ԺՊԻՏՆ ՈՒ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ...

Կեանքը լի է դժուարութիւններով։ Փորձութիւններու ժամանակաշրջան մը, արդարեւ, որ մարդ արարածը ինչ-ինչ վիճակներու դէմ յանդիման կը թողու։ Յաճախ փորձաքարերու առջեւ յայտնուելով՝ մարդ կը պարտաւորուի նախ ինքզինքը կառավարելու, յետոյ ալ ուրիշներու հետ յարաբերութիւնները այնպէս մը կարգի դնելու, որ կամքէն անկախ յաւելեալ դժուարութիւններու չմատնուի։ Դիրքաւորուելու հարցեր, որոնք մէկ կողմէ շատ ընթացիկ ու մակերեսային կը թուին, բայց, միւս կողմէ կ՚ունենան կեանքի փիլիսոփայութեան խորք մը։

«Ժպիտն ու լռութիւնը երկու հզօր զէնքեր են։ Ժպիտը բազմաթիւ հարցեր կը լուծէ, իսկ լռութիւնը բազմաթիւներէն կը փրկէ»:

Որքան դիպուկ է Փաուլօ Քոէլոյի խօսքը...

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2022