ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ ԸՍՏ ԷՐԻԽ ՖՐՈՄԻ
«Սիրելու արուեստ» խորագրեալ իր գիրքով բազմաթիւներու ծանօթ հոգեբոյժ, փիլիսոփայ եւ ընկերաբան Էրիխ Ֆրոմ ուշագրաւ միտքեր արտայայտած է ժամանակակից մարդու երջանկութեան մասին։ Այսպէս, Էրիխ Ֆրոմի անհատականութեան տեսութիւնը իսկապէս մարդոց կու տայ երջանիկ ըլլալու պարզ բանաձեւը։ Նախ պէտք է սկսիլ հետեւեալ հարցումէն, թէ ի՞նչ է անհատականութիւնը։
Անձի մը իւրայատկութիւնը, զանազանող յատկանիշն է անհատականութիւնը, որ կը ձեւաւորուի ընկերային ազդեցութիւններու արդիւնքին անհատական փորձառութեամբ։ Մշտական անհատականութիւնը արդիւնքն է անհատի ֆիզիքական կառուցուածքի եւ ժառանգական երեւոյթներու, ինչպէս նաեւ ընկերային ու մշակութային ազդեցութիւններու։ Այսինքն՝ թէ՛ միջավայրը եւ թէ ծինական գործօնները կ՚ազդեն անհատականութեան ձեւաւորման վրայ։ Ըստ Ֆրոմի, այստեղ կը ծագի հոգեբանութեան հիմնարար խնդիրը. անհատը ինչպէ՞ս կը վերաբերի հասարակութեան, աշխարհին եւ ինքն իրեն։ Այս տեսանկիւնէն, ըստ Ֆրոմի, անհատի եւ շրջակայ միջավայրի յարաբերութիւնները երկու ուղղութիւն ունին։ Առաջինը՝ շփում, իսկ երկրորդը՝ ձուլում։
Շփումը երբեմն կրնայ վերածուիլ սիմպիոթիք յարաբերութիւններու, օտարացման ու ապակառուցողականութեան։ Սիմպիոթիք յարաբերութիւնները կրնանք արտայայտել՝ որպէս ընկերային յարաբերութիւններու մէջ անհատի ուրիշներէ կախուածութիւնը։ Այստեղ անհատը չ՚ուզեր առանձին մնալ, այլ կը փորձէ ազատիլ «անապահովութենէ»՝ վիրաւորելով մէկ այլ անձը կամ հակառակը՝ փառաբանելով ուրիշները։ Այս բոլորը ընկերային վերաբերմունքի կրաւորական ու աշխոյժ ձեւերն են, որոնք հիմնուած են օտարացումի եւ ապակառուցողականութեան նման վարքագիծերու։ Օտարացումով անհատը կը փորձէ սեփական միջավայրը դարձնել անվտանգ, իսկ ապակառուցողականութեամբ՝ ակրեսիւութեամբ կը ջանայ ապացուցանել իր ուժը եւ «վստահութիւն» ապահովել։ Միւս կողմէ, ձուլումը կը ներառէ անհատներու «առարկայ»ները ինչպէս հաւաքելը եւ զանոնք ինչպէս օգտագործելը։ Այս բոլորը ունին իրենց տեսակները։
Շուկայավարում. Այս տեսակի մարդիկ կը ցուցադրեն շուկայավարման վարքագիծ՝ յաջող ըլլալու համար։ Անոնք կու տան «ես ձեր փափաքածին նման եմ» պատգամը։ Այսպիսի մարդիկ դժգոհ են իրենցմէ, միշտ կը փորձեն զիրենք այլ կերպով մատուցել՝ շրջապատէն յարգանքի արժանանալու համար, իսկ իրենց ներաշխարհին մէջ միշտ կ՚ունենան հակասութիւններ։
Արտադրող. Այս վարքը անհատականութեան դրական միակ տեսակն է։ Այս տեսակի մարդիկ կ՚արտադրեն եւ կը սիրեն ուրիշները, ստեղծագործ են, անոնց համար ամենակարեւոր նպատակը իրենց նմաններու համար կառուցողական եւ օգտակար ըլլալն է։
Ընկալող. Այստեղ մարդիկ միշտ օգնութիւն կ՚ակնկալեն իրենց շրջապատէն։ Անոնք ամէն ինչ կ՚ակնկալեն ուրիշներէն։
Շահագործող. Անոնք իրենց կեանքը կառուցած են ուրիշները շահագործելու միտումին վրայ։ Աւելին՝ անոնք կը կարծեն, որ սա իրենց իրաւունքն է։
Ամբարող. Այստեղ անհատը «հաւաքող» է։ Արտաքին աշխարհը վտանգաւոր է անոր համար։ Հակուած է կուտակել եւ թաքցնել ամէն ինչ՝ զինք պաշտպանելու համար։
Կը յուսամ, թէ օր մը բոլորս կրնանք ունենալ «արտադրող» անհատականութիւն։ Մենք կրնանք երջանիկ ըլլալ՝ ընդունելով ու սիրելով մեր «ես»ը եւ զայն ճիշդ արտացոլելով մեր շրջապատին, բաժնելով մեր արտադրածները ուրիշներուն հետ։ Այլ մարդոց օգնելը, անոնց հանգստութեան կամ երջանկութեան համար արտադրելը, օգնութեան ձեռք երկարելը անձ մը երջանիկ կը դարձնէ։ Այսպէսով ընկերային աջակցութիւնը բաւարարուածութեան զգացում կը յառաջացնէ։ Արդարեւ, հնարաւորինս արդիւնաբերող ըլլալը եւ արտադրածը ուրիշներու հետ բաժնելը դրական կառուցուածքի ամենակարեւոր տարրերէն մին է երջանկութեան։
Սիրենք մենք մեզ, մարդիկը, ձգտինք նպատակի մը եւ բաժնենք այն, ինչ որ կ՚արտադրենք։ Իւրաքանչիւր անձ ունի բարեմասնութիւն մը, որ կրնայ ընել առաւելագոյնը եւ այսպէսով կրնայ օգտակար ըլլալ ոեւէ մէկուն, նոյնիսկ իր լայն շրջապատին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024