ՄԱԿ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ՍՈՎԻ ՓՈԹՈՐԻԿԻ ԴԷՄ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես զգուշացումով մը հանդէս եկաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Շաբաթավերջին ան յայտնեց, որ պատերազմը կրնայ պատճառ դառնալ համաշխարհային պարէնային համակարգի փլուզման։ Սովի փոթորիկի մը սպառնալիքին անդրադառնալով՝ ընդհանուր քարտուղարը ըսաւ. «Ուքրայնայի պատերազմը արդէն կը խաթարէ մատակարարման շղթաները ու պատճառ կը դառնայ վառելանիւթի, սնունդի եւ փոխադրութեան գիներու բարձրացման։ Մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, որպէսզի կանխենք սովի փոթորիկն ու համաշխարհային պարէնային համակարգի փլուզումը»։
Օրեր առաջ Ֆրանսայի գիւղատնտեսութեան նախարարն ալ մատնանշած էր այս վտանգը՝ պատերազմական գործողութիւններու չկասեցման պարագային կանխատեսելով արդէն մինչեւ տարեվերջ աշխարհի վրայ սովը։
Միւս կողմէ, բացի պարէնի խնդիրներէն, միջազգային աղբիւրները կը հաղորդեն, որ պատերազմի հետեւանքով արդէն լրջօրէն կաղալ սկսած է մատակարարումը կարգ մը քիմիանիւթերու, որոնք կարեւոր հումքեր կը համարուին մեծաքանակ արտադրանքի մէջ։