ՃԱԲՈՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ճա­բո­նի դես­պան Էյ­ծի Թա­կու­չի այ­ցե­լեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը նշա­նակ­ման առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րեց Էյ­ծի Թա­կու­չին եւ յոյս յայտ­նեց, որ նոր դես­պա­նի գոր­ծու­նէու­թեան շնոր­հիւ հայ-ճա­բո­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա՛լ ա­ւե­լի կը ջեր­մա­նան, եր­կու բա­րե­կամ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մար կը բա­ցուին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նո­րա­նոր հե­ռան­կար­ներ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նաեւ գնա­հա­տան­քով անդ­րա­դար­ձաւ Ճա­բո­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ Հա­յաս­տա­նին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին ցու­ցա­բե­րուող ա­ջակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։

Իր հեր­թին, դես­պան Էյ­ծի Թա­կու­չի նշեց, որ մեծ ու­րա­խու­թեամբ ստանձ­նած է Ե­րե­ւա­նի մօտ Ճա­բո­նի դես­պա­նի պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը, քա­նի որ տե­ղեակ է հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ու մշա­կու­թա­յին հա­րուստ կեան­քին եւ խո­րին յար­գանք կը տա­ծէ հա­յու­թեան հան­դէպ։ Դես­պա­նը նաեւ տե­ղե­կա­ցուց, որ իր գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին մեծ ու­շադ­րու­թիւն պի­տի դարձ­նէ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու միջմ­շա­կու­թա­յին կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման։

Հան­դիպ­ման ներ­կայ էր նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015