Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՔԱՂԱՔՍ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ մեկնած էր Հայաստան, արդէն վերադարձաւ քաղաքս։ Ուղեւորութեան օրերուն ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ներկայացած է նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։
Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան միջոց մը առաջ թերթիս տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած էր Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի յառաջիկայ աշնան դէպի Վան այցելութիւն մը իրականացնելու հաւանականութեան։ Ան յայտնած էր, որ ամէն ինչ վերջնականօրէն յայտնի պիտի դառնայ Մայիսին։ Այս կապակցութեամբ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանէն հետաքրքրուեցանք, թէ արդեօք յստակեցա՞ծ է ամէն ինչ։ Ի պատասխան Նորին Սրբազնութիւնը յայտնեց, թէ այդպիսի այցելութիւն մը տեղի պիտի չունենայ։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024