ԳԻՇԵՐ ՄԸ ԳՐԻԳՈՐ ՍԻՒՆԻԻ ՀԵՏ
Երգահան եւ երաժիշտ Գրիգոր Սիւնիի (ծնած 10 սեպտեմբեր 1876, Գետաբեկ, Ելիզավետպոլի գաւառ, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն) կեանքին եւ գործունէութեան մէկ շրջանը կապուած է Պոլսոյ: 100 տարի առաջ՝ 1922-1923 թուականներուն, ան գործած է Պոլիս, ուրկէ ընտանիքով 1923 թուականին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, հաստատուելով Ֆիլատելֆիա։ Հոս ալ 1939 թուականին կնքած է իր մահկանացուն, բայց մինչ այդ զանազան քաղաքներու մէջ՝ Կովկասէն սկսեալ, անուանի երգահանը, ձգած է իր գործունէութեան հետքերը՝ յատկապէս կեդրոնանալով ժողովրդական երաժշտութեան վրայ։
Բուն անունով՝ Գրիգոր Միրզայեան, ծնած է երաժիշտներու ընտանիքի մը մէջ։ Սիւնիքի իշխանական տոհմի՝ Սիւնիներու հետ հեռաւոր կապին պատճառով, յետագային Սիւնի մականունը որդեգրած է։ 1878 թուականին ընտանիքով փոխադրուած է Շուշի, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ 1891 թուականին ուսանած է Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ եւ Քրիստափոր Քարա-Մուրզայի ու Կոմիտաս Վարդապետի ազդեցութեամբ՝ զբաղած է ժողովրդական երգերու հաւաքումով ու դաշնաւորումով։ 1895 թուականին աւարտելով ճեմարանը, Շուշիի մէջ երգչախումբ կազմակերպած եւ համերգ տուած է՝ բազմաձայնած ժողովրդական երգերով։
Նոյն տարին մեկնելով Սեն Փեթերսպուրկ, 1898-1904 թուականներու միջեւ ուսանած ու աւարտած է տեղւոյն երաժշտանոցը, ինչպէս նաեւ ղեկավարած է տեղւոյն հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբը։ Միաժամանակ, մշակած է հոգեւոր եւ ժողովրդական երգեր ու գրած՝ մեներգեր եւ բազմաձայն գործեր։
1905-1907 թուականներուն երաժշտութիւն դասաւանդած է Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցին մէջ եւ Հայոց Տրամաթիքական ընկերութեան միջոցով բեմադրած՝ իր «Արեգնազան» օփերան։ Նաեւ գրած է «Ասլի եւ Քարամ» երգախառն թատերախաղը։ Իր յետագայ ստեղծագործութիւնները գլխաւորաբար համերգային գործունէութեան նուիրուած են։
Երիտասարդ տարիքէն, Գրիգոր Սիւնի քաղաքական գործունէութեամբ զբաղած է։ Անդամակցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) եւ իր երաժշտական գործունէութիւնը նաեւ դրած է ի սպաս կուսակցութեան, յօրինելով ազգային-յեղափոխական երգեր։ Անոնց շարքին է կուսակցութեան քայլերգը՝ «Մշակ բանուոր»ը, որուն խօսքն ու երաժշտութիւնը, ինչպէս ծանօթ է՝ Գրիգոր Սիւնիին կը պատկանին։
1908 թուականին ցարական կառավարութեան կողմէ հալածանքի ենթարկուելով, Սիւնի մեկնած է արեւմտահայկական բնակավայրեր՝ հաստատուելով նախ Տրապիզոն եւ 1910 թուականին՝ Կարին, ուր մինչեւ 1914 թուականը դասաւանդած է Սանասարեան վարժարանին մէջ։ 1910 թուականին ձգած է կուսակցական շարքերը։ Այդ միջոցին շարունակած է հաւաքել ժողովրդական եղանակներ, զորս թեթեւօրէն ներդաշնակած եւ կատարած է իր երգչախումբերով, նպաստելով բազմաձայն երգեցողութեան տարածման։
1914-ին վերադառնալով Թիֆլիզ, Սիւնի շարունակած է իր կազմակերպչական եւ երաժշտական եռանդուն գործունէութիւնը մինչեւ 1922 թուականը, մինչ այդ՝ 1919-1920 թուականներուն ճամբորդած էր Իրան: Գրիգոր Սիւնիի աշխատութիւններուն մէկ մասը հրատարակուած է առանձին հատորներով, որոնցմէ են՝ «Հայ ժողովրդական երգեր»ը (1904), «Ժողովրդական տուերգեր եւ խմբերգեր»ը (1935), «Հայ երգ-փունջ», (տետր 1-4, Ֆիլատելֆիա, 1940-1947), «Հայ երաժշտութիւն» (հայերէն, անգլերէն, Երեւան, 2005), բայց հարկ է նշել, որ Սիւնիի ստեղծագործութիւնները տակաւին ամբողջովին հրատարակուած չեն:
Անոր Տրապիզոնի (մասամբ ալ՝ Պոլսոյ) շրջանին մասին ալ հետաքրքրական յուշ մը ունի ուսուցիչ, շարք մը գիրքերու հեղինակ Վարդան Գէորգեան: Այդ յուշը 1976 թուականին լոյս տեսած է «Քուլիս» հանդէսին մէջ: Տպագիր թերթէն անցեալի այդ հետաքրքրական պատումը կը թուայնացնենք եւ կը յանձնենք նորովի ընթերցանութեան: Անոր մէջ, իրաւ, հետաքրքրական մանրամասներ կան Գրիգոր Սիւնիի մասին:
ՀԻՆ ՅՈՒՇԵՐ
ՎԱՐԴԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Գրիգոր Սիւնի, բուն անունով Գրիզոր Միրզայեան, Oսմանեան Սահմանադրութենէ կարճ ժամանակ ետք Տրապիզոն ժամանող արուեստագէտներէն մին եղաւ: Իր համբաւը սակայն քիչ ատենէն տարածուեցաւ ամբողջ քաղաքին մէջ, ուր տուած մի քանի համերգներով դարձաւ ժողովրդական դէմք մը ոչ միայն հայերուս, այլ՝ քաղաքի ամենազգի բնակչութեան համար:
Տաղանդաւոր այս արուեստագէտը գիտէր երիտասարդութիւնը իրեն կապելու գաղտնիքը: Հաղորդական էր ու իրական կախարդ մը միանգամայն:
Իր հմայքը կը խորանար անով մանաւանդ, որ ան հեղինակն էր նաեւ «Մշակ բանուոր» քայլերգին:
Ոտանաւորը, որուն բառերն ու երգը ինք յօրինած էր նոյնպէս, հեռու էր քերթողական արուեստին պահանջած կատարելութենէն...
Բայց այդ երգը առաջին անգամ Կոստաքիի թատրոնին մէջ երգուեցաւ, դարձաւ որոտընդոստ ծափերու առարկայ: Տեղւոյն երիտասարդներէն կազմուած նուագախումբը (մեծ մասամբ ջութակահար), երգչախումբին հետ, Սիւնիի վարպետ ղեկավարութեամբ, տուաւ այս կտորը անթերիօրէն:
Ուստի ոչ ոք հետաքրքրուեցաւ ոտանաւորին գրական արժէքով: Մինչեւ այսօր ալ ոչ ոք կ՚անդրադառնայ ատոր, երբ պաշտօնական հանդէսներու մէջ կ՚երգուի ան ու երբ անոր հեղինակը շատոնց հեռացած է մեր աշխարհէն:
Ասիկա պարագան է նաեւ կարգ մը պաշտօնական քայլերգներու, որոնք քիչ բացառութեամբ, կը մնան գործը միջակ մարդոց:
Արդ, Գրիգոր Սիւնի, որոշ ժամանակ մը մնաց Տրապիզոն ու դարձաւ կուռքը երաժշտասէր երիտասարդներու եւ ընտանիքներու:
Այս գծով է, որ ան յետագային մեկնեցաւ մինչեւ Կարին, ուր տուաւ քանի մը համերգներ՝ արժանանալով խանդավառ ընդունելութեան:
Այդ օրերուն Կոմիտասի հետ Սիւնի հայ գեղջուկ եւ ժողովրդական երգերը զանգուածներուն ծանօթացնող մեծ դէմքը դարձաւ: Կոմիտաս այդ աշխատանքը տարաւ գլխաւորապէս Պոլսոյ մէջ, իսկ Սիւնի՝ ծովեզերեայ կարգ մը քաղաքներու եւ գաւառի մէկ շրջանին մէջ:
Հայ գեղջուկ երգը, որ մինչեւ 1908 թուականը նոր սերունդին եւ մեր մեծ զանգուածներուն գրեթէ անծանօթ էր, յանկարծ դարձաւ ի պատուի:
Յեղափոխական երգերը Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումով կ՚երգուէին ամէն կողմ:
Ունէինք նաեւ դպրոցական սահմանափակ երգեր, թարգմանութիւն կամ ինքնագիր, բայց ուրիշ էին հայ ֆոլքլորին մաս կազմող բուն իսկ ժողովրդական ստեղծագործութիւն հայ գեղջուկ երգերը, որոնք յանկարծ կը դառնային ուշադրութեան առարկայ: Քիչ թէ շատ երգելու շնորհ ունեցող ամէն երիտասարդի շրթներուն վրայ կը թրթռային անոնք, ու հոգիներու մէջ նոր խռովք մը կը բարձրանար, ի լուր հայ հանճարին անբաժան մասը եղող այս գանձերուն:
Մեծ եղաւ նպաստը ուրեմն Սիւնիին: Իր երկայն մազերով, թիթեռնիկ սեւ փողկապով, ան կ՚անցնէր քաղաքի գլխաւոր փողոցներէն, բոլորին հիացական ուշադրութեան առարկայ: Գրիգոր Սիւնիի՝ Տրապիզոն այցելած շրջանին, ես կը հրատարակէի «Պոնտոս» ամսագիրը:
Մամուլի հանդէպ բարձր էր արեւելահայերու տեսակէտը:
Առաւել՝ Սիւնի կը սիրէր տեսնել իր թափած աշխատանքին մասին արձագանգներ անոր մէջ…
Չեմ յիշեր ի՞նչ առթիւ եւ ո՞ւր եղաւ Սիւնիի հետ առաջին իմ հանդիպումս. միտքս է սակայն, որ երբ անդրանիկ համերգին համար տասնեօթնամեայ «Պոնտոս»ի խմբագրին տրամադրութեան տակ դրաւ Կոստաքիի թատրոնին առաջին օթեակը, ձեռնարկին պաշտօնական բացումէն առաջ ան եկաւ մինչեւ հոն, սեղմեց անոր ձեռքը ու ստացաւ անկէ համերգին զուգադիպող «Պոնտոս»ի 1910 մայիս 1-ի թիւը, որուն մէջ խմբագիրը քերթուած մը՝ «Բանուորուհիին երգը», ձօնած էր համերգի ղեկավարին:
Սիւնի սիրով ընդունեց թերթը, եւ ընդառաջելով զինք բեմ հրաւիրող ծափերուն՝ մեկնեցաւ: Այդ երեկոյ իրական յաղթանակ մը եղաւ Սիւնիի համերգը: Մէկ մարդու պէս սրահը լարուած կը հետեւէր վարպետին յայտագրին, որուն մէջ իր հեղինակութիւնները կը գրաւէին որոշ թիւեր:
Որոտընդոստ ծափեր, պիսեր ու դարձեալ ծափեր՝ ստեղծեցին արուեստագէտները նոր յափշտակութիւններու մղող առիթներ:
Նիւթականին չափ մեծ եղաւ նաեւ յաջողութիւնը ձեռնարկին, որ ամբողջ շաբաթներ դարձաւ խօսակցութեան առարկայ:
Ժողովուրդին պահանջին վրայ, կրկնուեցան այդ համերգները: Այն աստիճան յաջող էին անոնք, որ անոնց հրաւիրուած օտար հիւպատոսներ, թուրք կուսակալն ու պաշտօնական անձեր գովեստով կը խօսէին հայ երաժշտութեան մասին: Հայ թերթերու զուգահեռ թուրք եւ յոյն մամուլը եւս արձագանգը դարձաւ յաջող այդ համերգներուն ու գովեց մեծ երգահանը:
Եթէ չեմ սխալիր, Սիւնի հրաւէր ստացաւ եւրոպական մէկ քանի կարեւոր հեղինակներու ստեղծագործութիւնը սորվեցնել զինուորական նուագախումբին, որ միակն էր ծովեզերեայ այդ քաղաքին մէջ ու հանրային պարտէզին մէջ ձրի նուագահանդէսներ կը կազմակերպէր: Կ՚ըսէին, թէ իրեն թելադրուած էր նուագածութեան օրը հագնիլ զինուորական երաժիշտի պաշտօնական համազգեստ: Այս լրացումը անոր համար, որպէսզի դառնայ հասկնալի Սիւնիի վայելած ժողովրդականութիւնը մեր շրջանին մէջ:
Քաղաքի հայութիւնը հպարտ էր Սիւնիով, որուն մասին կը պատմուէին սակայն այլընդայլոյ զրոյցներ եւս:
Կ՚ըսէին, թէ Սիւնի քաջ մագնիսացնող մըն էր, ու ազատ գիշերներ, իրեն մտերիմ ընտանիքներու շրջանակին մէջ ան կը կատարէր մագնիսական քնէածութեան փորձեր:
Այդ օրերուն առասպելական կը թուէին այս բոլորը քաղաքին մէջ, որ կը մնար հեռու գիտութեան այս մարզին մէջ կատարուած նուաճումներէն:
Նոր լոյս տեսած էր Պոլսոյ մէջ Յովհաննէս Գազանճեանի «Մագնիսականութիւն եւ ոգեհարցութիւն» հատորը եւ բնիկ կիրասոնցի Խտշեանի նոյն նիւթին նուիրած գործը:
Արդ, 1910-ին Տրապիզոն եկաւ նաեւ վերջինը: Ան թռուցիկով մը հրաւիրեց հետաքրքրուողները ներկայ գտնուելու հրապարակային իր մագնիսական փորձերուն:
Չեմ զիտեր ինչո՞ւ, Սիւնի առաջին իսկ օրէն անբարեացակամ կեցուածք ցոյց տուաւ Խտշեանի հանդէպ: Նեղ շրջանակի մը հետ, որոնց մէջ ես եւ հօրաքրոջս տղան՝ Յովսէփ Մաթոսեան, ունեցանք այն տպաւորութիւնը, թէ յանձին Խտշեանի կը գտնուէինք բախտախնդրի մը ներկայութեան: Սիւնի մղեց մեզ, որ հրապարակային ելոյթով մը, դէմ արտայայտուէինք Խտշեանի փորձերուն: Այդպէս ալ ըրինք եւ յոյն Սեռասի եղբայրներու տպարանին մէջ տպագրեցինք թռուցիկ մը, ուր դէմ կը խօսէինք Խտշեանի ձեռնարկին լրջութեան ու կասկածի տակ կը դնէինք իր փորձերուն յաջողութիւնը:
Խտշեան վիրաւորուած՝ դիմեց դատարան: Ստացանք թերթին հասցէին եկած կոչնագիր, դատարան ներկայանալու: Այդ առթիւ է, որ գիշեր մը գացի Սիւնիի բնակարանը, խօսեցայ թռուցիկի ստեղծած գայթակղութեան մասին, եւ ուզեցի իր կարծիքը՝ մեր առնելիք քայլերուն նկատմամբ:
Փաստօրէն մեզ այս սխալ ելոյթին մղողը Սիւնին էր, որուն փորձ մագնիսացնող մը եղած ըլլալու համբաւը իրաւունք նկատած էինք, Խտշեանի ձեռնարկին լրջութիւնը կասկածի տակ դնելու համար:
Սիւնի լսելէ վերջ զիս, «մի մտահոգուիր,- ըսաւ,- քանի որ թռուցիկը ստորագրութիւն չունի ու ձեռագիրն ալ տպարանատիրոջ մօտ չի գտնուիր, ըսէք թէ կ՚անգիտանաք անոր հեղինակը»:
Ապա անցաւ սարէն ձորէն խօսակցութեանց: Համեղ թէյով մը պատուեց զիս: Խօսեցանք գրական եւ այլ զանազան հարցերու մասին եւ ուշ գիշերին երբ կը պատրաստուէի մեկնիլ, թոյլ չտուաւ որ հեռանամ: Կինը անկողին մըն ալ ինծի համար ձգեց ու գիշերեցի հոն:
Առտուն տեսայ հօրաքրոջս տղան, բացատրեցի ամէն ինչ ու ըրինք ինչպէս ըսած էր Սիւնի: Դատաւորին յայտնեցինք, որ թերթին մէջ մեր ստորագրութիւնը կրող՝ Խտշեանի դէմ յօդուած չկայ, իսկ մեր ստորագրութեամբ կամ թերթին անունով եթէ հրապարակի վրայ գրութիւն կայ, պատրաստ ենք ենթարկուելու օրէնքի տրամադրութեան:
Եւ որովհետեւ նման ոչինչ կար, մենք մնացինք զերծ պատիժէ, բայց Սեռասի եղբայրներուն համար, որոնց տպարանէն դուրս ելած էր թռուցիկը, նշանակուեցաւ փոքրիկ տուգանք մը: Այդպէս ալ փակուեցաւ այս զաւեշտական ու քիչ մը այպանելի ելոյթը, որուն իրական հեղինակը կը մնար Սիւնի, իսկ յանդուգն դերակատարները՝ մենք:
Առաջին աշխարհամարտէն վերջ Պոլիս, լսեցի որ Գրիգոր Սիւնի համերգներ կու տայ եւ կը գտնուի Շիշլիի կողմը համեստ բնակարանի մը մէջ, իր պարագաներով:
Երաժիշտ Ղազարոսեան, որ Ատանայի Կիլիկեան վարժարանին մէջ երգի դասեր ստանձնած էր ու լսեր էր, որ ծանօթ էի հայ նշանաւոր վարպետ երաժշտին, խնդրեց այցելութիւն մը տալ միասին անոր:
Գացինք: Սիւնի անակնկալի եկաւ զիս տեսնելով: Համբուրուեցանք. ներկայացուցի Ղազարոսեանը. խօսեցանք հինէն ու նորէն, Սիւնի խօսեցաւ խոստմնալից սերունդի մը մասին, որ Տրապիզոնի երիտասարդութիւնն էր, որմէ այնքան քաղցր ու ջերմ յիշատակներ էր պահած:
Բաժնուեցանք՝ կրկին տեսնուելու ցանկութեամբ: Բայց վերջինը պիտի ըլլար մեր տեսակցութիւնը:
Ես անցայ Ռումանիա, ուր լսեցի, թէ համերգներ տալու համար Միացեալ Նահանգներ գացած է ան: Երաժշտական մարզի վրայ իր նախաձեռնութիւնները մնացին ակնառու. այլ աւա՜ղ, տարուած նենգամիտ մարդոց դաւերէն, Սիւնի մոռցաւ կուսակցութիւնը, որ զօրավիգ դարձած էր ամէն կողմ իրեն ու պանծացուցած զինք: Տարիներ վերջ, երբ աճիւն դարձած է արուեստագէտը, թէ՛ «աջերս» եւ թէ՛ «ձախերս» հաւասարապէս, կ՚ընդունինք, որ ժամանակակից մեր մեծագոյն եւ լաւագոյն երաժշտագէտներէն մէկը եղաւ ան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024