ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՔԱՅԼԸ ՌԻՍՔԱՅԻՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման նպատակով Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատին արձագանգները կը շարունակուին։ Այս կապակցութեամբ, քաղաքագէտ Էդիկ Յովսէփեան «tert.am» կայքէջին ըրաւ յայտարարութիւններ։ «Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի հարցին մէջ մենք կրնանք թէ՛ շահիլ եւ թէ շատ մեծ կորուստներ ունենալ ապագայի համար։ Այսինքն շատ մեծ ռիսքով գործընթաց մըն է», համոզուած է ան։
Էդիկ Յովսէփեանի մօտեցմամբ՝ պատմական կաթողիկոսարանը վերադարձնելու ուղղեալ հայցը չի կրնար բաւարարուիլ՝ ստանալով ելմտական փոխհատուցում։ Սա նոյնիսկ կը համարուի վտանգաւոր, որովհետեւ կրնայ տպաւորութիւն ստեղծուիլ, թէ հայերը սկսած են այդ արժէքները գնահատել գումարներով։
Էդիկ Յովսէփեան աւելցուց, որ տակաւին ոեւէ մէկը յստակ չէ տեսած Անթիլիասի դիմումը, որ ներկայացուած է Սահմանադրական ատեան։ Քաղաքագէտը ընդգծեց, որ այս դատական նախաձեռնութիւնը իւրօրինակ փորձաքար մըն է։ Այս հարցին մէջ ան կարեւորեց նաեւ համայնքին դերը, որովհետեւ բոլոր տեղերուն մէջ սեփականութեան իրաւունքը պաշտպանուած է։