ԱՒԱԳ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ

Աւագ չորեքշաբթին համեմատած նախորդ՝ Աւագ երեքշաբթուան հետ, աւելի խաղաղ է։ Յիսուս Իր սովորութեան համաձայն չէ գացած տաճար աղօթելու կամ քարոզելու համար։ Կարծես նախապատրաստուելու եւ ինքնամփոփուելու օրն է՝ յաջորդող օրերուն գալիք փոթորիկներուն տոկալու համար։

Երկու յատկանշական դէպք կայ այս օրուան վերաբերող։

Առաջին.- Իր աշակերտներէն՝ Յուդա Իսկարիովտացին համաձայնեցաւ երեսուն արծաթի փոխարէն մատնել իր Վարդապետը, Օրէնքի Ուսուցիչներուն եւ Փարիսեցիներուն։

Երկրորդ.- Բեթանիայի մէջ բորոտ Սիմոնի տան մէջ Քրիստոսի օծումը, որպէս սիրոյ եւ երախտագիտութեան խորին զգացում՝ հանդէպ երկնային Վարդապետին, եւ որպէս խորհրդանիշ՝ Անոր մօտալուտ մահուան (տե՛ս Մտ 26.6-13)։

Աւագ չորեքշաբթին ստեղծագործութեան չորրորդ օրը կը խորհրդանշէ եւ պատկերն է չորրորդ ժամանակաշրջանին, երբ Աբրահամ Իսահակը ունենալուն աւետիսը ստացաւ, հրեայ ժողովուրդը Եգիպտոսէն դուրս եկաւ եւ փոխադրուեցաւ Աւետեաց երկիր։

Զաքարիա Ձագեցի Կաթողիկոս կը գրէ. «Այս պատճառով առաքեալները հաստատութեամբ կարգեցին իւրաքանչիւր չորեքշաբթի օր ծոմ պահել (պահք պահել) միսէն եւ ինչ որ միսէն կու գայ, որովհետեւ մշտնջենաւոր, անժամանակ, աներեւոյթ եւ մեծ Աստուծոյ եւ Քահանայապետին արեան գինն ենք, որ մեզի համար ծախուեցաւ՝ որպէսզի մեզ փրկէ այս նանիր աշխարհէն եւ անոր ժամանակաւոր զբաղումներէն ու ընչասիրութենէն։ Որպէսզի Յուդային հետ յաւիտենապէս չկորսուինք, այլ՝ մարմնացեալ Բանն Աստուածը պահէ մեզ, որ մեզի համար ծառայի կերպարան ստացաւ, որպէսզի աւազանին մեծ վերածնութեամբ արարչական եւ անապական պատկերը հագուեցնէ. եւ Յիսուս Քրիստոսով՝ մեր Տիրոջմով, մեզ արժանացնէ խոստացուած բարիքներուն, որուն կը վայելէ փառք, այժմ եւ յաւիտեանս։ Ամէն» (հատուած Աւագ Չորեքշաբթուան ճառէն)։

Իսկ Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան, այսպէս կը գրէ. «Օրուայ խորհուրդին ճամբով Եկեղեցւոյ Սրբազան հայրերը մեզ կը զգուշացնեն նախանձէն, կեղծաւորութենէն ու արծաթսիրութենէն, որովհետեւ ատոնք եթէ մեր սրտին մէջ տեղ գտած են, ապա մեր կեանքին մէջ պիտի դաւաճանենք մեր տէրերուն եւ այս պարագային՝ Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ՝ այլեւայլ կերպերու ոճիրներ պիտի գործենք:

Անխուսափելիօրէն եսասէր ու անձնակեդրոն դառնալով՝ պիտի ոտնակոխենք բոլորը, պիտի իրաւազրկենք, թշնամանանք ու հակառակինք: Արծաթասէր մարդը չի կրնար Աստուածասէր ու մարդասէր ըլլալ: Կեղծաւոր մարդը չի կրնար ճշմարտախօս ու արդարադատ ըլլալ: Ինչպէս նաեւ ընչաքաղց մարդը միշտ ալ անապահովութեամբ եւ կասկածանքով մոլեգնած ըլլալով՝ չի կրնար գոհացող ու խաղաղասէր ըլլալ» (Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան, «Աւագ շաբաթ», Անթիլիաս 2019, էջ 31-32):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2022