ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 75-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 75-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու շարքը շաբաթավերջին սկսաւ՝ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկով մը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած յոբելենական հանդիսութիւնը համախմբեց Էսաեանի զանազան սերունդներէ սաները, որոնք այս անգամ արդէն բացառիկ, արտասովոր ոգեւորութեամբ երգեցին «Ողջոյն տաճար»ը՝ իրենց վարժարանի քայլերգը։ Ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, Շիշլիի քաղաքապետութեան խորհուրդէն Վազգէն Պարըն, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ նոյն խորհուրդէն Գարէն Թէրզեան եւ Նուրհան Փալաքօղլու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ էսաեանցիներ եւ մշակութասէրներ։
Հանդիսութեան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Մարիամ Տրամէրեանի, որ կը գլխաւորէ յոբելենական կարգադիր յանձնախումբը։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Վարդուհի Մսըրլեան։ Պատրիարքարանի հրատարակչութեան բաժնի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան ընթերցեց Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեան գիրը։ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ Էսաեանի նախկին սաներէն է, հանդէս եկաւ ծաւալուն սրտի խօսքով մը, որ հիւսուած էր դպրոցի եւ սանուց միութեան առաքելութիւններու վերաբերեալ խորհրդածութիւններով եւ յատկանշական վկայութիւններով։
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր, որու ծիրէն ներս հանդէս եկան մենակատարներ Գարին Չուպուքճեան Պոզքուրթ եւ Սէրճան Կազէրօղլու, նաեւ դաշնակահարուհիներ Մելինա Սեճիկեան-Գույումճու եւ Աննա Գէորգեան։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ բոլոր ներկաներուն տեսակէտէ եզակի հաճոյք մըն էր Սիլվա Կոմիկեանի ասմունքը։
75 տարի առաջ Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան ուղղութեամբ իր ընկերներուն հետ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր՝ այժմ արդէն հաստատութեան երիցագոյն սաներէն Ովսաննա Մուրատեան, որու ներկայութիւնը թէ՛ շատ ողջունելի էր բոլորին տեսակէտէ եւ թէ իսկապէս բացառիկ նշանակութիւն վերագրեց ձեռնարկին։ Այս առթիւ իրեն նուիրուեցաւ ծաղկեփունջ մը եւ ան հանդէս եկաւ հակիրճ սրտի խօսքով մը։
Յոբելենական ձեռնարկի ընթացքին առ ի երախտագիտութիւն յուշանուէրներ յանձնուեցան վարժարանի բազմամեայ նախկին տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանին, Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանին, միութեան վարչութեան ատենապետուհի Վարդուհի Մսըրլեանին եւ Մարիամ Տրամէրեանին։
Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով, որու ընթացքին ան մասնաւորապէս կարեւորեց, թէ Էսաեան սանուց միութեան հովանոցին ներքեւ կը գործէ նաեւ «Մարալ» համոյթը։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ թէեւ համալսարանական ուսանողութեան տարիներուն երիտասարդները համայնքային կեանքէն կը հեռանան, բայց անոնք պէտք է անպայման ներգրաւուին մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին, այս ուղղութեամբ պէտք է պատրաստուին։ Միեւնոյն ժամանակ ան հայրաբար յորդորեց, որպէսզի մեր նոր սերունդը խառն ամուսնութիւններ չկնքէ։
Ձեռնարկի աւարտին հատուեցաւ յոբելեանի առթիւ պատրաստուած կարկանդակը եւ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները անմիջական զրոյցը շարունակեցին իրարու միջեւ՝ մանաւանդ յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն մաղթելով սանուց միութեան գործունէութեան համար։