«ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ» ԿԵԴՐՈՆ

Ֆրանսայի Մոնթինյի-լը-Պրեթոնիօ քաղաքին մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ աշխարհահռչակ անմոռանալի երգիչ Շարլ Ազնաւուրի անունով արուեստներու կեդրոն մը։ Շաբաթավերջին կազմակերպուած պաշտօնական բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր Նիքոլա Ազնաւուր, նոյն հիմնադրամի տնօրէնուհի Քրիստինա Ազնաւուր, Ֆրանսայի Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի եւ Իվլին տեփարթմանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, նաեւ այլ հիւրեր։ Նիքոլա եւ Քրիստինա Ազնաւուրներու առընթեր, խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը կտրեցին ծերակուտական Միշել Լոժիէ եւ քաղաքապետ Լորէն Մերքեր։

Նորաստեղծ կեդրոնը եզակի տարածք մըն է երիտասարդներու համար՝ արտայայտելու իրենց ստեղծագործական միտքը, դրսեւորելու ընդունակութիւններն ու ձիրքերը, նոր գիտելիքներ ձեռք բերելու, արուեստին ու մշակոյթին աւելի մօտ ըլլալու, նաեւ պատրաստուելու արուեստի ոլորտէ ներս իրենց ապագայ մասնագիտացումին։ Ուսման գործընթացները կը կազմակերպուի 5 հիմնական ուղղութիւնով. ինչպէս՝ պար, թատրոն, երաժշտութիւն, փորձեր, ձայնագրութիւններ։ Այս բոլորի համադրման շնորհիւ երիտասարդներուն կը ջամբուին ոլորտային բազմակողմանի գիտելիքներ եւ անոնք կիրառական հմտութիւններ ձեռք կը բերեն։

Իւրովի նախագծուած եւ ժամանակակից միջավայր մը ըլլալու առընթեր, կեդրոնը յագեցած է արհեստավարժ բարձրակարգ թեքնիկ սարքաւորումներով, ինչ որ ոչ միայն հետաքրքրական, այլեւ շատ արդիւնաւէտ կը դարձնէ ուսման ընթացքը։ Կեդրոնը ունի մեծ համերգասրահ մը եւ այնտեղ այս պահուն արդէն 1800 երիտասարդ կը յաճախէ։ Դասաւանդող մասնագէտներուն թիւն ալ հասած է 40-ի։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2022