ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻԱՄՍԵԱԿ «ԿԻԹԱՌ»Ի ՀԵՏՔԵՐՈՎ…

Մարտի 8-ն է այսօր՝ Համաշխարհային կանանց օր։ Հայաստանի մէջ այսօր կը սկսի կիներուն միամսեակը: Զանազան ձեռնարկներ, հրատարակութիւններու շնորհանդէսներ, ցուցահանդէսներ, կիներուն նուիրուած եւ անոնց մասնակցութեամբ բազմապիսի միջոցառումներ նախատեսուած են այս մէկ ամսուան ընթացքին: Նախորդ երկու տարիներու զսպուած կեանքը, համաճարակային սահմանափակումները այսօր կարծես աւելի քիչ կը խանգարեն նման հաւաքները. կազմակերպութիւններ, անհատներ շատ մը առիթներ նշելու հնարաւորութիւնը չեն փախցներ: Բացի այդ, կեանքը շատ զրկանքներու առջեւ կեցուց բոլորս, եւ մարդիկ զրկանքի զգացողութիւն այլեւս չեն ուզեր ունենալ, մանաւանդ, երբ կը տեսնեն ընթացող պատերազմներ եւ սպասելի ուրիշ վտանգներ:

Այսօրուայ աշխուժութիւնը կը վերաբերի մանաւանդ մշակութային ձեռնարկներուն, արուեստի, գիրի, գրականութեան աշխարհին: Մարդը բնազդով կարիք ունի գեղարուեստական շունչով համեմելու իր կեանքը, առօրեան:

Ուրախալի է, որ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ կազմակերպուող գեղարուեստական ձեռնարկներուն մէջ զգալի թիւ կը կազմեն արեւմտահայերէն գրականութեան, արուեստին, արեւմտահայ իրականութեան մէջ ապրող եւ արեւմտահայերէնով ստեղծագործող անձերուն նուիրուած ձեռնարկները:

Կանանց միամսեակին առթիւ Հայաստանի Գրատպութեան թանգարանին կազմակերպած առաջին ձեռնարկը խորհրդանշական կերպով նուիրուած էր արեւմտահայ կին գրողի մը՝ Ելպիս (Էլպիս) Կեսարացեանին, անոր հրատարակած «Նամականի առ ընթերցասէր հայուհիս» գիրքին եւ իր հիմնած «Կիթառ» պարբերականին, որ, ինչպէս ձեռնարկին կազմակերպիչները անգամ մը եւս յիշեցուցին, առաջին հայերէն կնոջական պարբերականն է:

«Կիթառ»ը, որուն ամբողջական խորագիրն էր «Կիթառ. Հանդէս ամսօրեայ հրաւէր հայկազն օրիորդաց», լոյս տեսած է 1862-1863 թուականներուն, Պոլիս, իսկ իր հիմնադիրին՝ Ելպիս Կեսարացեանին մասին ըսուեցաւ, որ Թուրքիոյ առաջին կին լրագրողը կը սեպուի:

Գրատպութեան թանգարանին մէջ պատշաճօրէն ցուցադրուած էր 160 տարի առաջ Պոլսոյ մէջ տպագրուած «Կիթառ»ի թիւերէն եւ Կեսարացեանի՝ 1879 թուականին լոյս ընծայած «Նամականի առ ընթերցասէր հայուհիս» գրքոյկը, ուր զետեղուած են գրողին խրատական եւ մանկավարժական յօդուածները։

«Կիթառի հետքերով» անուանուած այս ձեռնարկին ընթացքին ոգեկոչուեցաւ պոլսահայ կին գրագէտը եւ ներկայացուեցաւ Կեսարացեանի գործունէութիւնը, որ լի է ազգայինի պահպանման, կիներու դերին եւ կրթութեան ուղղուած հարցադրումներով, խորհուրդներով, որոնցմէ շատեր արդիական են մինչեւ այսօր։

Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայաստանի Ազգային գրադարանի, Գրատպութեան թանգարանի եւ «Հայուհիներու համահայկական միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան համագործակցութեամբ: Հիմնական զեկուցողը «Հայուհիներու համահայկական միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, «Հայուհիներու ակումբ»ի հիմնադիր Շողանէ Մելքոնեանն էր:

Ձեռնարկին ընթացքին ներկաներուն փոխանցուեցաւ այն միջավայրը, որուն մէջ գործած է Կեսարացեան: Անոր հրապարակած կնոջական պարբերականը լուրջ երեւոյթ էր իր ապրած օրերուն, երբ կը գործէր սուլթանական գրաքննութիւնը: Հանդէսին առաջնորդող յառաջաբանին մէջ Կեսարացեան հայ կիներն ու օրիորդները կ՚ուղղորդէ դէպի ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան կարեւորագոյն գաղափարները, կը տեղեկացնէ, որ կիները իրաւունք ունին «ազգը յուզող խնդիրներուն» եւ «բացուած բանավէճերուն» շուրջ հրապարակայնօրէն տեսակէտներ ու միտքեր արտայայտելու եւ զանոնք այդ քաջութեան կը մղէ: Կեսարացեան կ՚արտայայտէր այդնպիսի համարձակ միտքեր, որոնք յեղափոխական շունչ կը պարունակէին: Գրողը կը ստեղծագործէր գրական զանազան ժանրերով, կը գրէր խոհագրութիւններ, բանաստեղծութիւններ, վճռաբանութեան նշանակութիւն պարունակող իմաստուն միտքեր:

«Կիթառ»ի առաջին թիւը լոյս տեսած է հետեւեալ խմբագրականով.

«...Ահա սոյն երջանկառիթ ժամանակիս մէջ՝ որ ամէնքը չեն դադրիր Ազգին նպաստաւորելու մասին իրենց եռանդը արդիւնաւորել, մեր ալ ընկերասիրական իղձը շարժելով՝ կը սպասեմ Հայրենի տանս շինութեան փոքր ինչ ձեռնտուութիւն ընելու համար, սոյն սոսկ գործի մը ձեռնամուխ ըլլալ, որոյն պաշտօնը թէպէտ ծանր է, բայց երբ ընկերակցացս յառաջադիմուն սատարելու փափաքը սիրտս կը զգայ, կը հարկադրէ զիս յօժարելու:

«Այսու դիտմամբ յանձն առած եմ այս ԿԻԹԱՌ անուն ամսաթերթին հրատարակման գործադիր լինիլ, որով ոչ թէ մեր փանաքի գրիչը ի հրապարակ հանել կը ցանկամք, այլ մեր սիրելի ընկերակցաց սրտից քաջալերութիւն եւ խրախոյս տալ, որ զօրանան ուսման եւ կրթութեան մէջ:

«Հանդէսիս նիւթերը պիտի ըլլան Օրիորդաց դաստիարակութիւն, բարոյական եւ բնասիրական յօդուածներ, Հայրենասիրութեան յորդորանք, Ազգային երգեր, պատմութիւն, ոտանաւորներ եւ առակներ:

«Սոյն անուամբ պատշաճ սեպած եմ կոչել, որ Կիթառը իւր մեղմ եղանակաւ պիտի հնչէ ուսումնասէր Տիկնանց եւ Օրիորդաց փափուկ զգացմանց Ազգասիրութեան եւ ուսման սէրը, կրթութիւն, քաղաքավարութիւն եւ համարձակութիւն հանդերձ պարկեշտութեամբ, արթնութիւն շահաւոր գործերու մէջ եւ ժիրութեամբ փոյթ ունենալ օրիորդաց անշուք վիճակը կրթութեան գեղեցիկ ձիրքերով բարեզարդելու: Եւ թէ՝ Կիթառիս լարերը քաջ ներդաշնակութիւն չունենան այլ հայրենի եւ Ազգուն սէր հնչելու համար գուցէ ախորժելի ընծայի ընկերակցացս»:

1862, ՕԳՈՍՏՈՍ 1, ԹԻՒ 1

Ելպիս Կեսարացեան ծնած է 1830 թուականին, Պոլսոյ Պէշիկթաշ թաղին մէջ: Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կ՚աշխատի կիներու դաստիարակութեան համար եւ անհրաժեշտ կը համարէ հաւաքականութեան զարգացման համար կիներու ազատութիւնը։

Կրթութիւնը ստացած է Օրթագիւղի եւ Պէշիկթաշի հայկական վարժարաններուն մէջ։

1872 թուականին ուսուցչութեամբ զբաղած է Մաքրուհեաց վարժարանին մէջ։ Աշխատակցած է պոլսահայ մամուլին։

«Կիթառ» պարբերականին մէջ ստորագրած է Ե. Կ. Տ. Հայուհի անունով: Թերթը լոյս կը տեսնէ ընդամէնը եօթ ամիս եւ կը դադրի՝ նիւթական դժուարութիւններու պատճառով։

«Կիթառ»ի առաջին իսկ ամսագիրին մէջ Ելպիս Կեսարացեան կնոջ իրաւունքներուն վերաբերեալ չորս յօդուած կը հրապարակէ. «Ուղերձ երիտասարդ կանանց», «Ծառայութիւն հասարակութեան», «Հայրենասիրութեան ոգի» եւ «Իրաւունքներ ունենալը յանդգնութիւն չէ» խորագրերով: Նախանցեալ դարուն ապրած եւ գործած այս խմբագիր գրողին անձնական կեանքին մասին գրեթէ ոչինչ յայտնի է, միայն ծանօթ է, որ այնուհետեւ ան շուրջ տասնհինգ տարի հեռացած է գրական հրապարակէն եւ 1879 թուականին լոյս ընծայած է «Նամականի առ ընթերցասէր հայուհիս» գրքոյկին, ուր զետեղուած են անոր խրատական եւ մանկավարժական յօդուածները։

Մահացած է 1911 թուականին, Աղեքսանդրիա, 80 տարեկան հասակին:

Խորհրդանշական է, որ կիներու միամսեակը մշակութային կարեւոր օճախներէն մէկուն մէջ արեւմտահայ գրողով, արեւմտահայերէն թերթով եւ արեւմտահայերէն գիրքով սկսելու ջանք գործի դրուած է, եւ Հայաստանի լայն հասարակութեան գրեթէ անծանօթ կին անուն մը վայելուչ կերպով ներկայացուած է:

ՆԱՄԱԿԱՆԻ ԱՌ ԸՆԹԵՐՑԱՍԷՐ ՀԱՅՈՒՀԻՍ

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Երբ պարապոյ ժամերս կը զբաղէցնէի մեր սեռին կարեւոր պիտոյից վրայ, խորհրդածութիւններս ըստ կարի ի գիր առնելով, նոյն միջոցին բարեկամուհիներէս մէկը ինձ ներկայացաւ, եւ մեր տեսակցութենէն ետեւ հետաքրքրութիւն յայտնեց ներկայ գործոցս վրայ եւ ես իբր զբօսանք գրածս իրեն յանձնեցի, զոր կարդալով խիստ համակրութիւն յայտնեց հանդերձ շնորհակալութեամբ։

Հետեւեալ օրը մէկ քանի ընթերցասէր ընկերներ իւր հետ մեզ այցելութեան պատիւ շնորհելով, խնդրեցին որ եթէ կը հաճինք՝ մեր գրութիւններէն նուիրել իրենց կարդալու, եւ անոնց խնդիրը կատարելով մեծ փափաք յայտնեցին մեր աշխատութեանց հաւաքածոյ մը կազմելով իբր հաճելի նուէր մը ընծայել ընթերցասէր Հայուհեաց։

Ուստի յոյս զգալով՝ իրենց սիրուն եռանդը գրաւոր աշխատութեան մէջ արծարծելու դիտմամբ յանձն առի մէկ քանի խորհրդածութիւններէս հաւաքելով Նամականիս կազմելով յուսալով որ՝ ոչ թէ իբր քաղցր դաշնակաց ձայն հեշտալի է լսել, այլ իբր հովուական սրինգ մը իւր պարզ եղանակաւ կրնայ լսելի ըլլալ ոմանց։

Նամականիս կը պարունակէ ընկերուհեաց դիմակցաբար գրաւոր բանախօսութիւնք, մայրերու դաստիարակութիւն, հայրենասիրութեան եւ ընկերասիրութեան յօդուածք եւ ոտանաւորք։

Եթէ սոյն փոքր աշխատութիւնս ընդունելութիւն գտնելով ընկերուհիներէս՝ ինձ պատասխանողներ գտնուին, իղձս վարձատրուած համարելով խրախոյս պիտի զգամ դարձեալ ըստ կարի աշխատութիւն նուիրել ի նպաստ ազնիւ ընկերակցացս։

ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԾՆՈՂԱՑ

Յայտնի է որ ազգի մը բարոյական կեանքը իւր մանկտիներէն կը ծնանի, որ ազգային բուրաստանին շքեղութեան ապագայ յոյսը կը պարունակեն. սակայն զանոնք օրինաւորապէս դարմանելու ամենափափուկ պաշտօնը քաջ մշակներու կարօտ է, որք են Ծնողք եւ Դաստիարակներ։ Այժմ դաստիարակաց շատերը քաջակիրթ անձինք են, եւ գիտեն ազգասիրաբար աշխատիլ իրենց նուիրական պաշտօնին մէջ. բայց ասոնք երկրորդական կը սեպուին, այլ ծնողք են առաջին եւ գլխաւոր մշակներ՝ որոց գլխաւորաբար կարօտ է մանկանց օրինաւոր կրթութիւն կամ դաստիարակութիւնը։

Ուստի ցաւալի յիշատակ է որ խիստ հազուագիւտ են նոյն անժխտելի պարտքը եւ իրաւունքը ճանչցող ծնողքներ՝ զի շատերը ոչ իրենց բարձր կոչումն կը զգան, եւ ոչ զաւակունք խնամելու պարտ ու պատշաճ օրէնքը, այլ անբանօրէն միայն անոնց անձին վրայ կը հսկեն՝ կենսական մասին անփոյթ գտնուելով։ Տգիտական ախտին մէջ գտնուող ծնողք, մանաւանդ մայրեր՝ ոչ իրենց անձը թշուառացուցած են, այլ իրենց քստմնելի ախտը ընդհանրից տարափոխիկ եւ մահառիթ է։

Ապուշ եւ տգէտ մայրերուն խնամքին յանձնուած մանկունք կենաց առաջին վայրկեանէն թշուառութիւն գրկած են, եւ սննդարար կաթին հետ ունին ճաշակել մահաբեր թոյնը, զի իրենց հսկող պահապաններ մտաւոր տեսութենէ կոյր ըլլալով՝ կեանքերնին վտանգներու կ՚ենթարկեն, ոգեպահիկ սնունդը ծնողաց ձեռքէն կը սպասեն. եթէ անկարող ըլլան նուիրել, անոնց կեանքը աղէտից եւ թշուառութեանց յաջորդութիւն կը դառնան, սովամահ կամ կենսապահ ջրոյն կարօտ կը տառապին։ Ոմանք առանց ղեկի նաւերու նման բնութեան բռնաշունչ հողմերու խաղալիք եղած, ոմանք խորհրդականութենէ զուրկ անբաններ դարձած, ոմանք մարդակերպ հրէշներ ընդհանրից վնասակար թոյներ ժայթքող, որք մեծագոյն մասամբ անդաստիարակութեան բերմունք են, եւ մարդկային ընկերութեան մէջ ճարակող ախտեր։

Զի չեն օգներ ազգային բարոյական անդաստանները բարեզարդել արտաքին բազմահմուտ դարմաններ, եթէ երկիրը կոշտացեալ եւ պարարտ զօրութիւն չունի. եթէ տերեւափայլ շառաւիղք առ վայր մի պըճ-նեալ երեւին, անյոյս են արգասաւորութենէ՝ երբ արմատը ապականեալ եւ փտեալ ըլլայ։

Մանկանց դաստիարակներէ ստացած կրթութիւնները չեն կրնար այնչափ արդիւնաւոր ըլլալ՝ եթէ նախակրթութեան սկզբունքներ ծնողաց ընդունած չըլլան. չօգնէր բարոյականութեան մասնաւոր եւ արտաքին դարմանը, եթէ անկիրթ ծնողաց անբարոյականութեան թոյնը ծաւալի սրտին մէջ. արտաքին հրահանգներ կը նմանին այն սերմունքներու՝ ոմանք յապառաժի, ոմանք աւազներու, ոմանք ոտից կոխ եղած, եթէ ընդունակութեան նախապատրաստութիւն չունենան։

Ծնողք միայն կրնան ըլլալ բարոյականութեան հեղինակ մանկանց, զի անոնց գաղափարը դեռ չընդարձակած հեռաւոր առարկայից վրայ նախնական գաղափարը մօրմէն կ՚ընդունին. ինչպէս կակուղ նիւթի վրայ դրոշմած նկարը՝ զի նուրբ ըմբռնումն ենթակային հետ հետզհետէ տարրանալով հաստատ եւ արմատական կ՚ըլլայ. անոնց իւր մերձաւոր առարկայն նողաց օրինակը ըլլալով զօրաւոր է քան արտաքին եւ հեռաւոր պատճառներ. խօսքերը շուտ լսելի կ՚ըլլան անոնց փափուկ լսելեաց, բարուց նկարագիրը կը դրոշմուի կակուղ ընդունակութեանց վրայ։

Ապա բախտին յանձնուած է մանկանց երջանկութիւնը՝ զի եթէ ծնողք բարեկիրթ անձինք ըլլան, իրենց բարոյական կեանքը ապահովեալ է. իսկ եթէ անկիրթ եւ մոլի, ապերջանիկ եւ թշուառ են։ Բայց երբեմն որդիք ծնողաց բնութեան հակառակ վարք կ՚ունենան, բայց այն տեսակ դէպքեր բացառութիւնք կը սեպուին, եւ ընդհանրութեան վրայ պէտք է խորհրդածել։

Նախ գլխաւոր կանոն է տղայոց բնութեան համեմատ դաստիարակութիւն տալ, եւ հակառակը բնաւին ապարդիւն եւ վնասակար է. բժշկաց ջանքերը անօգուտ եւ կասկածելի են՝ եթէ բնութիւնը չճանչնայ եւ ըստ այնմ դարմանէ։ Մայրեր լաւ տեղեակ են որդւոց բնութեան, եւ այս մասին դաստիարակներէ աւելի կրնան յաջող միջոցներ գործածել, եթէ արթնութեամբ դիտեն անոնց բնական յատկութիւնք կամ պակասութիւնքը։

Ծնողական պարտքը չճանչցող տգէտ մայրեր պարտական կ՚ըլլան իրենց նուիրական պաշտօնին, զի իրենց պարտքը այնպէս չէ՝ ինչպէս վարձկանը իւր տիրոջ ստացուածոց վրայ հսկելու պարտքը, այլ իբրեւ տէր եւ միանգամայն պահապան են իրենց խնամոց յանձնուած անհատից, եւ սոյն մեծ իրաւունքը ճանչնալով, ոգւով չափ ճգնիլ պարտին որդւոց ապագայն բարեկազմելու։

Կրթութիւնը մի եւ նոյն կանոնով ամէն մանկանց համար արդիւնաւոր չի կրար ըլլալ, մինչեւ ամէն մէկուն բնութեան համեմատ կանոն չգործածուին, ինչպէս ամէն արհեստ իր յարմար գործիքներով կը գործածուի, ապա թէ ո՛չ նիւթը կը խանգարուի եւ աշխատողին ջանքը արդիւնաւոր չի կրնար ըլլալ։

Ոմանք չափազանց խստութիւնը կրթութեան կանոն կը կարծեն, ոմանք բոլորովին անհոգ թոյլտուութիւն կու տան, եւ աւելի անպատեհ է անկանոն սէրը։ Ասոնք յոռի սանձեր են տղայոց՝ որք բնութիւնը ընդվզել կու տան ուղիղ ընթացքէն։ Նուագարանին լարերը երբ ուժգին պրկուին՝ կը պրծին եւ կ՚ելլեն շարքէն, իսկ եթէ բոլորովին թոյլ՝ եղանակին քաղցրութիւնը կը կորուսանեն, այլ, քաջ հնչեցնելու համար պէտք է չափաւոր դիրքը պահել։

Խստութիւնը անասնական վարժութիւն է հակառակ մարդկային բարուց. քանի որ մարդս խորհրդաւոր էակ է, եւ կրնայ զգալ իր պակասութիւնը, եւ միտքը անձին կառավար է։ Տղայն իւր փոքր հասակէն բնականաբար կրնայ ճանչնալ չարը, բարին, այլ բարեաց ընտրութեան մասին դեռ անզօր է առանց հրահանգ ընդունելու, ըստ որում ծնողք խստութեամբ չարեաց հետ բարի յատկութիւնները խլելու տեղ՝ պէտք է մտաւոր զօրութիւնը ծաղկեցնել ջանան՝ որով ինքնայօժար կարենան բարին ընտրել։ Եթէ տղայոց բնութիւնը խիստ ալ ըլլայ՝ դարձեալ անկանոն խստութիւնը չի կրնան ուղղել. երկաթը շէնքի չի գար հարիւրաւոր հարուածներով, եւ չարաչար գործածելով, մինչեւ որ կերպաւորող բովը չմտնէ։

Ծնողք լաւ գիտնալու են, որ տղայոց բնութիւնը ո՞ր կողմին աւելի հակամիտ է. եթէ մեղմ եւ հանդարտ է. անոնց փոքր պակասութեան համար խստութիւն գործածելը յոռի կանոն է, զի երկիւղը կը յաղթահարէ մտաւոր զօրութիւնը, այսպիսեաց պէտք է օրինաւոր ազատութիւն տալ բարեաց յատկութիւնքը ծաղկելու չափ եւ օրինօք խզել պակասութիւնքը։ Շատ մայրեր կան որ մանկանց պակասութիւնը տեսնելով՝ մոլեգին կերպով կը յարձակին վրան, անվայել խօսքերով եւ այլանդակ ձեւերով իբր խելագար կը պատժեն զայն, ոչ թէ անոր պակասութիւնը ուղղելու դիտմամբ, այլ իրենց կիրքը յագեցնելու։ Բարկասիրտ ծնողաց լաւ պատուէր կրնայ ըլլալ իմաստնոյն մէկ խորհրդաւոր խօսքը, որ ըսած է իւր աշակերտին մէկ պակասութիւնը տեսնելով, «Կը պատժէի զքեզ, եթէ բարկացած չըլլայի». նոյն կերպ այլանդակ պատիժէն տղան ի՞նչ կը ստանայ, այլ միայն կատաղութեան գաղափար, եւ նոյն պատիժէն վախենալով ակամայ կը դադրի, այլ աւելի կը յառաջանայ ծածուկ չարութեանց մէջ։ Զի ճանաչողութիւնը դեռ պակաս է, եւ ուղղութեան շարժիչ պատճառը միայն երկիւղն է, ո՛չ թէ բարիին բաղձանքը։

Անկանոն խստութեան տակ մեծցող տղայք՝ մեղկ վատ, պակասաւոր կ՚ըլլան միշտ, եւ գործունէութենէ զուրկ. երեւակայութիւննին կը խանգարի, անտեղի ահեր կը տիրեն վրան, ամէն շարժմանը մէջ բռնութիւնը արգելք կը կարծեն, մտաւոր կարողութիւնները տկարանալով կ՚ըլլան անարի, թոյլ, երկչոտ եւայլն։

Ծնողաց խիստ վայելուչ է կատարեալ վարքով որդւոց հեղինակ ըլլալ, անխօս շարժումներով անգամ զսպել անոնց պակասութիւնը, տղայական անպատեհութիւնքը միայն հայեցուածքով մը կշտամբել, եթէ զանոնք իրենց իշխանութենէ ընդվզել տուած չեն. առասպելական խօսքերն՝ զանոնք սաստելու համար գործածելու տեղ՝ պէտք է տալ բարոյական խրատներ, մանկանց քով իրենց պատիւը պահել, «Զի տէրութիւն այլակերպ ծառայութիւն է», եւ գաւազանին ձգած ձեռքը դէպի անոնց ուղղութեան շարժել։ Չենք ուզեր ըսել, թէ առանց խստութիւն բանեցնելու ազատութիւն տալ պէտք է տղոց սանձարձակ կիրքերը աճեցնելու, զի անոնց բոլորովին ազատութիւն տալը բարոյական օրինաց դէմ ապստամբեցնել է, այլ ծայրայեղութենէ զգուշանալով, ուղղութեան երեսանակը իրենց ձեռքը ըլլալու է, զի երբ բնութիւնը ընդվզելով խոտորնակ դիմէ, իսկոյն նուաճելով ուղղութեան դարձնել պէտք է, եւ օրինաւոր ընթացից մէջ ազատ թողուլ զանոնք. եւ այս կը պատկանի նաեւ դաստիարակաց։

Ահա անկանոն խստութենէ պակաս վնասակար չէ, մայրերու անհոգ թոյլտուութիւնը, որք զաւակաց ապագային վրայ բոլորովին անփոյթ՝ չեն զգար թէ ի՞նչ կանոն գործածել պէտք է. այնպիսեաց որդիք անթիկունք նաւերու կը նմանին, որք բնական պակասութեանց անսաստ ալիքներու մէջ՝ չունին ապահովութեան միջոց, տակաւին չար եւ բարին ընտրելու անկարող, ծնողաց միջնորդութեան անհրաժեշտ կարօտ են, ուրկէ զուրկ՝ բարոյական կեանքը վտանգի մէջ է։ Նաեւ այս պակասութիւնը ծնողական պարտուց դէմ մեծ անգթութիւն է. միթէ հովիւը արժանի՞ է իւր պաշտօնին՝ երբոր իրեն յանձնուած հօտը անհոգութեամբ գայլերու ճարակ թողելով ցրուէ եւ կորուսանէ։ Նոյնպէս այգեգործը անփոյթ ըլլալով իւր պաշտօնին՝ այգւոյն աւերման եւ խանգարման պատճառ ըլլայ։ Միթէ խիստ ցաւալի չէ՞, երբ դեռաբոյս տունկեր ապագայ արդեանց զուրկ՝ տարաժամ կորստեան ենթակայ կ՚ըլլան։ Նոյնպէս շատ ապուշ մայրեր չեն զգար, եւ չեն ուզեր նոյն կարեւոր միջոցներու վրայ խորհիլ, չեն ճանչնար նոյն սրբազան պարտքը, թէ ազգային բուրաստանը իրենց ժրաջան աշխատութեաց կարօտ է, բարոյականութեան անթառամելի ծաղկօք չքաւորելու։ Այն տեսակ ծնողք արժանի չեն ծնողական յարգանաց, եւ ապագային չպիտի կարենան վայելել իրենց աշխատութեանց արդիւնքը։ Շատ անգամ յանիրաւի գանգատներ կ՚ընեն իրանց ծանր վիճակէն՝ մինչդեռ մեծագոյն մասամբ տառապանքնին տգիտութեամբ կը ծանրացնեն, որով թէ՛ իրենց եւ թէ զաւակաց վիճակը կը դառնացնեն։

Նաեւ մոլար ծայրայեղութիւն է անկանոն սէրը. շատերը գիտեն որ տղայոց ամէն հաճոյքները եւ պահանջքերը նուիրելը սիրոյ գործ է. չեն գիտեր որ մեղրի տեղ թոյն կու տան անոնց, չուզելով զայրացնել եւ զրկել իրենց բաղձանքէն. նաեւ չեն զգար որ ամէն կամակատարութիւնքն ապագայի մէջ մէյմէկ գլխաւոր մոլութիւն կը դառնան, եւ արմատական ըլլալով անբուժելի կ՚ըլլան։ Սէրը բնութիւն մը ունի սիրելեաց պակասութիւնը չզգալու կամ ներելու՝ զոր բարոյապէս յարգել պէտք է. բայց ծնողաց սէրը աւելի շլացուցիչ ըլլալով մանկանց պակասութիւնը չեն կրնար գիտել, չեն ուզեր անոնց ապստամբութիւնը զսպել եւ կրթելու մասին նեղել, այլ չափազանց փայփայանքներ կ՚ընեն, գլխաւոր պակասութիւնք տղայական բնութիւն կարծելով զանց կ՚առնեն զսպել, չեն գիտեր չար մասը խլել անոնց սրտէն. տղայական վէճերու մէջ միշտ իրենցը պաշտպանելով եւ արդարացնելով՝ ուրիշի տղայք յայտնի կը պարսաւեն եւ յանցանքը այլոց վրայ ձգել կ՚ուզեն՝ իրենցը հրեշտակ կարծելով. ասանկով կ՚ըլլան տղայք գոռոզ, անզուսպ, ապստամբ, կամապաշտ եւ այլն։ Միթէ գանգատելու իրաւունք ունի՞ն այնպէս մայրեր, երբ իրենց որդիք յանդուգն, մոլի ըլլան եւ արհամարհեն զիրենք, քանի որ ազատութեան առիթ իրենք տուած են։ Խիստ ցաւակցութեամբ յիշել արժանի է, զի շատ անգամ երբ կը տեսնենք անբարոյական անձինք՝ այսինքն մոլի ստահակներ, չարագործներ, որք անզուսպ եւ անպատկառ գրեթէ բանականութենէ եւ խորհրդականութենէ զուրկ, բանաւոր գազաններ դարձած են, ընկերականութեան նախատինք եւ ընտանեաց մեծ վիշտ եւ անտանելի ցաւեր են. ասոնք՝ կը համարձակիմ ըսել թէ մեծագոյն մասամբ անկիրթ ծնողաց յոռի վարժութիւններէ յառաջ եկած են (ասոր հետ բացառութիւնք ալ չեն ժխտուիր). թող գիտնան իրենց պարտքը չճանչցող ապուշ մայրեր. որ ծանր պատասխանատուութեան ենթակայ են, արդարութեան եւ իրաւանց դէմ մեղանչելով. անհոգութեամբ ազգային գանձերը կը վատնեն, ապականեալ արմատներ են ազգին բուրաստանին մէջ՝ որոց շառաւիղները չեն կրնար բարեբեր արդիւնք նուիրել եւ գեղեցիկ չքաւորութիւն ընծայել։ Նոյն անզգայացեալ թշուառները զաւակաց ապագայն չխորհելով եւ ընկերականութեան վնասը չյիշելէ զատ՝ իրենց վերաբերեալ վիշտերը անգամ յիշել կարող չեն. չեն զգար՝ որ մոլի եւ ստահակ որդիք ի՞նչ աստիճան քստմնելի ցաւեր կը պատճառեն ծնողաց սրտից, որովհետեւ խիստ ծանր է մարդկանց՝ երբ կրած աշխատութեանը արդիւնքէն ի դերեւ ելնէ, դառն է մշակին՝ որ քրտնաթոր աշխատութեանց սերմունքները առանց ծաղկելու, որդերու եւ կարիճներու ճարակ ըլլան. ոչ դոյզն վարանք եւ տրտմութեան առիթ է մարդոց՝ երբ երջանկութեան գանձերը անդունդներու մէջ կորսուին եւ չքանան։ Սակայն ծնողաց վիշտերը այնպէս չէ, այլ յուսաբեր երկիրները բարեաց արդիւնքէն զուրկ՝ կեղեքիչ փուշերով կը խայթեն իրենց սիրտերը. դառն թոյներ են անոնց հանապազօրեայ ճաշակը դառնացնելու։ Մոլի եւ չար զաւակունք ճիշդ կը նմանին առասպելեալ հրէշին, որ վայրկեան առ վայրկեան չարութեանց մէջ բքանալով, ծնողքնին կուր կու տան իրենց որկորին. անկէ ո՛չ պակաս աղէտալի են այն թշուառ մայրերու վիճակը՝ որ բիւրաւոր տանջանքներով դատապարտեալ կը տանջուին չար ծննդոց ձեռքէն։

Բայց որչափ մեծ եւ սքանչելի փառք է ծնողաց, երբ իրենց սերունդները բարեմասնութեան պէս պէս ընտիր ձիրքերով զարգանան, բարեկրթութեան եւ առաքինութեան յատկութիւնք ստանան, բարի համբաւ ազգին եւ ընտանեաց շուք եւ բերկրանք ընծայեն, երախտագիտական ոգւով ծնողաց յարգ եւ պատիւ նուիրեն, եւ ընկերականութեան օգտակար ադամներ ըլլան, որ իրենց ծանր աշխատութիւններու փոխարէն մի միայն վարձ եւ հատուցումն կրնայ համարուիլ։

Ուստի, ո՛վ ծնողքներ, մանաւանդ մայրե՛ր, լաւ գիտցէք որ ձեր պաշտօնը խիստ մեծ եւ նուիրական է, դուք պատասխանատու էք Նախախնամութեան եւ մարդկային ընկերութեան, ձեզ յանձնուած աւանդները մեծ եւ թանկագին են, ազգ մը իւր ապագայն կը սպասէ ձեզմէ, երջանկութեան անմահ գանձերուն պահապան եւ գործադրիչ ընտրուած էք. սարսափելի ոճիր կը համարուի ձեզ՝ եթէ անհոգութեամբ մսխէք եւ ցրուէք զանոնք, ազգային տունը յաւիտեան աղքատ վիճակի ենթարկելու պատճառ ըլլալով։ Դուք մշակուած երկիրներ ըլլալու էք, ուր բարի հունտեր ընդունակ ըլլան եւ բեղմնաւորին բազում արդիւնքներով, նաեւ բեղմնաւոր արմատներ՝ ազգային քմաց քաղցր խէժ եւ պալասան ընծայելու. իբրեւ քաջ մշակներ ջանացէք ձեր որդւոց միտքը լաւ մշակել, բարոյական սերմանց լաւ ընդունակ ընելու։ Առաքինութեան կամ բարոյականութեան կենդանի օրինակ դուք միայն կրնաք ըլլալ զաւակաց, ինչպէս աշակերտ մը իւր սորվելիք արհեստին օրինակը նախ պէտք է տեսնել։ Մարդկանց, մանաւանդ տղայոց միտքը այնչափ չի զօրեր վերացական առարկաներու վրայ կայանալ, որչափ անոր ենթակայներուն վրայ. զոր օրինակ, գիտութիւնը ինքնին անորոշ կամ անտեսանելի է՝ եթէ անոր զօրութիւնը գիտուն անձանց վրայ չերեւայ. նոյնպէս խոհեմութիւն, վեհանձնութիւն եւ ամէն բարեմասնութիւններ՝ որոց յատկութիւնը կատարեալ անձանց վրայ կը յայտնուին։

Տղայք բարի ունակութիւն ստանալու համար տեսնելու եւ լսելու կարօտ են. ահա տեսանելի առարկայն ըլլալու է ծնողաց օրինակը, լսելու եւ ըմբռնելու համար կրթութեան կամ վարժութեան դասեր, զորս եթէ արթնութեամբ եւ խնամօք ընծայեն մանկանց, ծնողք լիապէս արդիւնքները կրնան վայելել, արժանաւոր վարձ ընդունիլ եւ ազատ մնալ խղճէ։

Ուստի նոյն քաղցր յոյսը կը նուիրէ օրիորդաց դաստիարակութիւնը, պարգեւելով մեզ ապագայ յոյսեր նախնի վիշտերու դարման. ժիրութեամբ ջանալ պէտք է տգիտական ախտը՝ ժառանգական չընել դեռահաս սերնդոց, մերժելով ապականեալ արմատներէ նոյն փափուկ ճիւղերը՝ կրթարաններու մէջ ընտիր դաստիարակներու խնամքներով դարմանել, եւ ազգային բուրաստանը փայլեցնել շուքով՝ որ միայն է մխիթարութիւն եւ դարման Ազգին։

*

«Բազմիցս վկայ եղած ենք, որ իրենց սեփական ամուսիններէն աւելի մտածող, հեռատես ու գործունեայ կանայք կան, որոնք սակայն, դիտաւորեալ ստիպուած կ՚ըլլան հլու հնազանդ գլուխ խոնարհիլ իրենց ամուսիններուն առջեւ, քանի որ ընդունուած է, որ կինը պէտք է ըլլայ լեզուն կտրուած թռչուն, իսկ տղամարդը, ագռաւ ալ ըլլայ, պէտք է երգէ, ղեկավարէ:

«Այո՛, իմ սիրելի քոյրիկ, ասոնք են իմ մտածմունքներս: Մեր գաղափարները պէտք է ծաղկին: Տաղանդաւոր անհատները սա պէտք է համարեն իրենց պարտականութիւնը, պէտք է թմրած գլուխները գործի անցնին, զգօնութեամբ տէր կանգնին իրենց ազատութեան, կրթուին: Պէտք է ընթերցասրահներ, խորհուրդներ կազմեն ու ստանան այնպիսի գիտելիքներ, որոնք հասնին մարդոց սրտերուն, մտքերուն, որ զարգացման համար քայլ ընենք, մարդ համարուինք…»:

Կանայք նման են սոխակներուն, որոնք փոխանակ ինքնուրոյն երգելու, թոյլ կու տան ագռաւ-տղամարդոց հպարտութենէն փքանալու:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2022