ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆԸ
Պատրիարքարանի «Հայ Մենթի-մենթէօր»ներու խումբի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպուած էր հետաքրքրական երեկոյթ մը։ Այսպէս, ձեռնարկը համախմբեց վերոյիշեալ խումբի երիտասարդներն ու պոլսահայ մամլոյ հիմնական ներկայացուցիչները։ Ասուլիսի ձեւաչափին մէջ երիտասարդները եւ մեր մամլոյ սպասաւորները ծաւալեցին հետաքրքրական զրոյց մը, որուն հետեւեցան նաեւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Նուրհան Փալաքօղլու եւ Արեգ Մումճու։
«Հայ Մենթի-մենթէօր»ի համակարգող Ժպիտ Էօղէրի ողջոյնի խօսքով սկսաւ երեկոյթը, որու ընթացքին զրոյցը վարեցին Ժպիտ-Լոյս Կէզէր եւ Այգ Կէզէր։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի կողմէ երեկոյթին մասնակցեցան՝ Պիանքա Սարըասլան, Մկրտիչ Արծիւեան եւ Արա Գօչունեան։ «Ակօս» շաբաթաթերթին կողմէ զրոյցին մասնակցեցան Իշխան Էրտինչ եւ Բագրատ Էսդուգեան։ «Լոյս» արբանեակային հեռուստակայանին կողմէ ալ մասնակցեցան Յարութիւն Գուրան եւ Այգ Կիւլէզեան։
Ժպիտ-Լոյս Կէզէր եւ Այգ Կէզէր հետաքրքրական մթնոլորտի մը մէջ հունաւորեցին ընդհանուր խօսակցութիւնը՝ օրակարգի վրայ բերելով զանազան հարցումներ, որոնք առաջին հերթին պոլսահայ մամլոյ գործունէութեան կը վերաբերէին, սակայն, մեծ հաշուով լրագրողներու խորհրդածութիւնները կը ցոլանային թրքահայ իրականութեան, ազգային-եկեղեցական կեանքի զանազան երեսակներուն։
Ներածական խօսակցութիւններէն եւ զրուցավարներու հարցումներէն վերջ, ներկայ երիտասարդներն ալ հնարաւորութիւն ունեցան ուղղելու հարցումներ։
Ձեռնարկի ընթացքին ընդհանուր ըմբռնում մը գոյացաւ, որպէսզի, այս ձեւաչափով կազմակերպուի նաեւ ուրիշ հանդիպում մը՝ այս անգամ աշխատանքային լեզու ունենալով հայերէնը։
Երեկոյթի աւարտին մասնակից երիտասարդները, կազմակերպիչներն ու զրոյցի հրաւիրուած լրագրողները նկարահանուեցան «Շիրինօղլու» սրահին մէջ, ինչ որ իսկապէս լաւ յիշատակ մը եղաւ այս յատկանշական ձեռնարկէն։