12-ՐԴ «ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»Ը

Ե­րե­ւա­նի մէջ հետզ­հե­տէ զգա­լի կը դառ­նայ «Ոս­կէ ծի­րան» մի­ջազ­գա­յին 12-րդ շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նին խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը։ Յու­լի­սի 12-ին պի­տի սկսի «Ոս­կէ ծի­րան»ը, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն միշտ կ՚ըն­թա­նայ տօ­նա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս տա­րի աշ­խար­հի 105 եր­կիր­նե­րէ դի­մում կա­տա­րուած է՝ որ­պէս­զի 1600 ժա­պա­ւէն­ներ ցու­ցադ­րուին այս փա­ռա­տօ­նին ըն­թաց­քին։

12-րդ «Ոս­կէ ծի­րան»ին ըն­դա­ռաջ, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ նա­խըն­թաց օր սար­քուե­ցաւ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կան փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, հո­վա­նա­ւոր­ներն ու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։ Այս առ­թիւ ընդգ­ծուե­ցաւ, թէ Ե­րե­ւան պատ­րաստ է ըն­դու­նե­լու հիւ­րե­րը։ Բա­ցի դահ­լի­ճա­յին մի­ջո­ցա­ռում­նե­րէն, պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին նաեւ բա­ցօ­թեայ ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ։ Ար­դէն ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թաց մըն է, որ հիւ­րե­րը տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ կու գան Ե­րե­ւան ու կը վե­րա­դառ­նան տպա­ւո­րուած։ Մրցու­թա­յին ծրագ­րին ա­ռըն­թեր այս տա­րի հա­րուստ է նաեւ ար­տամր­ցու­թա­յի­նը։

Փա­ռա­տօ­նի այս տա­րուայ ազ­դագ­րի հե­ղի­նակն է Լի­լիթ Մալ­խա­սեան։ Ծրա­գի­րը պի­տի սկսի ֆրան­սա­հայ բե­մադ­րիչ Ռո­պէր Կէ­տի­կեա­նի գոր­ծին ցու­ցադ­րու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015