«ԱՐՏԱՒԱԶԴ 2022»Ի ԴԱՓՆԵԿԻՐՆԵՐԸ
Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Արտաւազդ 2022» մրցանակաբաշխման հանդիսութիւնը։ Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուի այս տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը, որ այս տարի ձօնուած էր «Գաբրիէլ Սունդուկեան» ազգային ակադեմական թատրոնի հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին։ Հանդիսաւոր երեկոյթը տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան նախագահ Յակոբ Ղազանչեան ձեռնարկի ընթացքին յայտնեց, որ այս մրցանակաբաշխութիւնը կու գայ հերթական անգամ հաստատել հայ ժամանակակից թատրոնի զարգացումները։
Մրցանակներ յանձնուեցան լաւագոյն երիտասարդ դերասան-դերասանուհիներու, լաւագոյն երիտասարդ բեմադրիչի, լաւագոյն երիտասարդական ներկայացման, լաւագոյն թատերագիտական յօդուածի, լաւագոյն բեմայարդարման եւ տարազներու նկարման, երաժշտութեան լաւագոյն հեղինակի, լաւագոյն երկրորդ փլանի դերասան-դերասանուհիի, լաւագոյն դերասան-դերասանուհիի, լաւագոյն ներկայացման եւ այլ անուանակարգերով։
«Արտաւազդ» յատուկ մրցանակի արժանացան Կապանի «Ալեքսանդր Շիրվանզատէ» տրամաթիքական թատրոնը եւ Կիւմրիի «Վարդան Աճէմեան» պետական տրամաթիքական թատրոնը՝ «Մաուկլի» ներկայացումով։
«Արտաւազդ» տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ՚ունենայ 1996 թուականէն ի վեր։