքը կը պարգեւատրէ Մայր Աթոռոյ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով։
ԴԷՊԻ ԵԿԵՂԵՑԻ
Եկեղեցին կը գտնուի այնպիսի վայր մը, որուն շուրջը գրեթէ տուն-տեղ չկար։ Այսինքն բնութեան ծոցին մէջ կը գտնուէր այս սիրուն աղօթատեղին, որուն խաչէն ամէն առաւօտ գիւղին վրայ կը ցոլանայ արեւածագին լոյսը։ Տուֆ քարերով կառուցուած եկեղեցին ունի կաթողիկէ մը, ինչպէս նաեւ կաթողիկէով միացած զանգակատուն մը։ Բաց աստի, եկեղեցւոյ արտաքին պատերուն վրայ քանդակուած էին Քրիստոսի կեանքէն զանազան դրուագներ։ Նոյն պատերուն վրայ կը գտնուին յիշատակարաններ, որոնք կը ներկայացնեն եկեղեցւոյ խորհուրդը՝ յիշեցնելով, թէ եկեղեցւոյ ճամբով կը յիշատակուին այն բոլոր նահատակները, որոնք վասն Յիսուս Քրիստոսի վկայութիւն տուած են արեամբ, զոհաբերելով իրենց կեանքն ու ինչքը։ Այս հանգուցեալները կը ներկայացուին որպէս Հայ Եկեղեցւոյ վկաներ ու մարտիրոսներ։ Այստեղ կը յիշատակուի նաեւ, թէ եկեղեցին կառուցուած է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրով եւ կոչուած՝ Ս. Նահատակաց եկեղեցի։ Բաց աստի, գրի առնուած է աղօթք, վասն հոգւոցն հանգուցելոց եւ բարերարացն եկեղեցւոյ։
Եկեղեցւոյ համալիրը ընդարձակ էր, որուն մէջ կը գտուէին խաչքարեր եւ եկեղեցւոյ հիմնադիր՝ Ներսէս Սրբազանի շիրիմը։ Դալարապատ համալիրին ձախակողմը կը գտնուէին շէնքեր, որոնց նպատակը պիտի ըլլար եկեղեցւոյ սպասաւորներուն համար հիւրընկալ, ինչպէս նաեւ ուխտաւորաց համար իջեւան դառնալ։ Սակայն այս ծրագիրը ցարդ չէ աւարտած տարիներու ընթացքին, իսկ միւս կողմէ, ուրախացուցիչ տեսարան էր աշխատութիւնները իրենց ընթացքին մէջ տեսնելը։ Բաց աստի, այս համալիրի շէնքերէն առաջինը՝ հովուատունը լաւագոյնս յարդարուած էր ջանիւք եկեղեցւոյ ներկայ հոգեւոր հովիւ Հայր Աղանին։ Ըստ իր նախատեսութեան, շինարարական աշխատութիւնները երբ աւարտին, ուխտաւորներ առաւել եւս շատ ժամանակ պիտի կարողանան անցընել եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ գիւղի երեխաները եւս պիտի գործեն եկեղեցւոյ համալիրին մէջ։
Ուղղուեցանք այս ճանապարհէն դէպի եկեղեցի, առաջին ուխտի աղօթքը կատարելու համար։ Երբ մուտք գործէք, առաջին պահուն ձեր առջեւ կը ներկայանայ եկեղեցւոյ բարձր Ս. Սեղանը, որ կառուցուած էր ճերմակ քարերով, իսկ միւս կողմէ, եկեղեցւոյ ներքնամասին մէջ աւելի կը տիրապետէին սեւ ու նարնջագոյն քարերը։ Եկեղեցւոյ սիւներուն վրայ քանդակուած էին բազմաշատ փոքրիկ խաչեր՝ զանազան տեսքերով։ Բաց աստի, Ս. Խորանը ունէր ձեռագործ վարագոյր մը, որ իր եզակիութեամբ կը յայտնուէր։ Եկեղեցւոյ մէջ պատերուն վրայ աշխատուած էին նաեւ որմնանկարներ։ Ս. Խորանին վրայի գունագեղ Ս. Հոգեգալստեան պահը, ինչպէս նաեւ պատերուն վրայ աշխատուած՝ Տէրունական նկարները։ Հուսկ՝ կաթողիկէին ճիշդ կեդրոնը գծագրուած էր Ս. Դաստարակի որմնանկարը, որ խորհրդանիշն է, թէ Քրիստոս իր տեսքով կը հսկէ հաւատացելոց վրայ։
Դրան մուտքի ձախը կը գտնուէին աստիճաններ, որոնք կ՚առաջնորդէին դէպի վերնատուն, այն վայրը՝ որուն քարեղէն բազրիկները եւ յետին կանգնած խաչաձեւ լուսամուտը ուշադրութիւնս գրաւեց իր խորհրդաւորութեամբ։ Իսկ միւս կողմէ, կային աջակողմեան եւ ձախակողմեան փոքրիկ խորշերը, որոնք կ՚օգտագործուէին որպէս սարկաւագատուն եւ աղօթավայր։ Անոնց մօտ կանգնած էր նաեւ ճերմակ քարերով կառուցուած աչքառու մկրտութեան աւազան մը։
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ ՆԵՐՍԷՍ ՍՐԲԱԶԱՆԻ
«Երանի՜ որ ունիցի յիշատակ ի Սիոն» Աստուածաշնչական բնաբանը շատ ժամանակ օգտագործուած է եկեղեցաշինութեան եւ կամ ազգային հաստատութիւններու բարերարութեան ժամանակ։ Անցողակի աշխարհին մէջ մարդ արարածը միշտ տենչը կ՚ունենայ, որ յետ մահու իր անունը յիշատակուի ձեւով մը եւ եկեղեցին լաւագոյն առիթը կ՚ընծայէ այն անձանց, որոնք բարերարութեան ոգիով կ՚ուզեն յիշատակուիլ։ Ոգեկոչում մըն է սա, որուն մէջ կայ գնահատանք, խոնարհում եւ աղօթք։ Մօտաւորապէս յիսուն տարուայ եկեղեցական ծառայութիւն ունեցած է լուսահոգի Ներսէս Սրբազանը, սակայն այս Թեղենիքի եկեղեցին է, որ հանգուցեալի անունը վառ կը պահէ, երբ ուխտաւորներ կը շրջին այս աղօթքի տունը։ Հետեւաբար, որքան ժամանակ որ կանգուն է տաճարը հանդերձ իր յիշատակարաններով, կառուցողն ու բարերարը եւս պիտի յիշատակուին առ հասարակ։ Կը տեսնենք, թէ 2009 թուականէն ասդին անցած են 13 տարիներ, սակայն եկեղեցւոյ մէջ չէ թառամած անունը հանգուցեալ սրբազանին։
Իսկ Պոլիսէն եկած, Քըրըքխանէն անցած եւ Սուրբ Էջմիածին հասած նուաստս երբ կը մօտենայ Թեղենիքի եկեղեցւոյ, բարերար Սրբազանի անունը ո՛չ միայն կը յիշատակեմ զինքը որպէս եկեղեցաշէն, այլ՝ Մուսա լերան մերձաւոր Քըրըքխան գաւառին մէջ ծնած աւազանի անունով Քըրըքխանցի Յակոբը, որ ապագային պիտի դառնար Հայր Ներսէս եւ իր կեանքի վերջալոյսին Պոլսոյ եկեղեցական կեանքին մասնակցած արուեստագէտը՝ հոգիով թրծուած, երաժշտական հոգիով պարարտացած, սոխակի նման երգող բարձրաստիճան հոգեւորականը։
Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքի եւ Գարեգին Բ. Պատրիարքի ժամանակ յաճախակիօրէն այցելած է Պոլիս։ Իսկ մօտաւորապէս քսան տարիներ առաջ, երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքի օրով աւելի շատ տեսած էինք Սրբազանը Պոլսոյ մէջ, երբ ինքը ամրան շրջանին յատկապէս կը մասնակցէր արարողութիւններուն։ Բազմաշատ յիշատակներ թողած է Պոլիս քաղաքին եւ Պատրիարքութեան, սակայն ես որպէս ականատես կը յիշատակեմ անոնցմէ յատկապէս հետեւեալները։
Տակաւին ականջէս չէ հեռացած, հակառակ յառաջացեալ տարիքին պլպուլի նման Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երգած «Սիրտ իմ սասանի» հոգեւոր տաղը։ Բոլոր եկեղեցին քար կտրուած էր այդ պահուն, երբ հաւատցեալներու ուշադրութեան կեդրոնը դարձած էր նախագահ Սրբազանը։ Աւագ հինգշաբթիի խորհրդաւոր արարութեան մէջ աւելի իմաստալից դարձած էր այդ պահը, երբ չքնաղ երազի մը կը վերածուէր երգեցողութեան պահը եւ շարականի բառերը մեղրի նման կը կաթէին Սրբազան Հօր բերնէն։
Իսկ ինչպէս կարելի էր մոռնալ, Ս. Աստուածածնայ տօնի մը առթիւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մատուցած եպիսկոպոսական Ս. Պատարագը. բան մը որ զարմանքի առարկայ դարձած էր, քանի հասակով տարեց եկեղեցական մը, ամրան ահռելի տաքին զգեցած ըլլալով ծանրածանր եպիսկոպոսական հանդերձանքը՝ երկար ժամանակ կանգուն կը մնար ու կը կատարէր արարողութիւնը։
Մի քանի ամիս առաջ էր, երբ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի հետ միատեղ կը գտնուէինք Քըրըքխանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, առիթ եղաւ որ յիշատակենք նաեւ այս շրջանի մէջ ծնած Սրբազանը եւ իրեն հոգւոյն ի հանգիստ աղօթք արտասանենք։ Այդտեղ կը պատմուէր, թէ լուսահոգի Սրբազանը, տարիներ առաջ Մեսրոպ Պատրիարքի հետ ուխտագնացութեան մասնակցած էր դէպի Հաթայ եւ փափաքն ունեցած՝ Քըրըքխան այցելելու։ Այդ ժամանակ զինքը մեծ հետաքրքրութեամբ եւ յարգանքով դիմաւորած էին տեղացի ժողովուրդը։ Որպէս հոգեւորական առաջին անգամ լսած էի այս պատմական հանգրուանին մասին եւ տպաւորուած, քանի կը գտնուէի իր իսկ այցելած ու ծնած վայրին մէջ։
Իսկ ներկայիս գտնուած ըլլալով Սուրբ Էջմիածնի մէջ, իր ստեղծագործական հոգիէն բխած եւ «Ներսէս Վանական»ի գրիչէն լոյս տեսած բանաստեղծութեամբ զինքը կը յիշեմ։ Այս այն բանաստեղծութիւնն է որ իր նոյնքան տաղանդաւոր քրոջ՝ Մարի Պոզապալեանի կողմէ յօրինուած էր.
Ես մեղաւոր ու անցաւոր, Հազար անգամ ապաշխարող,
Սակայն երբեք չարդարացող, Ես մեղաւոր մի ուխտաւոր:
Էջմիածին, Էջմիածին, Էջմիածին, Էջմիածին:
Ես մեղաւոր մի ուխտաւոր:
Ես մի ընծայ քո խորանում, Մի կաթիլ խունկ քո բուրվառում,
Զերթ քաղցր ձայն թող սպառուեմ, Գուցէ այդպէս գութիդ հասնեմ:
Էջմիածին, Էջմիածին, Էջմիածին, Էջմիածին:
Կ.ՊՈԼՍՈՅ ԺՈՂՈՎԻ ԱՌԹԻՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Կ.Պոլսոյ Տիեզերական ժողովի տօնակատարութեան առթիւ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ առիթ ընծայուեցաւ, որ Ս. Պատարագ մատուցանեմ Թեղենիքի եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան մասնակից հաւատացեալներ, իրապէս հաւատքով լի ուխտաւորներ էին, որոնց ապրումները, մերձեցումը, երգեցողութիւնը լաւագոյնս ներշնչեց նաեւ ներկայ հոգեւորականներս։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Աղանի եւ Մայր Աթոռէն Դաւիթ Սարկաւագի համագործակցութեամբ կը կատարուէր արարողութիւնը։ Երբ հոգեւորականներս եկեղեցի մտանք, իւրաքանչիւր հաւատացեալ կը մօտենար մեր մօտ աջ առնելու եւ օրհնութիւն ստանալու համար։ Մէկ մասը ծնկաչոք կ՚աղօթէր, մէկ մասը եղբայրական ողջոյնով հաւատացեալ եղբայրը կ՚ողջունէր, մէկ մասը կը խոկար, սակայն այս բոլորին մէջ զգալիօրէն կը ներգրաւուէր աղօթական մթնոլորտը։ Յատկապէս հոգեւորականներուս համար ի հոգեւորս թարմացնող մթնոլորտ մըն էր այս մէկը, որուն համար փառք պէտք է վերառաքել Տիրոջ։
Խոստովանանք ըլլալէ յետոյ, ուղղուեցայ սարկաւագատուն զգեստաւորուելու համար։ Եկեղեցին բարձունքի վրայ կանգնած ըլլալուն ցուրտ էր, սակայն հաւատացելոց ջերմեռանդութիւնը պատճառ կ՚ըլլար, որ մոռնայինք ցուրտը, անշուշտ թէ զգուշութիւնը առանց թողելու, կը կեդրոնանայինք արարողութեան։ Զգեստաւորման պահուն արդէն կը զգայի, թէ եկեղեցւոյ մէջ կը տիրապետէր տօնական մթնոլորտ մը, որուն սկիզբն ու պատճառն էր Ս. Պատարագը։ Միասնաբար արտասանուած «Տէրունական աղօթք»էն յետոյ սկսաւ արարողութիւնը եւ դպիրներու եւ սարկաւագներու կողմէ առաջնորդուեցայ դէպի Ս. Խորան։
Արարողութիւնը տպաւորիչ կը նկատեմ, որովհետեւ եկեղեցի բառը, որ կը նշանակէ հաւատացելոց ժողով եւ հաւաքականութիւն, այստեղ զգալիօրէն կ՚արդարացնէր իր նշանակութիւնը, երբ հաւատացեալներ կը միանային դպրաց դասու երգեցողութեան։ Միասնական աղօթքը այս ըլլալու է, քանի հաւատացեալներ իրենց կարգին դիտողի դիրքէն կ՚անցնին մասնակցողի դիրքին։ Այս մէկը յատկապէս զգացի Ս. Պատարագի մեծ թափօրին, երբ հաւատացեալներ նոյնիսկ ձեռքս դէպի իրենց կը քաշէին օրհնութիւն աղերսելով, շուրջառը կը պագնէին հաւատախառն հայեացքով եւ կը գոչէին. «Յիշեսցիր եւ զմեզ, առաջի անմահ Գառինն Աստուծոյ»։
Իսկ ո՛ր բառով կարելի է նկարագրել «Հաւատամք»ի երգեցողութիւնը, երբ երգեցողութեան ձայնը շրջանցելով եկեղեցին, կը տարածուէր Թեղենիք գիւղի մէջ։ Բոլորս միատեղ կ՚երգէինք. «Հաւատամք, ի մի Աստուած, ի Հայրն Ամենակալ, Արարիչն երկնի եւ երկրի, երեւելեաց եւ աներեւութից…»։ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական ժողովին հետ առընչուած բաժինը յատկապէս շեշտելով կը շեշտէինք. «Հաւատամք եւ ի Սուրբ Հոգին, յանեղն եւ ի կատարեալն, որ խօսեցաւ յօրէնս եւ ի մարգարէս եւ յաւետարանս։ Որ էջն ի Յորդանան, քարոզեաց յառաքեալսն եւ բնակեցաւ ի սուրբսն»։
Պէտք է խոստովանիլ, թէ անկեղծութեամբ պարարտացած եւ ձեւակերպութենէ հեռու հոգեվիճակով բոլոր ներկաները անխտիր աշակերտները կը դառնային Սաղմոսերգուին. «Օրհնութիւն երգեցէ՛ք ՏԻՐՈՋ։ Արդարեւ մեր Աստուծոյն ներբող երգել վայել է, հաճելի եւ վայելուչ օրհներգութիւն ընծայել… Գոհութիւն երգեցէ՛ք ՏԻՐՈՋ, քնարով ներբողեան նուագեցէք մեր Աստուծոյն»։ (Սղմ. 147.1, 7)։ Եւ բո-լորէն աւելին Տիրոջ փնտռտուքը կը ներկայացնէին դէպի Տիրոջ բարձրացած անխառն սիրով ու հաւատքով օծուն ձեռքերը. «Տէրը աստուածավախ մարդիկ կ՚ուզէ, մարդիկ՝ որոնք իր սիրոյն կը վստահին» (Սղմ. 147. 11)։
ՔԱՐՈԶ
Նախքան Տէրունական աղօթքը, Հայր Աղանը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ շնորհ ունեցած էինք Ս. Պատարագին մասնակցելու։ Այս առթիւ անդրադարձաւ օրուան նշանակութեան, ըստ որում Կ.Պոլսոյ ժողովի տօնին գեղեցիկ առիթով ուխտաւորաբար կը պատարագէր Կ.Պոլսեցի Հայր Սուրբ մը, որ ներկայիս կը գտնուի Մայր Աթոռոյ մէջ։ Այս առթիւ իր եղբայրական բարեմաղթութիւնները փոխանցելով հրաւիրեց, որպէսզի նուաստս քարոզեմ ներկայ ուխտաւորներուն։ Այստեղ կ՚ուզեմ պահ մը դառնալ հաւատացեալ ժողովուրդէ անդամներէն միոյն եւ իրենց բերնով ներկայացնել քարոզի պահը։
Հայր Սուրբը յայտնեց, թէ Կ.Պոլսոյ ժողովոյ սուրբ հայրապետները կը բարեխօսեն, որպէսզի մենք Աստուծոյ աղօթելու տրամադրութիւնը նախ ունենանք եւ յաջորդիւ աւելի լաւ ճանչնալու ճանապարհ գտնենք եւ ապա աւելի մեծ յոյսով ու սիրով բարինք երկրի եւ երկնքի Տիրոջ։ Այս տօնը այն տօնն էր, որ քրիստոնէական շունչով պատրաստ ըլլայինք Մեծ պահքի քառասնօրեայ շրջանին։ Այս սուրբերը պայքարած էին սխալ ու մոլորեցուցիչ ուսուցումին դէմ, դառնալով ուղղափառ հաւատքի պաշտպանները, պատգամելով նաեւ բոլորիս, թէ քրիստոնեան պէտք է դիրքորոշում ունենայ սխալ վարդապետութեան դէմ։ Անոնք, պահպանած էին Ս. Հոգիին Աստուածութեան վարդապետութիւնը եւ իրենց կողմէ եկեղեցւոյ մէջ վերահաստատուեցաւ Ս. Հոգիին Աստուածութիւնը։ Առ այդ, ժողովի աւարտին այս դաւանանքը ներմուծուեցաւ նաեւ եկեղեցական արարողակարգին եւ հաւատացեալներ ներկայիս ձեռնամած կը հետեւին իրենց ուսուցումին։
Քրիստոնէութիւնը երբ տարածուած էր առաջին դարուն, գաղտնաբար կը գործէր, քանի հեթանոս կայսրութիւնը տիրապետող զօրութիւն էր շրջանէ ներս եւ անսովոր հաւատք մը, որ կը կոչուէր Քրիստոնէութիւն, արտօնեալ չէր։ Այս պրկուած իրավիճակին մէջ սակայն եկեղեցին իր գոյութիւնը շարունակեց տասնեակ տարիներ եւ հասաւ այն դարուն, որ հեթանոս կայսրութիւնը դարձաւ Քրիստոսադաւան հաստատութիւն։ Ազատութեան շրջանը իր դրականութեան մօտ ունեցաւ ժխտական մեծ երեսակներ։ Այս շրջանին էր, որ քարոզութիւնը աւելի ազատ դարձած էր, սակայն այս անգամ ալ եկեղեցւոյ մէջ աւելի զգալի դարձած էին սխալ ուսուցումները, որոնց արգելք ըլլալու տրամադրութեամբ գումարուած էին տիեզերական ժողովներ։
Կ.Պոլսոյ ժողովը 381 թուին գումարուած ժողովն է, որ դարձաւ երկրորդ տիեզերական ժողով, նիւթ ունենալով Պոլսոյ Մակեդոն անուանեալ Պատրիարքին մոլար վարդապետութիւնը ի դէմս Ս. Հոգւոյն։ Հայրապետներ, որպէս հետեւորդները Քրիստոսի առաքեալներուն, պատասխանատուութիւն զգացին Ս. Աւետարանի ճշմարիտ ուսուցման պահապան դառնալ։ Կար Քրիստոնէութիւն մը, սակայն ինչպիսի՞ Քրիստոնէութիւն մըն էր այդ մէկը, որ Յիուսը չէր դաւաներ որպէս Փրկիչ ու Աստուած, ինչպիսի՞ հաւատք մը, որ Ս. Հոգին չէր դաւաներ որպէս Աստուած։
Այս առթիւ Հայր Սուրբը ուշադրութեան յանձնեց, թէ սխալ ուսուցումներ նոյնիսկ իրենց հետեւորդները կ՚ունենան եւ հետեւաբար տիեզերական ժողովներու մէջ նզովուած ուսուցումները իսկ յաջորդիւ իրենց համակիրները ունեցած են։ Շարունակեց հետեւեալ ձեւով. «չկարծէք որ ճշմարտութիւնը, իրականութիւնը, լոյսը ամէն ոք պիտի համախմբէ իր շուրջը։ Հետեւաբար այս իրավիճակը ձեզ յուսախաբութեան չմատնէ»։ Այս բոլորին մէջ, կարեւորեց միաբանական սիրոյ եւ սխալ ուսուցումի դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը։ Այս առթիւ նախ անհրաժեշտ էր անձնական հաւատքի մէջ կայուն մնալ ի Յիսուս եւ յաջորդիւ մասն եւ բաժինը դառնալ հաւաքականութեան՝ որ մեր իրականութեան մէջ եկեղեցին է։
Հայ ժողովուրդը իր պատմական հիմքերով արդէն իսկ ունեցած է Հայոց Եկեղեցին։ Այս առումով Հայ Եկեղեցւոյ անդամները իրենց անձնական հաւատքը պէտք է քննեն, իրենց եկեղեցիին ուսուցումներուն լոյսին տակ։ Այս պահուն գիտնան, թէ Հայ Եկեղեցւոյ եռամեծար վարդապետները անցեալին դառնալով եկեղեցւոյ սիւները, արդէն իսկ հաստատած են Աւետարանական ուսուցումներ, որոնց որպէս հետեւանք քարեղէն տաճարները դարձած են Աստուծոյ Տան։ Հուսկ յայտնեց, թէ Ս. Հոգիին դէմ հայհոյել կը նշանակէ, մեր մէջէն արտաքսել Քրիստոնէական լոյս հաւատքի հետ առընչուած սուրբ ուսուցումները։ Երանի՜ այն հաւատացեալին, որ այդ ուսուցումով թրծուած է եւ Աստ-ւած իր մէջ կը գործէ ու այդ հաւատացեալը փոխանակ Ս. Հոգիին հայհոյող ըլլալու, կը դառնայ Ս. Հոգին գովաբանող անձ։
Խօսքերուս աւարտին՝ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելական հիմքերու պաշտպանը որակած եմ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հաւատքին որպէս պատասխան յայտնուած Սուրբ Էջմիածինը եւ այս առթիւ հաւատացեալները հրաւիրած աղօթքի, որպէսզի անոնք եւս իրենց մաղթանքներուն մէջ յիշատակեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Ազգիս Վեհափառ Հայրապետը, նուիրապետական աթոռները եւ հոգեւորականները, որոնք Հայ Եկեղեցւոյ ճամբով կը ջանան ժողովուրդին փոխանցել մեր պապենական լոյս հաւատքը Քրիստոնէական։
ՀՈՒՍԿ ԲԱՆՔ
Արարողութեան ընթացքին արդէն իսկ հաւատացելոց աչքերուն մէջ կը շողար հաւատքի կայծը եւ որուն որպէս արդիւնք կը հաւատայի, թէ ներկայ ժողովուրդը զԱստուած փառաբանութեան հաւաքականութիւն էր. բան մը, որ ուժ ու կորով կը բերէր Հայ Եկեղեցիին։ Անոնք յաջորդիւ իրենց հիւանդներուն եւ ննջեցեալներուն համար աղօթք խնդրեցին եւ մի առ մի բոլորին խնդրանքները ներկայացուցինք Աստուծոյ։ Տէրը իրենց սրտերուն համաձայն թող հատուցանէ։
Եկեղեցական արարողութենէ յետոյ եւս առիթը ունեցայ տեսնելու, թէ հաւատացեալներ ուխտաւորաբար եկած էին ո՛չ միայն Թեղենիք գիւղէն, այլ՝ տարբեր շրջաններէ եւ նոյնիսկ Երեւանէն։ Հաւատացեալ մայրիկներ, առանց նկատի ունենալու տարիքի հարցը, փութացած էին հեռաւոր գիւղ մը աղօթելու եւ Տիրոջ Խօսքը լսելու համար։ Այժմ աւելի լաւ կը հասկնամ, թէ պէս պէս փորձութիւններով դէմ յանդիման մնացած Հայք ինչպէս իրենց եկեղեցւոյ շուրջ կը փորձեն մնալ կանգուն եւ կը ջանան վերակազմակերպուիլ։ Պատասխանը կարծեմ, թէ յայտնի կը դառնայ նման հաւատացեալներու հաւատքի վառ ապրումներուն մէջ։
Թո՛ղ որ Աստուած անպակաս ընէ նման ոգիով աղօթող եւ Հայ Եկեղեցիին հաւատարմօրէն փարած հաւատացեալները, որոնց խնդրանքին ընդառաջ մեր եկեղեցին միշտ կանգուն մնայ. «Թագաւոր երկնաւոր, զԵկեղեցի քո անշարժ պահեա՛, եւ զերկրպագուս անուանդ քում պահեա՛ ի խաղաղութեան»: ԱՄԷՆ։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
3 մարտ 2022, հինգշաբթի
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին