ԻՆՉՈ՞Ւ ՏՈՒՊԱՅԻՆ

Տուպայի քաղաքը՝ մանաւանդ վերջին տասնամեակին, միջազգային մեծ համբաւ ու վարկ սկսաւ շահիլ եւ հետաքրքրականը այն է, որ այդ վարկն ու համբաւը քաղաքական կամ ռազմաաշխարհագրական տեսքերով չապահովեց, այլ ինչ որ աւելի արդար ու իրական է՝ Տուպայիի ժողովրդային ու տնտեսական արժեւորումներով կայացուց իր հռչակը: Երկիրներն ու պետութիւնները հիացած են անով, բայց այն որ աւելի կարեւոր է ու չափանիշային բոլոր ժողովուրդներն ու մարդիկ սքանչացած են Տուպայիով եւ այդ մէկը քարոզչական հիմք չունի, այլ զգալի է, որ մարդոց անկեղծ տպաւորութիւններու եւ ինքնին այդտեղ ապրելու կամ այցելութիւններու արդիւնք են:

Արհեստագիտական յեղափոխութիւնը եւ անոր միջոցաւ ձեւաւորուած ներկայ բաց աշխարհը՝ դիւրութիւններ ընծայեց մարդոց առաւելագոյն չափով ճամբորդելու ու տեղափոխուելու: Եւ բնականաբար, քաղաքներու ու երկիրներու ճանաչողութիւնը բոլոր մարդոց կողմէ բարձրացաւ: Գրեթէ անյայտ տեղեր չմնացին աշխարհի քարտէսին վրայ եւ մարդիկ սկսան աւելի մտածել զիրենք երջանկացնող տեղեր յայտնաբերելու մասին եւ մարդկային տեղաշարժերը սկսան ըլլալ ո՛չ միայն նեղ ու չքաւոր պայմաններէ մեկնած՝ գործ ու եկամուտ փնտռելու համար գաղթերու տեսքով, այլ նոյնինքն կեանքի ընծայուած եւ առաջարկուած պայմաններու աւելի որակաւոր մակարդակներ նախընտրելով տարբեր տեղեր ապրելու ոճով՝ մեկնած բարօրութեան ու տնտեսական միջոցներու առաւելութիւններէն: Այս պարունակով Տուպային վերածուեցաւ աշխարհի թիւ մէկ ուղղութիւններէն մէկուն եւ իր տուած բացառիկ ծառայութիւններով եւ ճոխութեամբ՝ մեծ համաշխարհային մագնիսային քաղաք-հանգոյցի դերով հանդէս սկսաւ գալ: Ամէն տեսակ ոգեղինութեան կողքին միշտ նորն ու նորարարը ձգտելի են ու ցանկալի մարդկութեան համար եւ մարդկային պատմութեան ընթացքին մշտապէս եղած են մագնիսային քաղաքներ՝ իրենց կրօնական, վաճառականական, մշակութային եւ այլ առաւելութիւններով ու նորութիւններով: Եւ մարդիկ միշտ ուզած են ապրիլ ու այցելել այդ քաղաքները եւ ըլլալ կեդրոնին եւ նորութեան ու նորարարութեան մաս: Եւ ինչպէս վերը յիշեցինք, եթէ այդ քաղաքները ռազմական ու կայսերական նուաճումներու արդիւնքով ձեւաւորուած կեդրնոններ չեն, անոնց նուաճումները աւելի ազնուական ու արդար կը համարուին բոլորին կողմէ: Այստեղ առանց խորանալու Տուպայիի կամ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քաղաքական համակարգին ու օրէնքներուն մէջ (մանաւանդ քաղաքացիութիւն պարգեւելու կամ կեցութեան շուրջ), ակներեւ է, որ Տուպային ըլլալով մօտաւորապէս չէզոք ու միջազգային քաղաքականութեան մէջ ոչ-գերպետութեան պատկանող քաղաք մը, ան կրցաւ աշխարհը իր քով բերել, աշխարհը նուաճել տարբեր չափանիշներով: Եւ գրեթէ պատմութեան մէջ չկայ նախադէպ մը, երբ ոչ-գերպետութեան պատկանող քաղաք մը հասնի աշխարհի թիւ մէկ դասակարգման՝ իր իրագործած ծրագիրներով, ծառայութիւններով եւ բազում բնագաւառներէ ներս իր գերազանցութեամբ:

Տուպայիի այսպէս կոչուած հրաշքը տեղ մը նոյնիսկ անըմբռնելի է իր մասշտաբներով եւ որակով, բայց այս կէտին ի յայտ կու գայ մեր ներկայ մրցակցական աշխարհի վառ յաջողութիւններէն օրինակ մը: Մարդ անհատաբար, հաւաքականօրէն եւ պետական կառուցուածքներով միշտ շարժիչ ուժերու, ներշնչանքներու, իտէալներու եւ նոյնիսկ խթանիչ նախանձի պէտք ունի, յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման համար: Երբ նայինք Տուպայիին թէ՛ անհատապէս եւ թէ պետական մակարդակներով, ներշնչանքի ու ոգեւորութեան ու հիացման կողքին, այսպէս ըսած՝ փարոսային բան մը կը գտնենք հոն: Ան իր ամէն ինչով ու պետական-հասարակական կառուցուածքով տեղ մը մեծապէս անգերազանցելի է արդէն:

Յաջողութիւնները խորհրդանիշներ ու գեղեկցութիւններ ունին, իսկ ինչո՞ւ Տուպային հասաւ այսքան մեծ զարգացման ու յաջողութիւններու եւ արդէն գերազանցեց մեծ համբաւ ձեռք ձգած Հոնկ Քոնկը, Սինկափուրը եւ ուրիշ շատ մը քաղաքներ: Պատճառները բազմազան կրնան ըլլալ, բայց մեր կարգին յապաւումով ներկայացնենք մի քանի կէտ Տուպայիի յաջողութեան հասնելուն պատճառներէն.

- Հեռատես, խելացի, կազմակերպուած ղեկավարում, ինչ որ շատեր կը վերագրեն նոյնինքն Շէյխ Մուհամմէտ պին Ռաշիտ էլ Մաքթումին: Հոս ազնուութեան, համեստութեան, հետեւողականութեան ու աշխատասիրութեան, նաեւ տեսիլքի մեծ դասեր կան: Անշուշտ յաջորդ կէտերը կրնան ճիւղաւորուած համարուիլ այս հիմնական կէտէն, բայց կ՚արժէ նշել նոյնպէս անոնք:

- Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ հանգոյց ըլլալու կողքին, երկուքին հոյակապ միաձուլումը իրագործել: Տուպային նոյնիսկ Լաս Վեկասը գերազանցեց իր ճոխութեամբ, մաքրութեամբ ու շքեղութեամբ, միեւնոյն ժամանակ մնաց արաբական քաղաք ու Արեւելքի ժողովուրդներուն ալ ճաշակներն ու մշակոյթները համադրող ու գոհացնող վայր:

- Նորարարութեան ոգիին կատարեալ իւրացումը եւ տեւաբար ձգտումը առաջնութեան:

Դիւրին կրնայ համարուիլ ֆինանսական միջոցներ ունենալու պարագային իրագործել ծրագիրներ, բայց մարդկային ընկերութիւններու եւ պետութիւններու փորձերը ցոյց կու տան, որ նիւթականն ու ֆինանսականը միակ չափանիշը չեն յաջողութեան: Իսկ միակ տեղերէն կրնայ համարուիլ Տուպային, ուր արդարօրէն մարդ հարստութեան մասին եթէ մտածէ եւ փորձէ կատարելապէս տեսնել այդ հարստութեան ճիշդ մարմնացումը, դիւրաւ կրնայ շօշափել զայն:

- Կատարելապաշտութիւնը եւ հետեւողականութիւնը ամէն ինչի մէջ, սկսեալ պարզ ծառայութիւններէն աւարտած բարձրագոյն համակարգերով:

- Խաղաղասիրութիւնը, համերաշխութիւնը ու ներքին օրէնքի խստութիւնը իր գործադրման ամէն տեսակներով:

- Նորի ու նորարարի մարմնացման բարձրագոյն ու յաջողակ դերի ստանձնումը եւ շատ մը այլ պատճառներ:

Տուպային տեղ մը, այո, հարուստներու քաղաքն ու ժամադրավայրը կրնայ համարուիլ, բայց իր իրագործումներով, տեսակով եւ ընթացքով մարդկային միտքի ու ստեղծագործութեան, նաեւ մարդկային շքեղութիւնը իրագործելու հրաշագործութիւններէն կրնայ համարուիլ: Եւ անկախ կամ ի գին քաղաքական, ընկերային, գաղափարաբանական, մշակութային ու տնտեսական մօտեցումներու, Տուպային օրինակելի է իր ամէն ինչով:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

17 ապրիլ 2022

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2022