ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՆԻՇ
Հայաստանի Դատաւորներու միութեան անդամները երէկ ուխտաւորաբար այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Մեծ պահոց Դատաւորի կիրակիին օրը անոնք մասնակցեցան Ս. Գայիանէի վանքէն ներս մատուցուած Ս. Պատարագին։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Վեհարանի մէջ ընդունեց Հայաստանի Դատաւորներու միութեան նախագահ Ալեքսանտր Ազարեանի կողմէ գլխաւորուած իրաւաբանները։
Հանդիպման ընթացքին Ալեքսանտր Ազարեան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը հայցեց ու նշեց, որ Հայաստանի Դատաւորներու միութեան անդամները առաջին անգամ Դատաւորի կիրակիին համախումբ ձեւով ուխտաւորաբար կ՚այցելեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ան յոյս յայտնեց, թէ սա գեղեցիկ աւանդութեան մը կը վերածուի։
Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնն ալ ներկաներուն փոխանցեց բարեմաղթանքներ։ Անդրադառնալով օր-ւայ խորհուրդին՝ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ դատաւորի առաքելութիւնը պէտք է ուղեկցուի Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղով ու մարդկանց նկատմամբ բարձր պատասխանատուութիւնով։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, թէ դատաւորները ծառայութեան համար ուղենիշ կը դարձնեն Աւետարանական այն ճշմարտութիւնը, թէ օրէնքն է մարդու համար ու ոչ թէ մարդը՝ օրէնքի։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց դատաւորներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի Դատաւորներու միութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ապագայ գործակցութեան հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի առկայ մարտահրաւէրներուն։