ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՀԵՏ

Յու­նա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Տե­ղա­պահ Տ. Խո­րէն Ա­բե­ղայ Ա­ռա­քե­լեան, ըն­կեր­կա­ցու­թեամբ Թե­մա­կան խոր­հուր­դի փոխ-ա­տե­նա­պետ Մե­րու­ժան Հար­թե­նեա­նի եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Յու­նաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Ա­բա­սեա­նի, հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Յու­նաս­տա­նի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Տ.Տ. Հե­րո­նի­մոս Բ.-ի հետ։ Հայր Սուր­բը հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դին փո­խան­ցեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի եղ­բայ­րա­կան ող­ջոյն­ներն ու բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը եւ յանձ­նեց Նո­րին Սրբու­թեան հրա­ւէ­րը՝ ներ­կայ գտնո­ւե­լու Սեպ­տեմ­բեր 27-ին կա­յա­նա­լիք միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան։ Բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կա­նը իր հեր­թին ող­ջոյն փո­խան­ցեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով հրա­ւէ­րին հա­մար։ Ընդգ­ծե­լով Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ դե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ Սրբա­զա­նը մաղ­թեց Տի­րոջ զօ­րակ­ցու­թիւնն ու օրհ­նու­թիւ­նը եղ­բայ­րա­կան եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մա­տեղ կեան­քէն ներս, մա­նա­ւանդ այս դժո­ւա­րին օ­րե­րուն։ 

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015