ՈՉ ԵՒՍ Է ՎԱՀԱՆ ԻՇԽԱՆԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Հայաստանի մտաւորականութեան կարկառուն ներկայացուցիչներէն Վահան Իշխանեան կնքած է իր մահկանացուն։ Երեւանեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ իր կողակիցը՝ բանաստեղծուհի Վիոլէթ Գրիգորեան տեղեկացուցած է, որ 58 տարեկան հասակին կեանքէ հեռացած է հրապարակագիր Վահան Իշխանեան։

Բազմաթիւ տպագիր կամ առցանց լրատուամիջոցներու աշխատակցած, խմբագիրի կամ թղթակիցի պաշտօններ վարած Վահան Իշխանեան հեղինակած էր նաեւ բազմաթիւ գործեր։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2022