ԱՌՑԱՆՑ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ ռազմավարական երկխօսութեան նիստ։ Սա այս ձեւաչափին մէջ երկրորդ ժողովն էր, որ կազմակերպուեցաւ առցանց։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս առթիւ քննարկուեցան պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Հայկական կողմէն հեռավար ժողովին մասնակցեցան Հայաստանի արտաքին գործոց, պաշտպանութեան, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու, արտակարգ իրավիճակներու, բարձր փորձագիտութիւններու, արդիւնաբերութեան նախարարութիւններէն, Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակէն, Պետական եկամուտներու կոմիտէէն ներկայացուցիչներ։ Ամերիկեան կողմէն բանակցեցան ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան եւ Փենթակոնի ներկայացուցիչները։

Նիստի աւարտին հայկական եւ ամերիկեան կողմի ներկայացուցիչները վերահաստատեցին փոխադարձ յանձնառութիւնը՝ խորացնելու համար համագործակցութիւնը պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներէն ներս, նախանշեցին ոլորտային առաջնահերթութիւններն ու յառաջիկայ ընելիքները։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022