ԵՐԴՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ երդուելով պաշտօնապէս ձեռնարկեց իր առաքելութեան։ Ըստ Սահմանադրութեան, նորընտիր նախագահին երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ձեւաչափին մէջ։ Խորհրդարանի յատուկ նիստը գումարուեցաւ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ, հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Ներկայ էին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, ամբողջ պետական աւագանին, օտարերկրեայ դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։
Որպէս Հանրապետութեան 5-րդ նախագահ՝ Վահագն Խաչատուրեան երդումը կատարեց՝ ձեռքը դնելով Հայաստանի Սահմանադրութեան մայր օրինակին եւ Մատենադարանի հնագոյն՝ Վեհամօր Աւետարանին վրայ։
Երդուելէ վերջ ունեցած ելոյթի ընթացքին Վահագն Խաչատուրեան ըսաւ. «Այսօր մեզի առաւել քան երբեւէ հարկաւոր են իմաստութիւն, վստահութիւն, կայունութիւն եւ միաբանութիւն»։ Ան շեշտեց, որ անաչառութեամբ պիտի կատարէ իր պաշտօնը՝ բացառապէս հաշուի առնելով պետական ու համազգային շահերը։
Երդման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետը, որ մանրամասն անդրադարձաւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Խօսք ուղղելով նորընտիր նախագահին՝ ան ըսաւ. «Ձեր պաշտօնակալութիւնը տեղի կ՚ունենայ դժուարին ժամանակահատուածի մէջ, երբ հայրենիքը վիրաւոր է Արցախի պատերազմի աղէտալի կորուստներով, յաղթահարուած չեն պատերազմի յառաջ բերած մարտահրաւէրները, տակաւին գերութեան մէջ են կամ անյայտ կորսուած մեր զաւակները, պարբերաբար կը շարունակուին ոտնձգութիւնները հայրենեաց սահմաններուն դէմ, մեր ազգային կեանքէ ներս կը տիրէ անհանդուրժողութեան մթնոլորտ եւ հասարակութենէն ներս առկայ բեւեռացումը կը շարունակէ խռովել մեր ժողովուրդի հոգին։ Ամէնքս այսօր մտահոգ ենք մեր երկրի իրավիճակով, երերուն է խաղաղութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ծառացած են արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հակամարտութեան արդար ու խաղաղ կարգաւորման հարցերը եւ ապագան անորոշութիւններ կը պարունակէ»։ Ուստի, Վեհափառ Հայրապետը հրամայական նկատեց հայրենիքի ապագային շուրջ համընդհանուր տեսլականի մը ձեւաւորումը։ «Պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ ազգային մեր միաբանութիւնը եւ հայրենաշէն ձեռքբերումները խարսխուած են ամենատարբեր փորձութիւններու դիմակայած մեր նուիրական արժէքներուն վրայ։ Մեր ազգային արժեհամակարգը այսօր ալ պէտք է սրբութեամբ պահպանուի՝ իբրեւ մեր ինքնութեան եւ գոյութեան գրաւականը ու դիտարկուի ամուր հիմքը մեր ժողովուրդի զաւակներու կրթութեան ու դաստիարակութեան։ Չափազանց մեծ է այն գինը, որ մենք վճարած ենք անկախ պետականութեան վերակերտման ճանապարհին։ Հայրապետական մեր յորդորը կ՚ուղղենք համայն մեր ժողովուրդին՝ ապրինք եւ առաջնորդուինք գիտակցութեամբ, թէ հայրենիքը Աստուծոյ պարգեւն է մեր ազգին եւ իւրաքանչիւրս կոչուած ենք ամէն յանձնառութիւն ստանձնելու ջանք ու եռանդ չխնայելու՝ յանուն մեր երկրի հզօրութեան եւ պայծառութեան», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ արարողութեան ընթացքին աղօթք բարձրացուց, որպէսզի Աստուած իմաստութիւն շնորհէ նորընտիր նախագահին։ Ելոյթէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց Վահագն Խաչատուրեանը ու իր Սուրբ եւ օծեալ Աջը դրաւ անոր գլխուն վրայ։
Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երդման արարողութեան օրը յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ուր իր խոնարհումը բերաւ նահատակներու յիշատակին առջեւ։ Բաց աստի, նախագահական ապարանքին մէջ Վահագն Խաչատուրեան երէկ ընդունեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։