«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ անդրադարձաւ Արցախի մէջ ծագած վերջին դէպքերուն։ Թէեւ տագնապալի կացութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած էր, սակայն Անգարայի կողմէ այդ կապակցութեամբ որեւէ դիրքորոշում չէր արտայայտուած։ Ի վերջոյ, երէկ, Թուրքիա ամենաբարձր մակարդակի վրայ արձագանգեց ստեղծուած իրավիճակին։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ Ատրպէյճան ամբողջութեամբ կը կատարէ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի հետ եռակողմանի համաձայնութիւններու դրոյթները։ Հետեւաբար, Ատրպէյճանի կողմէ ոտնձգութիւն մը խնդրոյ առարկայ չէ։ Նախագահը պաշտպանական պատասխան որակեց Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու վերջին յառաջխաղացումը։

«Քանի որ յարձակում եղած է Ատրպէյճանի վրայ՝ փոխադարձած է պաշտպանական բնոյթով։ Գլխաւորը եռակողմանի համաձայնագրի դրոյթներուն համապատասխան՝ Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքէն Հայաստանի զինեալ տարրերու ամբողջական հեռացումը ապահովելն է», ըսաւ Էրտողան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2022