ՊԱՐԶԱՆԻԻ ԿՈՂՄԷ ԽՈՍՏՈՒՄ
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի յայտարարութիւններ ըրաւ անկախ Քիւրտիստանի մը հռչակման ժամկէտներուն շուրջ։ Քրդական լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Պարզանի յայտնած է, որ նոյն պաշտօնին վերընտրուելու պարագային, յառաջիկայ երկու տարիներու ընթացքին Քիւրտիստանը պիտի հռչակէ անկախ պետութիւն։
Իրաքեան Քիւրտիստանին մէջ յառաջիկայ Օգոստոսի 20-ին նախատեսուած են ընտրութիւններ։ Պարզանի դարձեալ թեկնածու ներկայացած է ինքնավարութեան ղեկը ստանձնելու համար։ Ան 2005-ին ժողովուրդին, իսկ 2009-ին ալ խորհրդարանին կողմէ ընտրուած էր ինքնավարութեան ղեկավար։ 2013-ին թէեւ լրացած էր իր պաշտօնավարման ժամկէտը, սակայն խորհրդարանը զայն երկարաձգած էր երկու տարիով։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն վերջերս Ուաշինկթընի մէջ Մեսուտ Պարզանիի հետ տեսակցելու ընթացքին նոյնպէս ակնարկած էր քրդական պետութիւն մը ստեղծելու ժամկէտին։ «Երկուքիս կեանքն ալ պիտի բաւէ Քիւրտիստան պետութիւնը տեսնելու համար», ըսած էր Պայտըն։