ԲԱՐԵՒ՝ ԵՍ ԵՄ - ԲԱՐԻ ՈՂՋՈՅՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ
Անցեալը որպէս քաղցր յուշ ծոցագրպանս է: Ներկայի մէջ կը սաւառնիմ, յաճախ մոռնալով կանգառի մասին: Բոլոր մտածումներս ալ կապած եմ ապագային: Ներկայի մէջ ինքզինքս հազուադէպ կը բռնացնեմ, մշտապէս կը փութամ դէպի գալիք: Թէպէտ գիտեմ, որ աստուածահաճոյ գործ մը չէ ներկայէն խոյս տալը, պահը չվայելելը: Աւա՜ղ, տակաւին չկրցայ լրացնել իմ այս բացը:
Կրկին կը թերթեմ իմ յուշամատեանը՝ թարմացնելով անցեալի ապրումներն ու զգացումները:
Ամէն շրջանի ունեցած եմ ընկերներ: Ոմանք եկած ու գացած են, ոմանք ալ մնացած մինչեւ այսօր: Գացածները կը յիշեմ մէկիկ-մէկիկ, վստահաբար ոչ մէկ պատահական կը յայտնուի մեր կեանքին մէջ: Զոր օրինակ՝ Դաւիթն ու Գայիանէն, որոնց հետ կը խաղայի հինգ-վեց տարեկան հասակիս: Կը յիշեմ անոնց դէմքերն ու անունները: Երբեմն միտքս կու գան, կ՚ուզեմ փողոցներու մէջ հանդիպիլ անոնց, խօսիլ... Սակայն անկարելի է ինչ-որ տեղ հանդիպիլ իմ ծոցագրպանի յուշամատեանի մէջ խնամքով պահած այդ երեսները, քանզի այդ մանուկները այլեւս չկան: Անոնք վաղուց մեծիկ ու մեծ դարձած են:
Կ՚ըսեն՝ մարդը առանց ընկերի կը նմանի մերկ ծառի մը, կամ առանց ընկերի մարդը մարդ չէ: Համամիտ եմ: Ինչպէս միշտ, կեդրոնանալով մտքի մը կամ արտայայտութեան մը վրայ՝ կը գամեմ զայն իմ մտքին: Այս ալ այդպիսիներէն մին է: Երկար ժամանակ խորհած եմ, թէ արդեօք համամի՞տ եմ հնչեցուած այս կարծիքի հետ, թէ ոչ: Կը պարզուի համամիտ եմ:
Միայն ընկերներու հետ կարելի է լիաթոք ուրախանալ, խնդալ ու զուարճանալ: Եւ անոնց արտայայտած հակասական կարծիքները ընդունիլ ոչ թէ որպէս սուր քննադատութիւն, այլ պարզապէս միտք մը ու չսրդողիլ:
Իմ համալսարանական կեանքի առաջին տարիի մէջ ընկերներուս թիւը աճեցաւ: Շատեր անկոչ հիւրի պէս յայտնուեցան իմ կեանքի մէջ: Յետագային ալ անհետացան ճիշդ այնպէս, ինչպէս յայտնուեցան: Ոմանք ալ մնացին, դարձան իմ ընտանիքի, իմ աշխարհի պարագաներ: Ընկերներէս մէկը առաջին իսկ օրուընէ շատ սիրեցի: Առաւել շատ կը սիրեմ զայն կոչել պարոն Մանուէլեան: Ան տակաւին հասարակ ուսանող մըն էր, հեռուն գացող հայեացքով, երբ ես զինքը կոչեցի պարոն: Այսօր շատեր Սերկէյը կը կոչեն պարոն, ակնածանքով կը վերաբերին, ոմանք ալ կը նախանձին: Զանազան կոչումներ կը վերագրեն վերջինիս. թուրքագէտ, փորձագէտ, երաժշտական վերլուծաբան: Պատճառը քանի մը գիրք հեղինակելն է՝ «Լուսինէ Զաքարեանը ժամանակակիցների յուշերում», «Մեդեա Աբրահամեան»: Այս շարքը շուտով կը համալրուի նոր աշխատանքով:
Աւելի քան տասնամեայ մեր ընկերութիւնը հետաքրքրական ընթացք մը ունեցած է: Պահ մը դադրեցուցինք մեր շփումը: Պատճառը չեմ յիշեր: Այդպէս եղաւ: Առհասարակ ընկերութեան մէջ յաճախ կը պատահին այսպիսի ճգնաժամեր: Կը թուէր, թէ պարանը շուտով պիտի փրթի, սակայն տեղի ունեցաւ ճիշդ հակառակը: Այլեւս մկրատը առած էի իմ ձեռքը ու կը կտրէի վերջին թելը:
Քանի մը տարի առաջ Սերկէյը ժամանեց Պոլիս, ուր ես կ՚ապրէի ու առանց ինծի հետ կապ հաստատելու վերադարձաւ: Այս քայլը վիրաւորեց զիս մինչեւ իմ հոգիի խորը: Այնքան շատ սրդողեցայ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 2018 թուականի նոյեմբերի 7-ին տպագրուած իմ հերթական սիւնակի մէջ խօսեցայ այդ մասին: Որոշ ժամանակ անց նամակ մը ստացայ՝ Սերկէյն էր, շուարած ու անակնկալի եկած: Խօսեցանք, հասկցանք զիրար ու ամուր կապով մը շաղկապելով մեր ընկերութիւնը շարունակեցինք: Այսօր Սերկէյը ո՛չ միայն իմ ընկերն է, այլեւ՝ Արիի: Կը սիրենք յաճախ մեր միւս ընկերներու հետ մէկտեղուիլ: Իմ այդ սիւնակով ես կրկին վերագտայ իմ լաւ ընկերը, իմ հոգիի յուշարարը:
Ո՞ւր մնացին իմ ընկերները... Ստեփանակերտ, Երեւան, Պոլիս: Ցրուեցան աշխարհով մէկ: Կը կարօտնամ բոլորն ալ: Ընկերներու պարագային ալ կարեւորը քանակը չէ՝ որակն է: Իսկ այս հարցի լուծումը, ինչպէս միշտ, իր ուսերուն կը վերցնէ մեծն իմաստուն ժամանակը. մաղեցի-մաղեցի, թողեցի լաւագոյնները:
Երանի՜ ինծի, որ պարգեւատրուած եմ լաւագոյններով: Այսքանով կը գոցեմ եւս մէկ կարեւոր էջ իմ կեանքէն: Կը տեսնուինք, բայց չեմ գիտեր ե՞րբ…
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
•վերջ
Երեւան