ԲԱՐԵՒ՝ ԵՍ ԵՄ - ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Այլեւս աւարտական դասարանի աշակերտուհի մըն եմ: Ամիսներ անց պէտք է հրաժեշտ տամ դպրոցական նստարանին: Անհոգ ու կենսուրախ կեանքէն ոստում մը պիտի կատերեմ դէպի մեծիկներու կեանք:

Ինչպէս միշտ, գծած եմ քանի մը տարուայ իմ կեանքի ուղին: Որոշումս յստակ է՝ 2006-2007 թուականներու ուսումնական տարիի աւարտին պէտք է ընդունուիմ Երեւանի Պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններ բաժինը: Կը թուի, թէ իմ որոշումը անփոփոխ է: Այդպէս անփոփոխ մնաց երեք տարի:

Տասներորդ դասարանը ծանրագոյնն էր իմ ամբողջ ուսումնական տարիներու մէջ: Սեպտեմբեր կամ հոկտեմբեր ամիսէն սկսայ յաճախել մասնաւոր պարապմունքներու: Համալսարանի ընդունելութեան համար անհրաժեշտ էր յանձնել չորս քննութիւն: Յիրաւի, նիւթական անբաւարար միջոցներու պատճառաւ, մէկ անգամէն չկրցայ պարապիլ բոլոր չորս առարկաները:

Արցախէն Երեւանի Պետական համալսարան կ՚ընդունուէին մեծաւ մասամբ պաշտօնեաներու, ունեւորներու, երբեմն ալ շատ խելացի երեխաները: Մեզի համար Երեւանի բարձրագոյն կարեւոր, ազդեցիկ հաստատութիւններէ մէկուն մէջ ուսանիլը երանութիւն էր ու դժուարամատչելի: Ըսել է, թէ ես մէկ անգամ, իմ գլուխէն բարձր ոստում մը ունենալ ուզեցի:

Իմ յամառութիւնն ու վճռականութիւնը մեծ անհանգստութիւն յառաջացուց իմ մերձաւորներու եւ ընտանիքի մօտ: Ամէն մարդ իր պարտքը համարեց՝ զիս համոզել հրաժարիլ իմ անհաս թուացեալ նպատակէն: Իմ դասղեկն անգամ օր մը մայրիկս հրաւիրեց դպրոց՝ լուրջ խօսակցութեան. «Անահիտ, Արեւիկ պատկերացում չունի, թէ դէպի ո՛ւր կը սլանայ: Ան պիտի չկարենայ սորվիլ Երեւանի մէջ: Ափսոս է: Վերջը պիտի զղջայ: Փորձէք ձեր դուստրը համոզել ետ կենալ իր անհաս փափաքէն»: Իմ մեծ մօր բարձրաստիճան ու մտաւորական եղբայրները նոյնպէս փորձեցին ամէն գնով զիս ետ պահել իմ պատրանքէն: Սակայն իմ պատասխանը մշտապէս անփոփոխ էր. «Ներողութիւն, ձեզմէ ո՞վ պիտի հոգայ իմ վաղուայ հացի խնդիրը: Կամ ինչո՞ւ ես իմ վիզը ծուռ պիտի նայիմ ուրիշի ողորմութեան: Շնորհակալ եմ ձեր մտահոգութեան ու խորհուրդներու համար: Սակայն, թոյլ տուէք ես որոշեմ իմ կեանքի ընթացքը: Անհրաժեշտութեան պարագային ես պատրաստ եմ՝ տասն տարի անգամ պարապիլ, միայն թէ հասնիմ իմ նպատակին»: Թերահաւատօրէն իւրաքանչիւրը կը շարժէր գլուխը՝ թողնելով զիս առանձին իմ մտքերու հետ:

Երեւանի Պետական համալսարանի վկայականը Արցախի մէջ առաւել յարգի էր քան Արցախի Պետական համալսարանինը: Այդ վկայականով քու դիմաց կը բացուի իւրաքանչիւր դուռ: Յետագային պիտի կարենայի դիւրութեամբ գտնել աշխատանք: Այսինքն իմ ամբողջ կեանքի հանապազօրեայ հացը սեփական քրտինքով պիտի կարենայի վաստակիլ: Իմ անկոտրուն կամքի շնորհիւ, մեծ դժուարութեամբ ու զրկանքներով կ՚ընթանայի առաջ:

Բաւական դժուար էր դասերէ վերջ յոգնած ուղեղով պատրաստուիլ կամ երթալ մասնաւոր պարապմունքներու, որոնք հիմնականին տեղի կ՚ունենային մեր ուսուցչուհիներու տան մէջ: Օրուայ ծանրաբեռնուածութեան տակ կքած ըլլալու պատճառաւ յաճախ կու լայի: Հայերէն լեզուի հոմանիշներու, հականիշներու, դարձուածքներու սերտումը մեծ դժուարութեամբ կը տրուէր մեզի: Այդքանը յիշելը բաւական խրթին էր: Ընկերներով կ՚երազէինք սարքի մը միջոցաւ այդ ամէնը տեղաւորել մեր ուղեղի մէջ: Իմ մայրիկը նոյնպէս՝ տրուելով հոսանքի ազդեցութեան, ի սկզբանէ կը փորձէր զիս ետ կեցնել իմ որոշումէն: Սակայն նշմարելով, որ ես ոչ մէկ ձեւով կ՚ընկրկիմ, ան սկսաւ սատարել ինծի: Այս եղաւ իմ առաջին յաղթանակը:

Օրերը կ՚անցնէին, քննութիւնները կը մօտենային: Յիաւի ես պատրաստ չէի այդ տարի համալսարան ընդունուելու: Յանպատրաստի ըլլալով հանդերձ կը սպասէի հրաշքի մը: Ապաւինած էի Տիրոջ: Աւելի ճիշդ, կը փորձէի շահագործել Աստուծոյ բարութիւնը: Իմ փափաքներու իրականացումի համար կ՚աղօթէի շատ ու կը յաճախէի եկեղեցի: Քննութիւններու նախաշեմին՝ տասնեօթ տարեկան հասակիս մէջ մկրտուեցայ:

Ստեփանակերտի Ս. Յակոբ եկեղեցիի մէջ, ամուր հաւատք ունեցողներէն մին՝ Արմէնը, որու հետ շատ կը սիրէի զրուցել, կարդալով իմ միտքը, ինծի յուշեց, որ  կարելի չէ փորձել զԱստուած ծառայեցնել մեր սեփական շահերու համար: Իսկ եթէ ես կը փորձեմ ամրապնդել իմ հաւատքը, Տէրը զիս պիտի փորձէ բազում փորձանքներու ու փորձութիւններու միջոցաւ: Այդ պահին ես զգացի, որ այդ տարի պիտի չկարենամ ընդունուիլ համալսարան:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի...

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2022