ԱՆՀՈԳ ՕՐԵՐԷՆ

Բարեւ՝ ես եմ…

Մայրս չի հաւատար, թէ ես ինքզինքս կը յիշեմ տակաւին օրօրոցէն, սակայն փաստ է՝ յստակ է: Իսկ փաստողն ո՞վ է... անշուշտ ես՝ միմիայն ես: Այո՛, կը յիշեմ: Կարգ մը բաներ յստակ կը յիշեմ: Պատմե՞մ... Թող մնայ ուրիշ անգամուան:

Անհոգ օրերուն անգամ ես հոգ կ՚ընէի: Հին ու նոր հոգերս դնելով կշիռքի նժարին՝ հասկցայ, որ անոնք արժանի են անհոգ կոչուելու տիտղոսին:

Այդ անհոգ օրերուն էր, որ իմ կեանքի միակ հերոսը մոսկուայաբնակ իմ մօրեղբայրն էր, որ ամէն անգամ մեզի կ՚այցելէր տուրմերով, պէս-պէս շաքարներով, անուշեղէններով լի ճամպրուկներով: Եւ ամէն անգամ ես մեր բաժինը դատարկելէ վերջ ծածուկ կ՚անցնէի բարեկամներու բաժնին: Եւ երբեք չէի խոստովաներ, թէ այդ գող կատուն ես եմ, թէպէտ բոլորի համար յստակ էր:

Այդ անհոգ օրերուն էր, որ սէրը կ՚ամփոփուէր միայն իմ մայրիկի ու տատիկի գիրկին մէջ: Աշխարհի մէջ ինծի համար ամենէն ապահով ու տաքուկ անկիւնն էր, ուր կը սիրէի մնալ երկա՜ր, երկար: Իսկ աշխարհի ամենաբարձր կէտերը իմ պապիկի ուսերն էին, այստեղ ալ կը սիրէի յաճախակի ըլլալ:

Իմ լացի, տխրութեան միակ պատճառը սիրելի զարմուհիներէս ու զարմիկէս բաժնուիլն էր. ես Արցախ, անոնք Ռուսաստան:

Իսկ իմ ամենաչար թշնամին փոքր եղբայրս էր: Ան ամէն անգամ անհանգստութիւն կը պատճառէր ինծի՝ մազս կը քաշէր, կը խտղտէր, լեզու կը հանէր, երեսը կը ծամածռէր..., իսկ մայրիկիս ներկայութեամբ վարպետօրէն ամբողջ մեղքը կը բարդէր իմ վրայ:

Իմ միակ ցաւը ծունկերուս վէրքն էր:

Միակ բանը որ կը կոտրուէր, իմ խաղալիքն էր, քիչիկ մըն ալ սիրտս՝ սակայն դատարկ բաներէ:

Հրաժեշտի նշանակութիւնն ալ մինչեւ յաջորդ հանդիպումն էր՝ զարմուհիներուս հետ:

Ահաւասիկ:

Մանկապարտէզ երթալու փոխարէն ամբողջ օրը մեր տան պարտէզի մէջ կամ փողոցը կը խաղայինք: Իմ ընկեր-ընկերուհիներէն ոչ մէկը մանկապարտէզ կը յաճախէր: Ինչո՞ւ: Սա հարցումը մինչեւ այսօր մայրիկիս չեմ տուած՝ չեմ գիտեր: Պատերազմը տակաւին նոր աւարտած էր, բայց մանկապարտէզները կը գործէին:

Անուշ, Մանուշ, Վարդանուշ՝ այս երեք քոյրերը իմ մանկութեան ընկերուհիներն էին: Ես առաւել շատ կը սիրէի խաղալ Նունէի ու Անահիտի հետ, սակայն անոնց հետ յաճախ կ՚ընդհարուէինք: Գժտութեան օրերուն ես զանոնք շատ կը կարօտնայի եւ կ՚ուզէի օր առաջ հաշտութիւն կնքել, սակայն ամէն բան իմ ձեռքին չէր կամ ինձմէ կախեալ չէր:

Խաղալի՞ք... մէկ-երկու հատ, ան ալ պզտիկ: Մեր խաղալիքները ցեխն էր, քարը, տատիկիս ծածկոցը ու մեր պզտիկցած հագուստները: Ընկերուհիներով կը պատրաստէինք տեսակ-տեսակ ճաշեր՝ խոտերով ապուր, ցեխով քէօֆթէ, խաղողի թուփով ու քարերով՝ տոլմայ: Քարերը որպէս հողկիթ ալ կը գործածէինք: Ցեխով հաց ու կարկանդակ ալ կը պատրաստէինք: Իսկ տատիկիս կլորած ծածկոցէն մեծ տիկնիկ մը կ՚ունենայինք: Թեւերուն ու ոտքերուն մէջ կերպասներ լեցնելով մեր տիկնիկը իրական մարդու տեսք կը ստանար: Ի դէպ՝ ան մազեր ալ ունէր. ծածկոցի ծայրերէն ելած հատիկ-հատիկ թելերը կը ծառայէին որպէս վարսեր: Մեր ինքնաշէն տիկնիկի մազերը օր մը կը հիւսէինք, օր մը կը ժողվէինք՝ մէկ պոչիկ, երկու պոչիկ...

Այո, մեր խոհանոցը գունեղ էր ու բազմազան: Այն ինչ որ այդ օրը կ՚ուզէինք ուտել՝ ցեխէն կը պատրաստէինք: Իսկ մեր տան խոհանոցը, սառնարանը՝ դատարկ էր: Հացը անպակաս էր: Ահա թէ ինչու մայրս կ՚ըսէր՝ հացը շատ, հաւկիթը քիչ: Կը յիշեմ, օր մը քանի մը հաւկիթ պատրաստեց, մենք ալ հինգ երեխայ էինք՝ Արեւիկ, Արայիկ, Գոհար, Գայան, Դաւիթ: Ըսաւ՝ հացը շատ, հաւկիթը քիչ. որպէսզի կշտանայինք, ամէննուս բաւէր:

Միս հազուագիւտ կը գնէինք, շատ սուղ էր: Օր մը մեծ մօրմէս այնքան շատ խնդրեցի, որպէսզի քէօֆթէ պատրաստէ, որ իրարու պնակներու մէջ չնայինք, թէ արդեօք որո՞ւնը շատ եղաւ, որունը՝ քիչ… Աղուոր մը ուտենք եւ կշտանանք: Իմ սիրելի տատիկն ու պապիկը իմ խնդրանքը չմերժեցին: Պապիկս այնքան շատ միս բերաւ, որ ուզածիս չափ կերայ: Այսօր ջերմութեամբ կը յիշեմ այդ կիսակուշտ օրերը՝ պարուրուած անյատակ սիրով, ջերմութեամբ ու հոգատարութեամբ:

Մինչեւ այսօր ես կը փորձեմ աւելին ուտել: Արջի պէս կը պահեստաւորեմ ուտելիքը իմ ստամոքսի մէջ՝ քանի մը ժամ շատ դիմանալու համար՝ թերեւս յաջորդ պահուն կարելի է չկարենանք ուտելիք գտնել: Իմ այս ենթագիտակցօրէն ինքնապահովագրման բնազդը կու գայ ո՛չ միայն մութ ու ցուրտ, պակաս տարիներէն, այլեւ՝ շատ հայոց պատմութիւն կարդալէ, մասնաւորապէս 1915 թուականին վերաբերեալ վէպեր: Իսկ ես բաւական շատ գիրք կարդացած եմ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի...

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2022