ԱՆԱՐԴԱՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Աւելի քան դար մը առաջ, Պոլսոյ մէջ հայեր երկրին մէջ խռովութիւններ ստեղծելու եւ ապստամբութեան փորձեր ընելու մեղադրանքով դատարան կը տարուին: Դատաւորը Պ. Պ. անունով ամբաստանեալին հարց կու տայ.

-Գույումճի՛, դուք չէք խօսիր, ժողովին մէ՞ջ ալ այսպէս լուռ ու մունջ կը նստէիք: 

-Երբ ինծի հարցում մ՚ուղղուի կը պատասխանեմ, այս է սովորութիւնս,- կը պատասխանէ Պ:

-Ձեզի հետ ուրիշ ո՞վ մասնակցեցաւ:

-Ես կայի հոն, Կ. Փ.ն ալ կար,- կը պատասխանէ Պ.,- որ հոս ինծի հետ բանտարկուեցաւ եւ վերջը առանց դատուելու արդարացաւ եւ հիմա նորէն առանց դատուելու կ՚արդարանայ, թէեւ անոր ու իմ միջեւ բնաւ տարբերութիւն մը չկար. պարզապէս անիկա հարուստ ազգականներ ունէր ու ես չունէի...:

Կաշառակերութիւնն ու դրամական ուժի շնորհիւ մեղքէ ազատիլը նոր, կամ դար մը առաջուան իրողութիւն մը չէ. ան մի՛շտ եղած է եւ ապագային պիտի շարունակէ ըլլալ եւ գոյութիւն ունենալ: Աւելի քան երեք հարիւր տարիներ առաջ եւս կաշառակերութիւնը կարեւորութեամբ շեշտուող նիւթ մըն էր. Յակոբ Շահմիրեան իր «Գիրք անուանեալ Որոգայթ փառաց վասն կալանաւորելոյ ամենայն գործ անկարգութեան» աշխատութեան 97-րդ յօդուածին մէջ կը գրէ. «Ի վերայ ամենայն պաշտօնատարի հաստատելով վկայիւք կաշառառութիւն նորայ իսկոյն անկցի նա ի պաշտօնէ իւրմէ եւ մի՛ երբէք մտցի պաշտօն ի ժամանակս կենաց իւրոց»:

Շահմիրեանէն շա՜տ շատ առաջ ապրող Մխիթար Գօշ եւս «Գիրք դատաստանի» օրէնքներու գիրքին մէջ խօսելով դատաւորներու կատարած դատաստանին համար կը յիշեցնէ Մովսէսի փոխանցած այն օրէնքը, որ կ՚ըսէ. «մի՛ խոտորեցուսցես զիրաւունսի դատաստանի եւ կաշառ ի վերայ իրաւանց մի՛ առնուցուս»:

Այնքա՜ն հին է կաշառակերութիւնը, որ մինչեւ իսկ Աստուած Հին կտակարանին Ելից գիրքին մէջ կ՚ըսէ. «Կաշառք մի առներ. Վասն զի կաշառքը աչքը բաց մարդիկը կը կուրցնէ եւ արդարներուն դատերը կը խանգարէ» (Ելից, 23.8):

Եթէ այսօր ի գործ դրուէին բոլոր այդ օրէնքները, վստահաբար մենք դատաւորի պակաս պիտի ունենայինք ամէնուրեք, որովհետեւ այսօր դատարաններէն ներս գումարը շատ աւելի բան կ՚ըսէ մարդոց՝ քան արդարութիւնը, որ անկենդան բառէ մը ուրիշ բան մը չէ: Ամէն բանի կողքին այսօր արդարութիւնը եւս կը վաճառուի եւ այդ վաճառքին շնորհիւ բազմահազա՜ր հրէշներ ազատութեամբ կը շրջին մեր մէջ եւ արդարութեան այս առեւտուրն է, որ 1883 թուականին Ջիւանիին գրել ու երգել տուած են անմոռանալի այս տողերը.-

- Յանցաւոր հարուստը ուրախ խնդալով,
Մեղքից ազատուել է մեծ գումար տալով,
Խեղճ մարդը սխալմամբ մի հաւ գողնալով
Բանտի մէջ է փտել, խելքի՛ աշեցէք...:

Հետեւեցէք վերջին տասնամեակին մեր հայկական իրականութենէն ներս տեղի ունեցած դատական լրատուականներուն. «Ազատութիւն» կը յայտնէ. «Ռոպերթ Քոչարեան երկու միլիառ դրամի դիմաց ազատ կ՚արձակուի», «Եուրի Խաչատուրով հինգ միլիոն դրամի դիմաց ազատ կ՚արձակուի», «Հայաստանի դաշինք»ի պատգամաւոր Արմէն Չարչեան 15 միլիոն դրամի դիմաց ազատ կ՚արձակուի», «Դատաւոր Գագիկ Հերոբեան 2 միլիոն դրամի դիմաց ազատ կ՚արձակուի». «Դաւիթ Գալուստեան 50 միլիոն դրամի դիմաց ազատ կ՚արձակուի»... ու վա՜յ քեզի, եթէ դրամի տէր չես ու Ջիւանիի ըսածի նման գողցած ես 10-15 տոլար արժող հաւ մը...: Փաստօրէն այսօր մեր բանտերուն մէջ միայն աղքատ գողերուն տեղ կը տրուի, որուն գողցածը գրաւի դիմաց ազատ արձակուողներու գողցածէն հազարապատիկ փոքր է: Վերոյիշեալ միլիոնները իրենց գողցածին մէկ փոքր մասն է պարզապէս, որ բաւարար է ապահովելու ազատութիւնը, որովհետեւ ազատութիւնը եւս կաշառուած է այսօր:

Այսօր զգանք թէ չէ՝ կաշառակերութիւնը անմասն բաժինն է մեր կեանքին. բոլոր հաստատութիւնները՝ ներառեալ առողջապահութեան ոլորտը կաշառքով կ՚առաջնորդուին. կաշառքը բանալին է այսօր բոլոր դուռերուն, բանալի՝ որ կրնայ մարդասպանը մարդասէր, պոռնիկը՝ կոյս եւ անօրէնը օրինական դարձնել:

Հայ ժողովուրդին կեանքը ամբողջ այդ արդարութեան մուրացկանութիւնը ընելով անցաւ, որուն դիմաց Սիամանթօ չդիմանալով ուզեց թքնել այդ անգոյ արդարութեան ճակտին. այսօր այդ արդարութեան ծարաւը ունին բոլո՛ր պետութիւնները՝ որոնք չունին նիւթական փայլուն եւ նախանձելի դիրք:

Այնպէս ինչպէս Դիոգինէս օր ցերեկով ձեռքին լոյս մարդ կը փնտռէր, այսօր նոյնպէս աշխարհի ատեաններուն մէջ արդարութիւնը պէտք է փնտռել, որովհետեւ արդարութեան անուան տակ անարդարութիւնն է, որ կը յաղթէ, ինչպէս անցեալին՝ նոյնպէս այսօր...:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԱՐՂՈՒԹԵԱՆ
(1854-1916)

Մեր թուականէն 106 տարիներ առաջ՝ 30 մարտ 1916-ին, Թիֆլիզի մէջ մահացած է մտաւորական, պետական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչ  եւ Թիֆլիզի քաղաքապետ Նիկողայոս Արղութեան (ծանօթ նաեւ Երկայնաբազուկ անունով):

Արղութեան ծնած է  27 մարտ 1854-ին, Թիֆլիզի մէջ: Դժբախտաբար անոր մանկութեան մասին տեղեկութիւններ կը պակսին: Արղութեան 25 ապրիլ 1891-ին ստանձնած է Թիֆլիզի քաղաքապետի պաշտօնը եւ քաղաքի ղեկավարութիւնը կատարած՝ մինչեւ 10 յուլիս 1893 թուականը եւ այնուհետեւ հրաժարած քաղաքապետի պաշտօնէն: Նոյն տարիներուն՝ 1892 թուականին ընտրուած է տեղի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգաբարձու:

Հրաժարական ներկայացնելէ ետք՝ 1895 թուականին Արղութեան 54 կողմ եւ 10 դէմ ձայնով դարձեալ ընտրուած է քաղաքապետ, սակայն դարձեալ նստաշրջանի ամբողջ ժամանակը չաւարտած, երկու տարի վարելով քաղաքապետի պաշտօնը դարձեալ ներկայացուցած է իր հրաժարականը: Երրորդ անգամ քաղաքապետ ընտրուած է 24 փետրուար 1903 թուականին, որ տեւած է մինչեւ 3 մարտ 1904 թուականը եւ դարձեալ վերջ գտած հրաժարականով:

Իր քաղաքապետութեան ընթացքին իր կատարած անձնուէր գործերուն համար Արղութեան Թիֆլիզի նահանգապետի կողմէ պարգեւատրուած է արծաթէ մետալով եւ կրծքանշանով:

Արղութեան օգտակար դարձած է նաեւ տեղի հայ գաղութին. 1900 թուականին «Ժողովրդական տան» շինարարական աշխատանքներուն համար Արղութեան նուիրած է 300 ռուբլի դրամ: Մեծ միջոցներ յատկացուցած է կրթական ոլորտի զարգացման. խուլ եւ համր երեխաներու համար բացած է դպրոց եւ մինչեւ իր կեանքի վերջը եղած է այդ դպրոցին նախագահը:

Արղութեանի կարեւորագոյն նուիրումներէն մէկը եղած է իր գրադարանը. մտաւորական անձ ըլլալով Արղութեան ունեցած է աւելի քան 10 հազար գիրք հաշուող հարուստ գրադարան մը, որ իր մէջ ներառած է ժամանակուան արժէքաւոր գործեր ու յատուկ հրատարակութիւններ: Արղութեան հակառակ քաղաքական դժուարին պայմաններուն, այդ գրադարանը նուիրած է Հայաստանի մատենադարանին:

Արղութեանի աճիւնը յետ մահու տեղափոխուած է Սանահինի վանք եւ թաղուած է ընտանեկան գերեզմանին մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2022