ՀԲԸՄ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Պէյրութի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մասնաճիւղերու շրջանային խորհրդաժողովը։ Այս հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, որ նոյն օրերուն այցելած էր Պէյրութ։ Հաւաքոյթի ընթացքին Պերճ Սեդրակեան ունեցաւ ելոյթ մը։ Շրջանային այս խորհրդաժողովին մասնակցեցան նաեւ ՀԲԸՄ-ի աշխարհի զանազան երկիրներու մասնաճիւղերէն ներկայացուցիչներ. ինչպէս՝ Հայաստան, Եգիպտոս, Ֆրանսա, Իրան, Իրաք, Կիպրոս, Յորդանան, Սուրիա, Զուիցերիա, Անգլիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղի տանտիրութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։

Կը հաղորդուի, որ խորհրդաժողովի ընթացքին ատենախօսներն ու ՀԲԸՄ-ի պատուիրակները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան հայաշխարհի կարգ մը առանցքային օրակարգերու շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս շօշափուեցան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութեան, երիտասարդներու վերաբերեալ յանձնառութիւններու, Արցախի երկրորդ պատերազմի հետեւանքներու դիմագրաւման եւ Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան վերաբերեալ հարցեր։

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2022