«ՀԱՅ ԱՂՋԻԿ, ԱՆՆՄԱՆ»
Տարիներ առաջ բարեկամի մը հետ ունեցայ հետեւեալ բանավէճը. ինք պնդեց, թէ երգերու մէջ բառերէն աւելի երաժշտութիւնն է կարեւորը, որովհետեւ այդ մէկն է, որ հաճոյք կը պատճառէ մարդուն, մինչ իր կարծիքին հակառակ ես պնդեցի, թէ բառերն են, որ ապրումն ու զգացումը կը փոխանցեն. այս նիւթին շուրջ մինչեւ օրս չկրցանք հասարակաց եզրակացութիւն մը կազմել. ինք մնաց երաժշտութեան, իսկ ես մնացի բառերու կողմնակից:
Երաժշտութեան պարագային բառերը կը կարեւորեմ, որովհետեւ երաժշտութիւնը երգի կը վերածուի բառերու միջոցով եւ եթէ լաւապէս չհասկնաս ինչի մասին է բառերը, շատ անգամ արտառոց վիճակներ կրնաս ստեղծել: Օրինակ՝ Լիբանան գտնուած միջոցիս գրեթէ բոլոր հաւաքներուն «Գետաշէն» երգը կը լսուէր ու յանկարծ բոլորը կը սկսէին ծափել այնտեղ, ուր երգը կ՚ըսէ «չորս կողմդ անդունդ է, ճամբէքդ՝ փակուած, երկնքում սեւ ու մութ ամպեր կուտակուած». հո՛ս է, որ սկիզբ կ՚առնէ բառերու եւ երաժշտութեան զաւեշտը:
Վերջերս Հայաստանի մէջ տարածում գտած է Էլոն Սաֆարեանի կատարողութեամբ երգ մը՝ «Հայ աղջիկ» խորագրով. երգը ունի հրաշալի երաժշտութիւն, ունի նաեւ հրաշալի բառեր, որոնք սակայն այնքան ալ լաւատես չեն: Վերջերս բազմաթիւ հայ երիտասարդուհիներ ու պարմանուհիներ հրապուրուելով երգի առաջին տողէն սկսած են համացանցի մէջ տեսանիւթեր հրապարակել, առանց անդրադառնալու, որ երգը հայութեան վերագրուած դժբախտ երեւոյթի մը ահազանգն է, որ կը կատարէ:
Երգին առաջին տողերը կ՚ըսեն «Հայ աղջիկ աննման»։ Այս բառերէն ներշնչուած մեր երիտասարդուհիները կը կարծեն, թէ հայ աղջկան գեղեցկութեան ու աննման ըլլալու ճշմարտութեան մասին է երգը եւ տեսանիւթեր կը պատրաստեն, առանց ուշադրութիւն դարձնելու, որ երգին յաջորդ տողը կ՚ըսէ «չկայ դէմքիդ հայի նշան». շարունակելով այդ դժբախտ երեւոյթին մասին խօսիլ երգի հեղինակը կ՚ըսէ. «Աչքերդ նայիրեան, լցուել են օտարութեամբ»: Այլ խօսքով երգը ահազանգ մըն է օտարութեան մէջ կամաց կամաց հայաթափուող հայ սերունդին, որոնք իրենց վարքով ու բարքով, մինչեւ իսկ արտաքին կերպարով հայաթափուած եւ իրենց վրայ վերցուցած են օտարինը:
Այս երգի ընկերակցութեամբ կարուած բոլոր տեսերիզները ժպիտներով ու հազար ու մէկ արտառոց պարերով նկարուած են մեր երիտասարդութեան կողմէ, որովհետեւ անոնց համար կարեւորը «հայ աղջիկ աննման»ն է փաստօրէն եւ մնացածը՝ անկարեւոր:
Հեղինակը շարունակելով իր ահազանգը կ՚ըսէ. «քամին արդէն տանում է նրանց բուրմունքը նայիրեան». այսօր շրջեցէ՛ք Երեւանի փողոցները եւ տեսէ՛ք երիտասարդութիւնը. եւրոպացին ու ամերիկացին կապկել փորձելով կորսնցուցած են հայկականութիւնը եւ ինչու չէ նաեւ սկսած են ատել հայկականութիւնը, որոնց համար հին ու ժամանակավրէպ բան մը ըլլալէ բացի ուրիշ բան մը չէ:
Այսօր ոչ թէ օտարութեան մէջ, այլ Հայրենիքի մէջ եւս հայը իր հայութեան հանդէպ դարձած է օտար. օտարութիւն՝ որ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին երեսներու վրայ նշմարուող է: Մեր մէջ օտարացած է ամէ՛ն բան. արտաքին տեսքին հետ միասին օտարացած է նաեւ բառապաշարը, նախասիրութիւնները, հետաքրքրութիւնները, մտածելակերպը, հաւատքի եւ կրօնքի հանդէպ մօտեցումը եւ գրեթէ ամէ՛ն բան:
Վերոյիշեալ երգի հեղինակը իր երգին մէջ կը բարձրացնէ հետեւեալ հրաւէրն ու կոչը.- «Տէ՛ զարթնէք հայ մայրեր, մի՛ թողէք որ նրանք կորչեն»։ Հեղինակը արթնութեան կոչ կ՚ուղղէ հայ մայրերուն, որպէսզի անոնք առաջքը առնեն այդ կորուստին եւ առանց վարանելու ըսեմ, որ ապագան շա՜տ աւելի ցաւալի վիճակ պիտի ունենայ քան այսօրը, որովհետեւ այդ օտարացած աննման հայ աղջիկները իրե՛նք պիտի դառնան մայրեր եւ հայաթափուած երիտասարդէ մը հայրենասէր նոր սերունդ մը սպասելը շատ տրամաբանական կրնայ չըլլալ:
Մենք կեդրոնացած կ՚ապրինք մեր ներկան, որ այնքան ալ փայլուն վիճակ մը չունի եւ այդ ներկային վրայ պիտի գայ հաստատուի մեր ապագան. պատկեր՝ որ աւազի վրայ տուն շինելէն բանով մը չի տարբերիր:
Այսօր աշխարհի մէջ փոխուած է «ինչ որ ցանես այն կը հնձես» բանաձեւը, որովհետեւ մեր նախնիները հայրենասիրութիւն ցանեցին, սակայն կեանքը փաստեց, որ սերունդէ սերունդ սկսանք հնձել այն՝ ինչ որ մենք չենք ցանած եւ կամ ընդհանրապէս չենք կրցած ցանել: Չենք կրցած մեր ներկան հաստատել մեր անցեալի սիւներուն վրայ եւ հեռու չէ, որ ապագան եւս հետեւի անոր եւ գայ օր որ երանի՜ տանք այնքան ալ երանելի չեղող մեր այս օրերուն:
Երանի թէ՛ կեանքին եւ թէ՛ երգերուն մէջ կարենանք զանազանել կարեւորը՝ անկարեւորէն, կարենանք հասկնալ անոնց խորհուրդը եւ մտածել ա՛յն ելքերուն մասին, թէ ինչպէս կարելի է օտարութեամբ լեցուող աչքերը վերադարձնել իր նախնական հայկականութեան, որոնք շա՜տ աւելի ազդեցիկ ու գեղեցիկ են քան հիմա:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԽԱԹԵԱՆ
(1882-1938)
Մեր թուականէն 84 տարիներ առաջ՝ 9 ապրիլ 1938-ին գնդակահարութեամբ մահացած է գրականագէտ, թարգմանիչ եւ Գրողներու միութեան անդամ Յարութիւն Սուրխաթեան (բուն անունով՝ Յարութիւն Թումանեան):
Սուրխաթեան ծնած է 5 մայիս 1882-ին Խրիմի մէջ. նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցէն ներս, սակայն փոքր տարիքէն կորսնցնելով իր հայրը ուսումը կիսատ ձգելով անցած է աշխատանքի: Փոքր տարիքէն ծանր աշխատանքներ կատարելով Յարութիւն Սուրխաթեան բռնուած է թոքախտի հիւանդութեամբ. այդ վիճակով որոշ ժամանակ աշխատելէ ետք մեկնած է Թիֆլիզ՝ մաս կազմելու Կարա-Մուրզայի երգչախումբին, ինչ որ հիւանդութեան պատճառով չէ կրցած շարունակել:
Սուրխաթեան ապա մեկնած է Աշխապատ եւ տեղի հայկական դպրոցէն ներս ստանձնած ուսուցչութեան պաշտօն. առողջական վիճակի պատճառով երկար չմնալով ուսուցչութեան պաշտօնի վրայ դարձեալ վերադարձած է Թիֆլիզ, ուր սկսած է ուսուցչագործել Յովնանեան դպրոցէն ներս: Սուրխաթեան 1918 թուականէն սկսած է աշխատակցիլ «Պահակ» եւ «Կարմիր Ծիլեր» պարբերականներուն: Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք նշանակուած է Վրաստանէն ներս Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ արտասահմանի հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ:
Սուրխաթեան մեծ աշխատանք տարած է դասագիրքերու պատրաստման աշխատանքին մէջ. 1930-ական թուականներուն հայկական գրեթէ բոլոր վարժարանները օգտագործած են Սուրխաթեանի պատրաստած դասագիրքերը:
Սուրխաթեան հրատարակած է իր գործերէն «Մելքոն աղայի սթորիան», «Մելքոն աղայի վերջաբանութիւնը», «Մեր մայրերն ու աղջիկները», «Հոմերոս-Շէյքսփիր», «Հին յունական գրականութիւն» եւ այլ աշխատութիւններ:
Սուրխաթեան զոհ դարձած է Ստալինեան հալածանքներուն եւ բռնադատուելով գնդակահարութեամբ մահուան դատապարտուած է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ