ԱՆԳԼԻՈՅ ԼՈՐՏԵՐՈՒ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Անգ­լիոյ Լոր­տե­րու պա­լա­տը նա­խըն­թաց օր քննար­կեց հայ­կա­կան հար­ցը։ «Ար­մէնփ­րէս»  գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը Անգ­լիոյ խորհր­դա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րու հի­ման վրայ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Պա­րո­նու­հի Քե­րը­լայն Քոքս այս առ­թիւ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րաւ 1915 թուա­կա­նին հա­յոց, յոյ­նե­րու եւ ա­սո­րի­նե­րու զան­գուա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րու հար­ցը։ Ան ար­ծար­ծեց նաեւ այդ դէպ­քե­րը որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ո­րա­կե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ Անգ­լիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան դիր­քո­րո­շու­մը։ Քոքս ընդգ­ծեց, թէ աշ­խար­հի ա­ւե­լի քան քսան եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րը ճանչ­ցած ու դա­տա­պար­տած են ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը, նե­րա­ռեալ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը։ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պի խօս­քերն ալ մէջ­բե­րե­լով ան հարց տուաւ, թէ ար­դեօք Անգ­լիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մտադ­րու­թիւն ու­նի՞ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կե­լու իր դիր­քո­րո­շու­մը։

Յա­նուն Անգ­լիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան հան­դէս ե­կաւ Պահ­պա­նո­ղա­կան կու­սակ­ցու­թե­նէն Ճէյմս Սթափ­ֆորտ, որ ը­սաւ, թէ Անգ­լիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը ճանչ­նայ 20-րդ դա­րաս­կիզ­բին Օս­մա­նեան  կայս­րու­թեան մէջ բնա­կող հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ այլ խում­բե­րուն հա­սած սար­սա­փե­լի տա­ռա­պանք­նե­րը։ «Յի­շե­լով ու յար­գե­լով ան­ցեա­լի զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը՝ մենք հա­մո­զուած ենք, որ Անգ­լիոյ գե­րա­կա­յու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ օգ­նել Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն՝ որ­պէս­զի ա­նոնք միաս­նա­բար ա­ռե­րե­սուին ի­րենց ընդ­հա­նուր պատ­մու­թեան», նշեց Սթափ­ֆորտ եւ ա­ւել­ցուց, թէ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը տե­ղեակ է 1915 թուա­կա­նի զո­հե­րու յի­շա­տա­կին ձօ­նուած պա­տա­րա­գին ժա­մա­նակ Հռո­մի Պա­պին կող­մէ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թեան ու կը յար­գէ ա­նոր տե­սա­կէ­տը այս հար­ցին շուրջ։

«Մենք հա­մա­միտ ենք, որ շատ կա­րե­ւոր է խի­զա­խու­թեամբ ա­ռե­րե­սուիլ պատ­մու­թեան դա­սե­րուն եւ ը­նել մեր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու սահ­ման­նե­րէն ներս հնա­րա­ւոր ա­մէն ինչ՝ նման վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը կան­խե­լու հա­մար», ը­սաւ Սթափ­ֆորտ։

Հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով Ճէյմս Սթափ­ֆորտ դրա­կան գնա­հա­տեց՝ Թուր­քիոյ վեր­ջին խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին հայ­կա­կան ծա­գու­մով ե­րես­փո­խան­նե­րու ընտ­րու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015