ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՄՏԱՀՈԳ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային գործընթացներուն, Լեռնային Ղարաբաղի ընթացիկ իրավիճակին եւ այնտեղ լարուածութեան աճին։ Տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման համատեսքին մէջ Փաշինեան եւ Քլաար կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման ու սահմանազատման, հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութեան շուրջ։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։
Թոյվօ Քլաար «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ալ յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը մտահոգ է Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումներով եւ Արցախի կազատար խողովակաշարի պարագային հրահրուած խնդիրներով։