ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Ճիշդ է, որ երջանկութիւնը ունի՝ առողջութեան կամ խաղաղութեան նման տարրական նախապայմաններ, սակայն, վերջին հաշուով ան մթնոլորտի մը, միջավայրի մը արդիւնքն է։ Ե՞րբ երջանիկ է մարդը, ե՞րբ կը զգայ ուրախ, ե՞րբ կը բարձրանայ տրամադրութիւնը։ Երջանկութիւնը դժուար է պատկերացնել առանձնութեան մէջ։ Մարդ խաղաղ ու երջանիկ պահեր կրնայ ունենալ առանձնութեան մէջ, այդ ալ, իր հերթին, կարիք մըն է հասկնալի, բայց, պարագան նոյնը չի կրնար ըլլալ, երբ դատապարտուած ես առանձնութեան։ Մինչեւ ո՞ւր այդպէս մինակ...

Խմբային գործի հաճոյքը, միասնաբար մաքառելու առթած բաւարարութեան զգացումը, համատեղ զուարճանքը, նոյնիսկ համախումբ աղօթքը... Ճիշդ է, որ մենակատարը կրնայ խորապէս տպաւորել, սակայն, երգչախումբն ալ կրնայ այնպիսի պատկառանք մը առթել, որ դժուարանաս նախընտրել։

Ամառնամուտի այս օրերուն անցեալ ձմրան դրուագները չե՞ն յիշեցներ միթէ Ալպէռ Քամիւի խօսքը. «Ամօթ է անձի մը առանձինն երջանիկ ըլլալը»:

Հինգշաբթի, Մարտ 31, 2022