ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԹԻՖԼԻԶ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի եւ փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։
Այս ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Արցախէ ներս վերջին լուրջ լարուածութիւններով, Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումներով ու մանաւանդ՝ շփման գծի դէմ նոր ոտնձգութիւններով պայմանաւորուած իրավիճակի մը մէջ։ Թիֆլիզ այցելութեան ընդառաջ Արարատ Միրզոյեան երէկ Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այսպէս, ան մէկտեղուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Խովայեւի հետ։ Հարկ է նշել, որ Արցախի տագնապալի վերջին պայմաններուն ներքեւ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Լիլիթ Մակունցն ալ վերջին օրերուն տեսակցած էր Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահին հետ։ Արարատ Միրզոյեան ռուս համանախագահին հետ հանդիպման ընթացքին երէկ տեսակցեցաւ նաեւ Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն՝ Լին Թրէյսիի, Սերկէյ Քոփիրքինի եւ Անն Լիւոյի հետ։ Այս բոլոր զրոյցներուն ընթացքին նախարարը կարեւորեց Արցախէ ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ միջազգային պատշաճ արձագանգը, որպէսզի Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը դուրս գան Արցախի տարածքէն եւ իրավիճակը լիցքաթափուի։
Ստեփանակերտի հայկական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ օրուայ տեւողութեան Արցախի շփման գծի ամբողջ երկայնքով թէեւ հրադադարի խախտումներ չեն եղած, սակայն գործնական մարտավարական իրադրութիւնը մնացած է լարուած։ Ատրպէյճանի զօրքերը կը շարունակեն մնալ Քարագլուխի Փառուխի յարակից հատուածէն ներս ամրացման յենակէտերուն մէջ։ Օրուան ընթացքին դիրքային փոփոխութիւններ չեն եղած։ Արցախի զօրքերը նախազգուշական ու զսպող յաւելեալ միջոցներու ձեռնարկած են՝ յատկապէս Քարագլուխի ուղղութեամբ։ Զուգահեռաբար Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան հետ աշխատանքները կը շարունակուին՝ նպատակ ունենալով Ատրպէյճանի զօրքերը վերադարձնել իրենց ելման դիրքերը։
Լեռնային Ղարաբաղի իրադրութեան վերաբերեալ խնդիրները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել հանրային օրակարգը։ Հայաստանեան լրահոսին վրայ ուշադրութիւն կը գրաւեն կարգ մը մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց Ատրպէյճան կը ջանայ Արցախը Հարաւային Կովկասէ ներս նոր Կազզէի մը վերածել։ Մեկնաբաններ համոզուած են նաեւ, թէ Ատրպէյճան կը փորձէ օգտուիլ իրավիճակէն՝ ստուգելով իր «կարմիր գիծերը» Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։
Հրադադարի վերջին բախումներուն արձագանգեց նաեւ Մոսկուայի ղեկավարութիւնը՝ մանաւանդ, որ Ատրպէյճանի զօրքերը ներխուժած են այն տարածքը, որ կը վերահսկուի Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ Ռուսաստան կը կարեւորէ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ համաձայնութիւններու պահպանուիլը։ Ուստի, ան կարեւորեց նաեւ այդ համաձայնութիւններու իրականացումը Լեռնային Ղարաբաղէ ներս բոլոր կողմերէն։
Ըստ զանազան աղբիւրներու, Արցախի շփման գծին վրայ ռուս խաղաղապահները կարգ մը նոր տեղաշարժեր եւ կարգ մը կէտերու վրայ ալ նոր կուտակումներ կ՚ընեն, որպէսզի Ատրպէյճանի զօրքերու յառաջխաղացումները կանխեն։
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաու ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներ։ Ան այսօր եւ վաղը շփումներ կ՚ունենայ Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ։ Երեւանէ ներս նախատեսուած են իր տեսակցութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։
ԵԱՀԿ-ի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ տարածաշրջանային այս այցելութեան նպատակն է Հարաւային Կովկասէ ներս խթանել խաղաղ համագործակցութիւնը, երկխօսութիւնը եւ կայունութիւնը։