Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը տեղեկացուց, որ պիտի մասնակցի Աւանդական ու համաշխարհային կրօններու առաջնորդներու համագումարին։ Կը հաղորդուի, որ այդ համագումարը յառաջիկայ սեպտեմբերին նախատեսուած է Ղազախիստանի մէջ։