ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ
Եկեղեցական իրաւունքը ունի իր յատուկ իրաւական դրութիւնը որպէս ընդհանուր եւ տիեզերական իրաւական ամբողջական դրութեան մէկ մասը։ Արդարեւ իրաւական դրութիւններ սկզբունքով ամբողջ մը կը կազմեն, բայց հաստատութեան նկարագրի համեմատութեամբ եւ հաստատութեան յատկութիւններուն համաձայն մասնակի տարբերութիւններ կը յայտնուին։
Այս ուղղութեամբ Հայ Եկեղեցին ալ ունի իւրայատուկ իրաւունքի կազմը եւ դրութիւնը։ Ուսի կ՚արժէ պատմականօրէն ուսումնասիրել այդ դրութիւնը։
«Պատմականօրէն» կ՚ըսենք, քանի որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պարտաւո՛ր է հպատակիլ եւ հնազանդիլ իր պատկանած երկրին եւ հպատակութեան տակ պետութեան քաղաքային իրաւունքին, օրէնքներուն հնազանդիլ եւ իր քաղաքական կեանքը կանոնաւորել ըստ քաղաքային-աշխարհական իրաւունքի դրութեան պարտաւորութիւններուն։ Նախքան եկեղեցական իրաւունքը՝ քաղաքային իրաւունքի գործադրութիւնը պատկանելիութեան եւ հպատակութեան հարկաւորութիւն մըն է։ Այս իսկ պատճառով կ՚ըսենք, թէ «եկեղեցական իրաւունք»ը կ՚ուսումնասիրենք պատմական տեսակէտէ՝ որպէս կարեւոր մէկ մասը ընդհանուր իրաւական դրութեան, որ սկզբունքով «ամբողջ» մը կը կազմէ։ Ըսենք ծառի մը ճիւղերն են իւրաքանչիւր իրաւական դրութիւն, որոնց բունը մէ՛կ է…։
Եկեղեցական ընդհանուր իրաւունքը հիմնուած է նախ Աւետարանի, յետոյ Առաքելական Կանոններու վրայ։
Այս կը նշանակէ՝ թէ եկեղեցւոյ ընդհանուր իրաւունքը իբրեւ տիպար ունի «հին եկեղեցի»ի կարգ ու կանոնը։
Առաքելական կարգադրութիւնները «Առաքելական Կանոն»ներէն զատ ութ գիրքէ բաղկացած ժողովածու մըն է։ Ինչպէս բազմաթիւ հարցերու, Առաքելական կանոններ կը խօսի աշխարհականներու զանազան վարք ու բարքի մասին, որոնցմէ է նաեւ որբերու մասին պատուէրները։ Թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Եկեղեցական իրաւունքը որբերու մասին։
Առաքեալներու ժամանակ կը վաճառէին ամէն ինչ եւ կը յանձնէին դրամը առաքեալներուն՝ կազմելով «ընդհանուր գանձարան» մը, որով կը կերակրուէին ու կը խնամուէին բոլորը եւ այսպէս անխտիր ամէնքին գոհացում կը տրուէր եւ առաջքը կ՚առնուէր աղքատութեան (ԳՈՐԾՔ. Դ 32-37)։ Առաքելական կարգադրութիւններու համաձայն այս գումարէն երկու մաս կը ստանային որբերը։
Իսկ Հայ Եկեղեցւոյ՝ Աշտիշատի ժողովի (365թ.) կանոններու համաձայն «որբերու եւ այրիներու համար պիտի կառուցուի որբանոցներ եւ այրիանոցներ եւ անոնց պէտքերը հոգալու համար պիտի նախատեսուին առանձին տուրքեր ու հասեր»։
Գալով ամուսնութեան, Ամուսնութիւնը՝ որ կը նշանակէ ընտանիք կազմել օրինաւոր պայմաններու տակ, ամէն ընկերութեան մէջ, ամէն ժամանակաշրջանի ունի իրաւական դրութեան եւ տիեզերական իրաւունքի պայմաններ եւ օրէնքի պաշտպանութեան արժանի է դարձած։ Արդարեւ, ընտանիքը միշտ «սուրբ» նկատուած է եւ յատուկ յարգ ու պատիւ վայելած է ամէն իրաւական դրութեան մէջ, նկատի ունենալով, որ ան ամբողջ ընկերութեան կորիզը եւ հիմն է եւ ընկերութեան կազմաւորումը եւ ընթացքը կախում ունի ընտանիքէն։
Ըլլա՛յ աշխարհային, ըլլա՛յ եկեղեցական եւ ընդհանրապէս կրօնական մարզի մէջ ընտանիքը միշտ ունեցած է բարձր դիրք եւ յատուկ իրաւական խնամքի արժանացած։ Այս իմաստով Եկեղեցին ամուսնութիւնը իրականացնող «Պսակ»ը եկեղեցւոյ խորհուրդներէն մին է համարած, որ կը կատարուի քահանայի օրհնութեամբ եւ եկեղեցիի սրբագործութեամբ՝ որու միջոցով երկու ամուսիններ՝ այր մարդ եւ կին մարդ օրինաւոր կերպով իրարու հետ կապուելով՝ կը կազմեն «միութիւն» մը եւ կը մտնեն որոշ իրաւունքներու եւ օրինական սահմաններու մէջ։
Հայ ժողովուրդի մէջ Դ. դարէն սկսեալ արդէն կան պատմական վկայութիւններ՝ որ եկեղեցական պսակը ընդհանրացած է եւ «օրէնքի ուժ» ստացած էր։ Ուստի Փաւստոս, Ներսէս Մեծի կարգադրութիւններու մասին խօսելով, կ՚ըսէ, թէ ո՛չ ոք կը համարձակէր թողուլ իր կինը, եւ անգամ մը պսակի օրհնութիւնը ստանալէ ետք ո՛չ ոք կը համարձակէր պսակուիլ ուրիշի մը հետ։ Բայց Արշակ թագաւոր Արշաւանի պատճառով երբ այս կարգը վերցուց, մարդ կար, որ տասը կին կ՚առնէր…։
Իսկ Ե. դարուն, Շահապիվանի Ժողովի կանոնն0երուն համաձայն խիստ կարգ ու կանոն սահմանուած էր ո՛չ միայն պսակի մասին, այլեւ պսակէն առաջ որեւէ յարաբերութիւն չունենալու վերաբերմամբ։
Իրականին՝ ընտանիքի առողջ կազմութեան ծառայող կարգ ու կանոնը պէտք չէ նկատուի ժամանակավրէպ, քանի որ «ընտանիք»ը միշտ նոյնն է ամէն շրջանի։ Եւ այս իսկ պատճառով չհաս պսակ կատարող հոգեւորականը նոյն կանոններու համաձայն մինչեւ անգամ կ՚ենթարկուէր կարգալուծութեան եւ տուգանադրամի։
Մինչեւ 9-րդ դար եկեղեցական պսակի հետ կ՚ընդունուէր նաեւ քաղաքացիական պսակը։
Ըստ 1875 թուականին հրատարակուած Պսակի Կանոններուն՝ նշանադրութեան ժամանակ խոստովանահայր քահանան ուշադրութիւն պիտի դարձնէ, թէ՝ յօժարամիտ ու ազատ կամքո՞վ, կ՚ուզեն միութիւն կազմել հարսն ու փեսան, այլ՝ արտաքին պատճառներէ եւ բռնութիւններէ ստիպ-ւած։ Ամուսնացածները պէ՛տք է, որ չափահաս ըլլան։ Նաեւ պէտք է ուշադիր ըլլալ երկուքին առողջութեան, որ յետոյ ապագային տարաբախտութեան պատճառ չդառնայ, քանի որ անլուծանելի՛ է պսակը մինչեւ ցմահ միաբան կենակցութեամբ։ Այս ալ կը նշանակէ՝ թէ Հայ Եկեղեցին եւս ընդունած է օրինաւոր ամուսնութեան կապով հաստատուած միութեան անլուծանելիութի՛ւնը։ Անշուշտ, ինչպէս վերը ըսինք, քաղաքացիական օրէնքներու մարզը եւ եկեղեցական իրաւունքներու մարզը տարբեր է։
Հայ Եկեղեցին կ՚արգիլէ արիւնակիցներու եւ մերձաւորներու ամուսնութիւնը, քանի որ ըստ ֆիզիքական պայմաններու՝ առողջութեան մեծ վնաս կը պատճառէ՝ այդպիսի ամուսնութիւններէ ծնած որդիներու եւ սերունդներու նկատմամբ։ Այս կ՚ենթադրէ «կանոնական հասութիւն», որ կը նշանակէ՝ ազգականական որոշակի աստիճան։ Իբրեւ առո՛ղջ սերունդ ունենալու պայման՝ ամուսնացողները ազգականութեամբ եւ արիւնով որքան հեռո՛ւ ըլլան իրարմէ, այնքան յարգած կ՚ըլլան եկեղեցւոյ կանոնները՝ որոնք հիմնուած են առողջապահական սկզբունքներու վրայ։ Հին կանոններով՝ տղան եօթ պորտ, եօթ ճիւղ կամ եօթ աստիճան հեռու պիտի ըլլայ աղջիկէն՝ որուն հետ ամուսնանալ կը խորհի։ Նոյնքան խիստ էին նախապէս խնամիական եւ հոգեւոր կամ օրինաւոր ազգականութիւնները, զոր օրինակ, սանահայրութիւն կամ կնքահայրութիւն։
Հոգեւոր-օրինական ազգականութեան աստիճաններու արգելքը ժամանակակից անհոգութեան կամ անտարբերութեան պատճառով, այսօր գրեթէ անուշադրութեան մատնուած կ՚երեւին, անշուշտ յարգելով ազնիւ բացառութիւնները։ Այսօր ուշադրութիւն դարձուած է արտաքին իրողութիւններու՝ միա՛յն արենակցական կամ ազգականական կապի աստիճանին, շատ անգամ նկատի ունենալով ֆիզիքական-առողջապահական պայմանները։ Բայց Եկեղեցւոյ համար նո՛յնքան կարեւոր է հոգեւոր-օրինական ազգականութիւնները։
Եկեղեցւոյ իրաւունքի տեսակէտէն՝ ամուսնութեան համար պայմա՛ն է նաեւ չափահասութեան տարիքը։
Չափահասութեան տարիքը կախում ունի կլիմայէն եւ երկրի քաղաքացիական օրէնքներէն։ Արդարեւ արբունքի չհասածները եւ անչափահասները չեն կրնար ամուսնանալ ըստ եկեղեցական օրէնքին եւ Հայ Եկեղեցւոյ իրաւունքին։ Ամուսնացողներու փոխադարձ յօժարութիւնը, հաւանութիւնը, ազատ կամքով տրուած որոշումը եւ մանաւանդ սէրը անհրաժեշտ պայմաններ են՝ ամուսնութեան բնականոն ու բարոյական պարտականութիւնները կատարելու համար։
Մարդ որոշ հոգեկան եւ մտաւոր պաշար մը ունենալու է՝ ամուսնութեան պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ստանալու համար։
Խառն ամուսնութիւններու մասին Առաքեալը կորնթացիներուն գրած իր առաջին նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Միւսներուն ե՛ս կը պատուիրեմ, ո՛չ թէ Տէրը.- Եթէ ոեւէ հաւատացեալ եղբայր ունի անհաւատ կին մը՝ որ կ՚ուզէ իր հետ ամուսնացած մնալ, թող չբաժնուի իր կնոջմէ։ Նոյնպէս, ոեւէ հաւատացեալ կին, եթէ ունի անհաւատ ամուսին մը՝ որ կ՚ուզէ իր հետ ամուսնացած մնալ, թող չբաժնուի իր ամուսինէն։ Անհաւատ ամուսինը կնոջ միջոցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին կապուած կ՚ըլլայ, եւ անհաւատ կինը ամուսինին միջոցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին կապուած կ՚ըլլայ. այլապէս՝ ձեր որդիները հեթանոս պիտի նկատուէին, մինչդեռ հիմա Աստուծոյ ժողովուրդին մաս կը կազմեն։ Սակայն եթէ անհաւատ ամուսինը կամ կինը ուզէ բաժնուիլ՝ թո՛ղ բաժնուի։ Նման պարագաներուն որեւէ պարտադրանք չկա՛յ հաւատացեալ ամուսինին եւ կնոջ վրայ։ Աստուած մեզ կանչեց խաղաղութեամբ ապրելու։ Բայց ո՞վ գիտէ, թերեւս այդ ձեւով ամուսինիդ փրկութեան պատճառ կ՚ըլլաս, ո՛վ կին. կամ դո՛ւն, ո՛վ մարդ. թերեւս այդ ձեւով կնոջդ փրկութեան պատճառ կ՚ըլլաս։ Այլապէս, իւրաքանչիւրը թո՛ղ ապրի Աստուծմէ իրեն տրուած շնորհքին համաձայն, ինչպէս որ էր՝ երբ Աստուած զինք կանչեց։ Այսպէս կը պատուիրեմ բոլոր եկեղեցիներուն։ Հրեա՞յ մըն է կանչուածը. թող չծածկէ իր թլփատուած ըլլալը։ Հեթանոսութենէ եկա՞ծ է. թո՛ղ չթլփատուի։ Քանի որ կարեւոր մարդուս թլփատուած եւ կամ անթլփատ ըլլալը չէ՛. կարեւորը Աստուծոյ պատուիրանը պահե՛լն է» (Ա.ԿՈՐՆԹ. Է 12-19)։
Պօղոս Առաքեալ շա՜տ բան կ՚ըսէ իր այս խօսքերով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 11, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 04/19/2025
- 04/19/2025
- 04/19/2025