ՄԻՏՔԵՐՈՒ ԽՏԱՑՈՒՄ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բազմամեայ սիւնակագիր, Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի յօդուածներէն բաղկացեալ ժողովածու մը Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրուած է։ «Կեանքը որ կ՚ապրինք» վերնագրեալ՝ հեղինակի յօդուածներու այս հատընտիրը Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի համատեղ հրատարակութիւնը կը հանդիսանայ։ Հաստափոր հատորը կազմած ու խմբագրած է մեր աշխատակից Վարանդ Քորթմոսեան։ Գիրքի սկիզբին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի Օրհնութեան գիրը զետեղուած է։ Սկզբնամասին կան նաեւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան պատգամը եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան խօսքը, որ գրի առնուած է թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի կողմէ։ Հեղինակ տէր հայրը այս հրատարակութիւնը պատեհ առիթ համարած է ոգեկոչելու համար իր բարեյիշատակ հայրը՝ լուսահոգի Գրիգոր Գալփաքճեանը, որ եւս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին մաս կազմած է։

«Կեանքը որ կ՚ապրինք»ի հրատարակութիւնը իրականացած է մեկենասութեամբ՝ տքթ. Խաչիկ Միսաք եւ Իրմա (Լոքմակէօզեան) Թաթարեան ամոլի։ Մեկենասները այս գիրքը ձօնած են իրենց յոյժ սիրեցեալ ծնողաց՝ հոգելոյս Տ. Ատովմ Քահանայ եւ երէցկին ողբացեալ Արփինէ Թաթարեանի եւ հանգուցեալք Զարեհ եւ Մելինէ Լոքմակէօզեաններու քաղցր յիշատակին։

Վարանդ Քորթմոսեան գիրքի սկիզբին ամփոփ ձեւով ներկայացուցած է բովանդակութեան առանձնայատկութիւնները։ Ճոխ բովանդակութիւնը կը բաղկանայ տասնմէկ գլուխէ։ Առաջին տասն բաժինները կ՚ընդգրկեն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի կողմէ ստորագրուած շուրջ 150 յօդուած՝ դասաւորուած ըստ նիւթերուն։ Իւրաքանչիւր գլուխ տարանջատուած է գեղարուեստական բնոյթով գունատիպ լուսանկարով մը, ինչ որ կը համալրէ ընթերցողի պատկերացումը։ Գիրքի վերջին գլուխը հեղինակին՝ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի հետ կատարուած անտիպ հարցազրոյցի մը ամբողջական սղագրութենէն կը բաղկանայ։ Այսպէս, երբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դարադարձը 2008 թուականէն սկսեալ նշուած էր շուրջ հինգ տարիներու վրայ տարածուած բազմակողմանի ծրագրով մը, յոբելեանը արժեւորելու համար պատրաստուած էր «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ժամանակը» փաստավաւերագրական ժապաւէնը։ Բացառիկ նշանակութեամբ այդ գործը արտադրուած էր Երեւանի «Վերսուս սթուտիա»ին կողմէ։ Այդ նախագծին համար ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան պատշգամին վրայ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի հետ կատարուած էր հարցազրոյց մը, որմէ միայն սահմանափակ հատուածներ օգտագործուած էին եւ որու ամբողջը ցայսօր մնացած էր անտիպ։ «Կեանքը որ կ՚ապրինք» գիրքը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի թուղթին յանձնուի այդ անտիպ տեսագրութեան ամբողջական սղագրութիւնը։ Հարկ է նշել, որ այդ հարցազրոյցը կատարուած էր Հայաստանէն յայտնի մտաւորական Տիգրան Պասկեւիչեանի կողմէ։

«Կեանքը որ կ՚ապրինք» հատորին մէջ ընթերցողը կը գտնէ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի գրչին արգասիքը բազմաթիւ գրութիւններ զանազան նիւթերու. ինչպէս՝ Սուրբ Գիրքի, կրօնաբարոյական, եկեղեցագիտական, Մեծ պահքի կիրակիներուն եւ Աւագ շաբթուան, տօներու, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի, մշակոյթի, լուսահոգի երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանի, թրքահայ համայնքին եւ զանազան անձնաւորութիւններու մասին։ Ընթերցողը թերթատելով այս հատորին էջերը՝ հաղորդակից կը դառնայ հեղինակ քահանայ հօր հոգեմտաւոր ապրումներուն, մշակութային եւ համայնքային հարցերու նկատմամբ մօտեցումին եւ, ինչպէս հատորին վերնագիրը կը յուշէ, ընթերցողը այս գիրքին միջոցով առիթ կ՚ունենայ վերանայելու՝ ի՛ր իսկ կեանքը, մե՛ր կեանքը, որ կ՚ապրինք։ Նորատիպ ժողովածոյին մաս կազմած յօդուածները առհասարակ հրատարակուած են ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ։

Գիրքի կողքը պատրաստուած է լուսանկարիչ Տաթեւ Դուրեանի կողմէ նկարահանուած դրուագով մը։ Կողքի եւ ընդհանուր գեղարուեստական ձեւաւորման խորհրդատուն եղած է Կէօքչէն Էրկիւվէն։

Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի «Կեանքը որ կ՚ապրինք»ը կարելի է ապահովել Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկէն եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունէն։

*

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածներուս այս ժողովածոյի հրատարակութիւնը կը համարեմ լուսահոգի հօրս՝ յաւէտ ողբացեալ Գրիգոր Գալփաքճեանի ոգեկոչման համար եզակի առիթ մը։

Այս առթիւ ամենախորին ակնածանքով երախտագիտութիւն կը յայտնեմ՝

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
ԱՄԵՆ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԱՐՔ. ՄԱՇԱԼԵԱՆԻ

որ բարի եղած է Օրհնութեան գիր մը շնորհել։

Անկեղծ շնորհակալութիւններ կը յայտնեմ գիրքի մեկենաս ազնուաշուք Տէր եւ Տիկին տքթ. Խաչիկ եւ Իրմա Թաթարեանին, որ այս հատորը ձօնած է հոգելոյս Տ. Ատովմ Քհնյ. Թաթարեանի բարի յիշատակին։ Այս առթիւ նուաստս եւս կ՚օրհնէ վախճանեալ տէր հօր յիշատակը։ Տէրը լուսաւորէ իր ազնիւ հոգին։

Խորազգած շնորհակալութիւններ կը յայտնեմ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի պատուարժան վարչութեան, որ այս հրատարակութեան մտայղացումը ունեցած է եւ ամենայն հաստատակամութեամբ հետամուտ եղած՝ համապատասխան ծրագրի ի կատար ածուելուն։

Անսահման շնորհակալութիւն իմ այնքան սիրելի եւ հարազատ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին։ Արդարեւ, թերթիս պատուարժան խմբագրութիւնը ամենայն բծախնդրութեամբ ի գլուխ հանած է անհրաժեշտ պատրաստութիւնները։ Մասնաւոր շնորհակալութիւն կը յայտնեմ երիտասարդ գրչեղբօրս՝ սիրելի Վարանդ (Յակոբ) Քորթմոսեանին, որ բարեխիղճ ու տքնաջան աշխատանքով կազմած է ու խմբագրած այս հատորը։

Տէրը վարձահատոյց ըլլայ բոլորին։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2022