ՅԱՒԱԿՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՖՐԱՆՍԱ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Փարիզ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի հրաւէրին ընդառաջ։ Էլիզէի պալատին մէջ այսօր նախատեսուած է Փաշինեանի եւ Մաքրոնի հանդիպումը։ Այդ տեսակցութենէն վերջ անոնք կը մասնակցին նաեւ Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Յաւակնութիւններ՝ Հայաստան-Ֆրանսա» խորագրեալ համաժողովին։ Երկու երկիրներու կառավարութիւններու անդամները այս ձեռնարկին ժամանակ կը քննարկեն զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացման եւ ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր։ Վարչապետ Փաշինեան եւ նախագահ Մաքրոն այս համաժողովին ժամանակ ալ հանդէս կու գան ելոյթներով։
Փարիզի շփումներուն ընթացքին Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեան, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան, կարգ մը փոխ-նախարարներ եւ այլ պաշտօնատարներ։ Տեղւոյն վրայ պատուիրակութեան կը միանայ նաեւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան։