Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ
Հայկական ֆութպոլի արդի առասպելական աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան որոշած է այլեւս դադրեցնել իր մասնակցութիւնը Հայաստանի ազգային հաւաքականին։ Հենրիխ Մխիթարեան թէեւ կը շարունակէ մեծ ֆութպոլի մէջ մնալ, Իտալիոյ մէջ հանդէս գալ, սակայն, ըստ երեւոյթին, տարիքի բերումով, այլեւս բաւ համարած է հայկական ընտրանիին մաս կազմելը։
Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ կը ծրագրուի հրաժեշտի մրցում մը կազմակերպել Հենրիխ Մխիթարեանի համար, սակայն, ժամկէտները տակաւին յստակեցուած չեն։
Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2022