«ՄԱՐԴՈՒ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ». ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍԷՆ ԵՐԵՒԱՆ

717 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ յունարէնէ յունաբան հայերէնի կը թարգմանուի Դ. դարու բժիշկ եւ իմաստասէր, քրիստոնէական փիլիսոփայութեան ներկայացուցիչ Նեմեսիոս Եմեսացիի «Յաղագս բնութեան մարդոյ» («Մարդու բնութեան մասին») երկը: Աշխատութիւն մը, որ յետագայ բոլոր դարերուն մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հայ միջնադարեան մարդակազմական եւ բժշկագիտական մտքի ձեւաւորման եւ զարգացման վրայ: Այս գիրքի քննական բնագիրը Հայաստանի Մաշտոցեան մատենադարանի Բժշկագիտութեան եւ բնագիտութեան պատմութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող Կարինէ Մոսիկեանը հրատարակած է տակաւին 2019 թուականին:

Իսկ ահաւասիկ վերջերս, կրկին Կարինէ Մոսիկեանի աշխատասիրութեամբ, լոյս տեսած է 717 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ առաջին անգամ հայերէնի թարգմանուած այդ երկի արդէն աշխարհաբա՛ր տարբերակը: Հնագոյն այդ աշխատութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ թարգմանուած է մեր լեզուի զարգացման մէջ իր ուրոյն տեղը ունեցած յունաբան հայերէնով: Թարգմանիչներ, հայ միջնադարեան գործիչներ Ստեփանոս Սիւնեցին եւ Դաւիթ Հիւպատոսը լաւագոյնս կը տիրապետէին յունաբան հայերէնին, որ յունաբան դպրոցի թարգմանութիւններու լեզուն էր՝ յունարէնի հետեւողականութեամբ կատարուած նորամուծութիւններով։ Առհասարակ, 5-րդ դարու կէսերէն մինչեւ 8-րդ դարու սկիզբը ծաւալուած յունաբան դպրոցը թարգմանական, գիտական եւ կրթական-լուսաւորական ուղղութիւն էր հայոց մէջ, որուն նպատակը պետականութեան բացակայութեան պայմաններու ներքոյ (կապուած ազգային անկախութեան հարցերու լուծման հետ) աշխարհիկ գիտելիքի զարգացումն էր: Յունական գիտական-փիլիսոփայական գրականութիւնը հարազատօրէն թարգմանելու համար անհրաժեշտ էր ունենալ մշակուած յունարէնին համապատասխան գիտական լեզու եւ եզրաբանութիւն, եւ հայ թարգմանիչները այդ բոլորին հարազատ կը կատարէին թարգմանութիւնները:

Ահաւասիկ, արդի հայերէն թարգմանութեամբ մեր սեղանին է հնագոյն գիտական արժէքաւոր աշխատութիւն մը, որ արդէն ժամանակակից թարգմանիչներու, գիտնականներու, հետազօտողներու ջանքերու արդիւնքն է: Երկը աշխարհի բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուած է, բազմիցս վերահրատարակուած է եւ ուրախալի է զայն տեսնել նաեւ արդի հայերէնով: Մաշտոցեան Մատենադարանէն լոյս տեսած «Մարդու բնութեան մասին» գիրքը զարմանք կը պատճառէ իր խիստ մասնագիտական աշխատասիրութեամբ, ծանօթագրութիւններուն մէջ կը բերուին բնագիրի զանազան հատուածներուն համապատասխանող միջնադարեան հայ հեղինակներու կատարած մեկնութիւնները՝ զուգահեռ թարգմանութեամբ: Անոր մէջ առկայ՝ անտիկ եւ վաղ քրիստոնէական շրջանի զանազան հեղինակներէն մեջբերումները, ընդհանուր գիծերով մեկնաբանուած են յառաջաբանին մէջ: Կարինէ Մոսիկեան ամբողջութեամբ կատարած է գրաբարէ աշխարհաբար վերածումները, ծանօթագրութինները եւ գրած՝ ընդարձակ յառաջաբան մը:

Աշխատութիւնը լոյս տեսած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի գիտական խորհրդի որոշմամբ, խմբագիրն է անուանի հայագէտ Գոհար Մուրադեան: Ներկայիս Մաշտոցի անուան մատենադարանին, Մխիթարեան միաբանութեան եւ Երուսաղէմի մէջ Նեմեսիոսի երկը՝ մեկնութիւններուն հետ միասին, ներկայացուած է շուրջ 65 ձեռագրերով:

«Մարդու բնութեան մասին» երկը, կը տեղեկանանք, որ Նեմեսիոս Եմեսացիի գիտական աշխարհին յայտնի միակ ստեղծագործութիւնն է, հին ժամանակներու մատենագիրներ այս հեղինակէն կորսուած երկի մը մասին ալ կը յիշատակեն, բայց մեր օրեր հասած է միայն այս մէկը:

Նեմեսիոս Եմեսացի հեղինակի անձի եւ գործունէութեան մասին քիչ տեղեկութիւններ պահպանուած են: Անոր՝ արդի հայերէնի թարգմանուած աշխատասիրութեան հեղինակը կը նկատէ, որ մասնաւորապէս, Գրիգոր Նազիանզացին կը յիշատակէ Գամրաց (Կապադովկիոյ) կուսակալ հանդիսացող ոմն հեթանոս փիլիսոփայ Նեմեսիոսի, որուն ինք ջանադրաբար քրիստոնէութիւն կը քարոզէր, եւ կարծէս՝ ոչ անարդիւնք, քանզի ի վերջոյ, Նեմեսիոս կը ներկայանայ որպէս Եմեսա (ներկայիս սուրիական Հոմս) քաղաքի եպիսկոպոս:

Երկար ժամանակ Նեմեսիոս Եմեսացիի երկը վերագրուած է մէկ այլ հեղինակի՝ Գրիգոր Նիւսացիին: Այդ շփոթը կը վերաբերի ինչպէս երկի յունարէն սկզբնագրին, այնպէս ալ հին հայերէն թարգմանութեան: Շփոթը ի վերջոյ կը վերացուի, եւ երկը արդէն 1500-ականներուն կը հրատարակուի Նեմեսիոսի անուամբ:

Կարինէ Մոսիկեան յառաջաբանին մէջ կը տեղեկացնէ, որ «Մարդու բնութեան մասին» գիրքը յունաբան գրաբարով թարգմանուած է ութերորդ դարուն՝ բազմիցս ընդօրինակուելով ողջ միջնադարի ընթացքին, եւ այնքան հանգամանօրէն ընդօրինակուած է, որ հիմնականը զերծ մնացած է աղաւաղումներէ, այնպէս որ, ինչպէս Մոսիկեան կը նկատէ՝ հայերէն թարգմանութեան մեջ երբեմն կը հանդիպին աւելի յաջող բնագրային ընթերցումներու, քան պահպանուած յունարէն ձեռագրերուն մէջ:

«Նեմեսիոս Եմեսացիի «Յաղագս բնութեան մարդոյ» երկը բազմախորհուրդ յուշարձան մըն է՝ մարդու բնութեան, անոր նիւթական, հոգեւոր եւ զգայական շերտերու, բնութեան մէջ անոր տեղի եւ դերի, աշխարհի հետ անոր փոխյարաբերութեան, մարդու եւ աշխարհի համեմատութեան, անոնց համագործակցութեան, մարդու ճակատագրի, նախախնամութեան եւ անոր անձնիշխանութեան մասին», յառաջաբանին մէջ կը գրէ Կարինէ Մոսիկեան:

ԵՐԿԻ ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Անդրադառնալով այս երկի միջնադարեան մեկնութիւններուն՝ աշխատասիրութեան եւ արդի հայերէն թարգմանութեան հեղինակը կը նկատէ, որ երբեմն բառացի վերարտադրուած՝ մէջբերումներու տեսքով, երբեմն ալ վերլուծուած եւ վերաիմաստաւորուած ձեւով երկի զատ հատուածներ կը հանդիպին հայ մատենագիրներու բազմաթիւ ստեղծագործութիւններու մէջ՝ յաճախ առանց հեղինակը նշելու: Մարդու բնութեան փիլիսոփայութեան մասին այս ստեղծագործութեան շարունակ աճող հետաքրքրութեան ապացոյց են հայերէն ձեռագրերուն մէջ պահպանուած բազմաթիւ լուծումները, պատճառներն ու մեկնութիւնները: Մոսիկեան կը նկատէ, որ հայ մատենագիրներէն շատեր վերլուծած են Նեմեսիոսի երկը, աւելի ճիշդ՝ երկի՝ իրենց համար առաւել հետաքրքրական հատուածները: Ատոնք կարելի է գտնել Յովհաննէս Երզնկացիի, Յովհաննէս Սարկաւագի, Յովհան Որոտնեցիի գործերուն մէջ՝ բառացի մէջբերումներու, վերապատմումներու, զանազան քաղուածքներու համադրումներու կամ ատոնց հիման վրայ կառուցուած նոր դիտարկումներու ձեւով: Շատ անգամ հայ գիտնականները իւրովի կը մեկնաբանեն եւ կը շարադրեն «Մարդու բնութեան մասին» գիրքով հասանելի դարձած գիտական տեղեկութիւնները՝ նոր երանգ հաղորդելով անտիկ փիլիսոփայութենէն եկող հարցադրումներուն:

Գիտնական Կարինէ Մոսիկեան կը գրէ, որ անոնցմէ, օրինակ Յովհան Որոտնեցին ոչ միայն ամբողջական հատուածներ կը մեջբերէ այս գիրքէն, յատկապէս հոգիի եւ տարրերու մասին գլուխներէն, այլ ժամանակ առ ժամանակ նոյն ինքն շարադրանքին մէջ կ՚առաջարկէ լուծումներ՝ այլ փիլիսոփաներու, օրինակ՝ Պղատոնի խօսքը իբրեւ հիմնաւորում ներկայացնելով:

Մ. Մորանի կը գրէ. «Այս (հայերէն) թարգմանութիւնը յաճախ կը մատուցէ ընտիր մեկնաբանութիւններ, որոնք յունարէն ձեռագրերուն կամ այլ վկայութիւններու մէջ ապարդիւն պիտի փնտռենք... Ուստի հարկ է խելամտօրէն եւ շրջահայեաց կերպով քննել ինչպէս հայերէն բնագրերը, այնպէս ալ հայ մեկնիչներուն գրած մեկնութիւններն ու լուծումները եւ բացայայտել, թէ ի՛նչ կը ներկայացնեն ատոնք իրենցմէ»։

Այս թարգմանութեամբ, երկի մասին գրած իր ուսումնասիրութեամբ Մաշտոցեան մատենադարանի աշխատակիցը կը հաստատէ, որ առհասարակ, թարգմանական գիտական երկերու հայ հեղինակ-մեկնիչներու վերլուծութիւնները բաւական նիւթ կու տան միջնադարեան հայ միտքին բնորոշ իմացաբանական մօտեցումներու վերաբերեալ պատկերացում կազմելու համար։ Եւ հետեւաբար, այս երկի մեկնութիւններն ալ հնարաւորութիւն կու տան պատկերացնել նաեւ հայ մեկնիչ մատենագիրներուն ըմբռնումները, մասնագիտական լեզուն, միտքի ճկունութիւնն ու տրամաբանուածութիւնը, ինչպէս նաեւ թէ որքանով անոնք կը տիրապետեն այն գիտական տեղեկութիւններուն, որոնք կը ներկայացնեն ու կը վերլուծեն:

ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԱՐԱՐՈՒՄՆԵՐ, ԶԱՐՀՈՒՐԵԼԻ ԱՒԵՐՈՒՄՆԵՐ

Իբրեւ այս երկի յառաջաբանի աւարտ, Կարինէ Մոսիկեան շատ արդիական մտահոգութեամբ մը կ՚աւարտէ իր վերլուծումը: Մարդուն դերը արուեստ եւ մշակոյթ ստեղծելու գործին մէջ կարեւորելով եւ նկատի առնելով այսօրուայ մարտահրաւէրները, ան կը գրէ.

«Ըստ ժամանակակից մարդաբանութեան՝ մարդն իր գործունէութեամբ կը կարգաւորէ իր եւ արտաքին բնութեան նիւթաշրջանառութիւնը: Եւ միայն մարդուն է բնորոշ մշակոյթ ստեղծելն ու իւրացնելը, ատով փոփոխելով բնութիւնը եւ յարմարեցնելով զայն իրեն: Բայց անոր գործունէութիւնը ի սկզբանէ ունեցած է ընկերային օգտակարութեան նպատակ:

Քաղաքակրթութեան զարգացման զուգընթաց՝ ընդլայնելով իր անհատական ազատութեան շրջանակները եւ անցում կատարելով դէպի բացարձակապէս նոր որակներու՝ նոր կենսակերպի, նոր, ժամանակին համահունչ նկրտումներու, մարդկային արժէքներու գնահատման նոր չափորոշիչներու, մարդը սկսած է ստեղծել նոր՝ մշակութային կամ արհեստական բնութիւն՝ արհեստական բանականութեամբ, օր ըստ օրէ մօտենալով վտանգաւոր եզրագիծի, որ կը տանի դէպի բարոյահոգեբանական արժէքներէ հրաժարում եւ միայն նիւթական բարեկեցութեան ուղղուած անդադար ջանքեր: Հեռանալով իր բնական սկիզբէն, մարդը հետզհետէ կը փոխէ իր հոգեմարմնական օրկանիզմին բոլոր գործառոյթները: Հոգեկան ուժերը կը սորվին ծառայել զգայական իրերուն եւ զգացողութիւններուն, եւ նախկին, համեմատաբար կայուն հաշուեկշիռը՝ բնութենականի եւ մշակութայինի կամ բնականի եւ արհեստականի միջեւ, կը տեղաշարժուի դէպի մշակութայինի համապարփակ գերակայութիւն՝ բնութենականի նկատմամբ՝ առաջացնելով գոյաբանական շեղում:

Գիտակցելով հանդերձ, որ մարդու մշակութային զարգացումը բնականոն եւ անխուսափելի ընթացք է, մարդկութեան իմաստասէր միտքը բոլոր ժամանակներուն փորձած է ահազանգել մարդկային բնութեան ինքնակործան գայթակղութիւններէն, ցանկութիւններէն եւ առաւելապէս զգայականութենէ բխող գործողութիւններու վտանգներուն մասին:

Բնութենականի եւ մշակութայինի ներդաշնակ փոխյարաբերակցութեան պահպանման համար յոյժ կարեւոր դերակատարում ունին չափաւորութիւնը, առաքինութիւնն ու բարեպաշտութիւնը: Թէպէտ փիլիսոփայական շատ երկերու մէջ առաքինի, բարոյական համարուող գիտակցութեան կը վերագրուին այնպիսի յատկանիշներ եւ ունակութիւններ, որոնք օտար են բնական պատճառական աշխարհին համար: Պարտքի զգացումը, բարոյական պատասխանատուութիւնը, մեղքի գիտակցումը, հաւանութեան եւ դատապարտման զգացումը, առարկայականութիւնը, խստագոյն բարոյական պահանջները եւ այլն, ենթակայ են պատճառական բացատրութեան այնպէս, ինչպես եւ սովորական բնական մղումներն ու զգացմունքները, հարստութեան, իշխանութեան ցանկութիւնը, երջանկութեան փափաքը, հաճոյքի ձգտումը եւ այլն: Հետեւաբար, մարդու միտքի եւ կամքի ազատութեան անդրանցական մտահասու աշխարհը կը տարբերուի բնութենական աշխարհէն, եւ շատ դժուար է գծել կարելիի եւ ոչ կարելիի, լաւի եւ վատի, չարի եւ բարիի ճշգրիտ սահմանագիծերը: Մարդն է հիմքը եւ առանցքը, պատճառն ու գործիքը ե՛ւ զարմանալի արարումներու, ե՛ւ զարհուրելի աւերումներու: Իսկ մշակոյթը, ըստ էութեան, մարդու ինքնակայացումն է, ուր կը դրսեւորուի անոր կարողութիւնը՝ վերափոխելու իրեն սկիզբ տուած աշխարհը. այն աշխարհը, որ գոյութիւն ունէր մինչեւ մարդը եւ մարդէն անկախ: Հետեւաբար, մարդու ձեռքով ստեղծուող մշակոյթը՝ իբրեւ ինքնարար սկիզբ, բնաւ ալ բնութեան վրայ կառուցուած զատ վերնաշէնք չէ, որ կարող է գոյատեւել նաեւ ինքնուրոյնաբար:

Այն միաձուլուած է բնութեան հետ՝ անոր մեջ ներդնելով արհեստական շերտեր, որոնք կը բերեն նոր, նախկինին չեղած իրողութիւն:

Մարդուն բարոյական նկարագիրը, անոր կրթուածութիւնը, դաստիարակութիւնը, չափի զգացողութիւնը, հանդուրժողականութիւնը այն հիմնական չափորոշիչներն են, որոնք պիտի ուղղորդեն մարդը՝ ապրելու «մի՛ վնասեր» սկզբունքով, եւ իր մշակութային բնականոն զարգացմամբ ոչ թէ ի չիք դարձնելու բնականը, այլ լրացնելու, նորոգելու զայն՝ ի բարեկեցութիւն իրեն եւ ի շահ բնութեան: Մարդկութեան զարգացման տակաւին վաղ շրջանէն բազմաթիւ հանճարեղ փիլիսոփաներ՝ իրենց երկերուն մէջ վերլուծելով այս մօտեցումները, ջանացած են մարդկութիւնը ուղղորդել հնարաւորինս անվտանգ ճանապարհով: Մարդու բնութեան մասին զանազան ժամանակաշրջաններու ստեղծագործութիւնները՝ ամրագրելով անոր կերպարը եւ անոր բնորոշ մշակութային շերտերը, պատկերացում կու տան նաեւ մարդկային բնութեան, անոր ամբողջութեան պահպանման հնարաւորութիւններուն մասին:

Նեմեսիոս Եմեսացիի «Մարդու բնութեան մասին» երկը նմանատիպ ստեղծագործութիւններուն մէջ լաւագոյններեն է…»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 21, 2022