ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն։ Այսպէս Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Ուէննայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր սարկաւագ ձեռնադրեց Արարատ Գալփաքճեանն ու Յակոբ Ժամկոչեանը։ Հաւատացեալներու մօտ մեծ հոգեւոր ուրախութեան առիթ հանդիսացաւ այդ ձեռնադրութիւնը՝ մանաւանդ, որ զուգադիպեցաւ Արեւմտեան թեմի յոբելենական շրջանին։

Հարկ է նշել, որ Արարատ Գալփաքճեան որդին է մեր հոգեւորականաց դասու երէց անդամներէն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բազմամեայ սիւնակագիր Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի։ Իր երէց եղբայրը՝ Գրիգոր Գալփաքճեանն ալ աւելի առաջ արժանացած էր սարկաւագի ձեռնադրութեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2022