ԱՇԽՈՅԺ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ խորհրդակցութեան հրաւիրեց՝ Համահայկական ամառնային վեցերորդ խաղերու կազմակերպիչ կոմիտէի անդամները։ Քննարկուեցան մինչ խաղերուն սկսիլը իրականացուելիք աշխատանքները եւ նախապատրաստական ու կազմակերպչական գործերուն ընթացքը։ Հարկ է նշել, որ Համահայկական խաղերը այս տարի պիտի բացուին Օգոստոսի 2-ին։ Պիտի շարունակուինի մինչեւ Օգոստոսի 13-ը։
Սերժ Սարգսեան ընդգծեց Համահայկական խաղերը բարձր մակարդակով իրականացնելու կարեւորութիւնը։
Խորհրդակցութեան ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան ծրագրին մէջ ընդգրկուած մարզաձեւերուն եւ անոնց իւրաքանչիւրի պարագային ցարդ ստացուած դիմումներուն շուրջ։