ԿԱՆԱՆՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ

Մեր թուականէն 114 տարիներ առաջ՝ 8 մարտ 1908 թուականին Նիւ Եորքի մէջ աւելի քան 15 հազար կիներ ցոյց կազմակերպեցին, պահանջելով իրաւունքներու հաւասարութիւն տղամարդու եւ կնոջ միջեւ: Այս բողոքի ցոյցին արդիւնքով 1909 թուականին Ընկերվարական կուսակցութեան կողմէ փետրուարի 28-ը հաստատուեցաւ աշխատաւոր Կանանց միջազգային օր:

Տարի մը ետք՝ 1910 թուականին Կանանց միջազգային օրը նշելու գաղափարը ընդունեց նաեւ Եւրոպայի շատ մը Ընկերվար կուսակցութիւններ. աւելի քան 10 պետութիւններ որոշում կայացուցին նշելու այդ տօնը եւ այսպիսով 1911 թուականի մարտի 19-ին եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ կատարուեցաւ անդրանիկ նշումը: Ռուսաստանի մէջ կատարուեցան նաեւ բողոքի ցոյցեր, որոնց հետեւանքով Նիքոլայ Բ. ցարը հրաժարեցաւ գահէն եւ կանանց շնորհուեցաւ ընտրութեան իրաւունք: Եւ այսպէս հերթով գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ ծայր առին բողոքի ցոյցեր, կանանց իրաւունքը պաշտպանելու համար:

Այս բոլորին լոյսին տակ Եւրոպա կ՚ընդունի որպէս կանանց իրաւունք հաստատող առաջին պետութիւն, սակայն ինչպէս Խրիմեան Հայրիկ «Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց» աշխատութեան 7-րդ յօդուածին մէջ կ՚ըսէ. «կնոջ ազատութիւնը շատ հին իրաւունք է. Եւրոպիոյ իրաւագիտութիւնը զայն նոր չի հնարեց, այլ միայն վերանորոգեց»:

Կնոջ ազատութեան իրաւունքը առաջին անգամ կը տեսնենք Աստուածաշունչի մէջ. երբ կու գան Ռեբեկան կնութեան առնելու՝ ծնողքը կը դիմէ Ռեբեկայի հաւանութեան ու կարծիքին: Այլ խօսքով իրաւունքը կու տան Ռեբեկային ուզելու կամ չուզելու, որ կնոջ ազատութեան լաւագոյն խորհրդանիշն է:

Ժամանակի ընթացքին, սակայն, այդ ազատութիւնը կաշկանդուելով խեղդուեցաւ. 1800-ական թուականներուն, ինչու չէ նաեւ մինչեւ օրս, շատ մը տեղեր կը տիրէր այն գաղափարը, թէ տղան իր հարսնացուն ընտրելու իրաւունք ունի, իսկ հարսնացուն պարտի յօժարամիտ ըլլալ ու հաւանութիւն տալ: Հակառակ անոր որ Խրիմեան Հայրիկ կը կարեւորէ ծնողքին որոշումի դերը, միւս կողմէ շեշտ կը դնէ կնոջ ընտրելու ազատութեան վրայ:

Երանի՜ աշխարհը առիթը ունենար կարդալու մեր Զարթօնքի շրջանի հեղինակները, տեսնելու համար, թէ երբ աշխարհը լուռ կը մնար կնոջ իրաւունքներուն մասին, մեր հեղինակները ինչպիսի՜ համարձակութեամբ կը բարձրաձայնէին. անոնցմէ մէկն է օրինակ Նար-Դոս, որ 1887-ին իր գրած «Քնքուշ լարեր» աշխատութեան մէջ կ՚ըսէ. «Տգիտութեան խաւարի մէջ խարխափող ազգերն են, որոնք բոլորովին չեն հասկնար կնոջ մեծ արժանաւորութիւնը եւ փոխանակ զինք աստուածացնելու, զինք պաշտելով, անոր ամենէն ստոր անասունի տեղ կը դնեն եւ կը ծառայեցնեն»:

Նար-Դոս շարունակելով իր ազատախոհ խօսքերը կ՚ըսէ. «Կինն ու տղամարդ իրար հաւասար են, ինչպէս որ այս ձեռքիս մատները հաւասար են միւս ձեռքիս մատներուն հետ. չի կայ աւելի բացայայտ ապացոյց, քան այն՝ որ առանց կնոջ տղամարդը գոյութիւն չի կըր-նար ունենալ եւ առանց տղամարդու՝ կինը»:

Հայ ժողովուրդին կնոջ իրաւունքները կարեւորելը կարելի է փաստել այն իրողութեամբ, որ ա՛յն ժամանակ երբ աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ կնոջ խօսքի ազատութիւն տրուած չէր, Պոլսոյ մէջ Սիպիլի, Զապէլ Եսայեանի նման կիները հանդէս կու գային հրապարակախօսութիւններով, պարտադրելով որ բոլորը լսենք զիրենք՝ ինչպէս պիտի լսէին տղամարդ այլ հրապարակախօս մը, որ ըսելիք ու փոխանցելիք ունի հանդիսատեսներուն:

Եթէ լաւապէս ուսումնասիրէք պոլսահայ գրականութիւնը, պիտի տեսնենք, որ անոնց նիւթերուն մեծամասնութիւնը կնոջ իրաւունքներու շուրջ գրուած են. անոնք մեծաւ մասամբ ներկայացուցած են իրենց ընտանիքներուն զոհը դարձած հայ աղջիկներ, աղքատութեան ու կեանքի անադրարութեան պատճառով մոլորուող եւ տանջուող կիներ:

Եւրոպայի Ընկերվար կուսակցութեան անդամներէն շա՜տ տարիներ առաջ այդ նոյն ազատամտութեան ու իրաւունքներուն մասին խօսած է Սրբուհի Տիւսաբ, իսկ «Սիրանոյշ», «Սայտա» եւ «Արաքսիա կամ Վարժուհին» աշխատութեան մէջ: Այս վերջին գիրքը գրողը նուիրած է իր աղջկան, գրելով. «Դո՛ւստր իմ, քեզ կը նուիրեմ այս երրորդ եւ գուցէ վերջին երկս։ Տղայ հասակէդ սկսէ սիրել զաշխատութիւն՝ իբրեւ զԱրաքսիա, լուսաւորէ՛ միտքդ միշտ, կոխէ՛ աներկիւղ ընկերական նախապաշարմանց վրայ, լե՛ր արդար սկզբանց պաշտպան, բարեկամ տկարին, թշնամի գոռոզին։ Լե՛ր դու, քեզմով եւ սեռիդ արժանապատուութեամբը. բարոյապէս գոյն մ՚ունեցիր, ու այդ գոյնով ապրէ՛ մինչ ցվերջ կենացդ։ Յայնժամ պիտի գտնեմ ի քեզ փոխարինութիւնն այն անբաւ մայրենի սիրոյն զոր ձօնած եմ քեզ, զաւակդ իմ սիրելի»:

Յստակ է որ «կոխէ՛ աներկիւղ ընկերական նախապաշարմանց վրայ» խօսքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ կնոջ ազատութեան ու իրաւունքներու կաշկանդումը. «գոյն ունեցիր»ը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ անձնական կարծիքն ու զօրաւոր անհատականութիւնը, որ զուրկ է ուրիշի միջամտութենէն: Սրբուհի Տիւսաբ կը պարտադրէ կնոջ ազատութիւնը, ըսելով՝ «մարդս ազատութիւն եւ սէր վայելելու համար ծնած է»:

Երանի գտնուի սերունդ մը, որ նման մեծերու գործերը անգլերէն, ֆրանսերէն լեզուներու թարգմանելով աշխարհին ցոյց տայ հայ ժողովուրդի կնոջ իրաւունքներուն նկատմամբ ունեցած կեցուածքները՝ մեր թուականէն հարիւր, երկու հարիւր տարիներ առաջ նոյնիսկ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՅՈՎՍԷՓ ՕՐԲԷԼԻ
(1887-1961)

Մեր թուականէն 135 տարիներ առաջ՝ 8 մարտ 1887-ին Վրաստանի Քութայիս քաղաքին մէջ ծնած է արեւելագէտ, հնագէտ եւ հասարակական գործիչ Յովսէփ Օրբէլի:

Օրբէլի իր կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիզի մէջ, ուսուցիչ ունենալով յայտնի արեւելագէտ եւ բիւզանդագէտ դասատուներ. դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք հետեւած է արեւլագիտական կաճառի կազմակերպած հայ, վրաց եւ պարսկական բաժիններու դասընթացքներուն: Փոքր տարիքէն յատուկ սէր ունեցած է գիտական նիւթերու շուրջ. երիտասարդ տարիքէն հայկական, վրացական եւ իսլամական արուեստին վերաբերող գիտական յօդուածներ գրած է Պրոքհաուզի եւ Եֆրոնի կողմէ հրատարակուող հանրագիտարանի համար: Մասնակցած է արեւելագէտ Նիկողայոս Մառի կազմակերպած Անիի պեղումներուն եւ հնագիտական այլ արշաւախումբերու:

Օրբէլի 1911 թուականին պաշտօն ստանձնած է Փեթերսպուրկի համալսարանի հայ-վրացական բանասիրութեան ամպիոնէն ներս: Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի յանձնառութեամբ ուսումնասիրած է հայերու եւ քիւրտերու բարբառն ու բանահիւսութիւնները, Վանի, Էրզրումի, Պայազիտի, Աղթամարի եւ Բագաւանի ճարտարապետական յուշարձանները եւ հնագիտական պեղումներ կատարած Հայկաբերդի եւ այլ շրջաններու մէջ:

Օրբէլի 1914 թուականին ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնած է Փեթերսպուրկի արեւելագիտական կաճառէն ներս, դասաւանդելով հնագիտութիւն, հայոց պատմութիւն, հայկական արձանագրութիւններու գիտութիւն եւ քիւրտերէն լեզու: Որոշ ժամանակ ուսուցչութեան պաշտօն վարած է նաեւ Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանէն ներս:

Օրբէլի գլխաւորած է Հայաստանի եւ Վրաստանի հնագիտութեան ու արուեստի բաժինը: Շնորհիւ անոր՝ բազմաթիւ մշակութային արժէք ներկայացնող իրեր ու արձանագրութիւններ պետութեան սեփականութիւնը դառնալով՝ դարձած են թանգարանային հարստութիւններ։

Հնագէտը 1937-1939 թուականներուն եղած է Գիտութեան ակադեմիայի նիւթական մշակոյթի պատմութեան կաճառի տնօրէն, իսկ 1938-1943 թուականներուն Գիտութեան ակադեմիայի հայկական ճիւղի նախագահ: Եղած է Լեզուաբանութեան կաճառի աւագ գիտաշխատող: Օրբէլի գիտական յօդուածներ տպած է ռուսերէն «Քրիստոնեայ Արեւելք» հանդէսին մէջ, ուր մեծապէս անդրադարձած է Անիի արձանագրութիւններուն: Խմբագրած է «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպի բնագիրն ու ռուսերէն թարգմանութիւնը եւ կատարած հսկայական ուսումնասիրութիւն՝ «Հայկական հերոսական էպոսը» խորագրով: Օրբէլի ուսումնասիրած եւ ռուսերէնի թարգմանած է հայ միջնադարեան առակներ, ինչպէս նաեւ Եղիշէի, Ղազար Փարպեցիի, Թովմա Արծրունիի եւ այլոց գործերէն շատ մը գոհարներ:

Շնորհիւ իր վաստակին՝ Օրբէլի արժանացած է «Լինին»ի, «Աշխատանքային կարմիր դրօշ» շքանշաններուն, ինչպէս նաեւ Պարսկաստանի «Գիտական ծառայութեան համար» տրուող շքանշանին:

Ցայսօր Ծաղկաձորի մէջ կը գործէ Օրբէլի եղբայրներու թանգարանը. Օրբէլիի անունով Երեւանի մէջ կոչուած է փողոց. Փեթերսպուրկի պետական համալսարանի փիլիսոփայութեան կաճառի բակին մէջ տեղադրուած է մեծ հնագէտին յուշարձանը:

Օրբէլի մահացած է 2 փետրուար, 1961 թուականին, Լենինկրատի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2022