ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ի.

ԶԱՏԻԿԻ ԿԻՐԱԿԻՆ

«Կիրակի երեկոյ էր, ու դռները փակ էին» (տե՛ս Յհ 20.19):

Կրկնակի պատճառով երեկոյեան երեւցաւ անոնց. առաջին՝ որովհետեւ գիշերով մարդիկ աւելի կը վախնան, երկրորդ՝ քանի որ ցերեկը ցրուած էին եւ հրեաներէն վախնալու պատճառով չէին կրնար միասին հաւաքուիլ. երրորդ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ ձեր մահուան երեկոյին կրնաք զԱստուած տեսնել, իսկ թէ փակ դռներով, որպէսզի ցոյց տայ, թէ նոյն կերպով ալ Կոյսէն ծնայ: 

Իսկ անոնց մէջտեղը կանգնեցաւ երկու պատճառով. առաջին՝ որպէսզի այդպիսով Ինքզինք ցոյց տայ որպէս միջնորդ Աստուծոյ եւ մարդոց, երկրորդ՝ որպէսզի ա՛լ աւելի յայտնէ, ու այս պատճառով կանգնեցաւ եւ ո՛չ թէ նստաւ:

Իսկ ողջոյն տալը, [դարձեալ] հինգ պատճառով. առաջին՝ որպէսզի ատով սորվեցնէ, թէ Ինքն է, որ զիրենք ուսուցանելու պատրաստեց. «Ողջոյն այս տանը» (տե՛ս Մտ 10.12): Երկրորդ. որպէսզի կատարծ է խօսքը, որ նախքան յարութիւնը խոստացաւ, թէ՝ «Իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» (Յհ 14.27): Երրորդ. ատով կը ցուցնէ, թէ փառաց կեանքը խաղաղութեան կատարեալ կերպ է: Չորրորդ. ատով կը յայտնէ, թէ Իր յարութիւնը ողջունաբեր էր, եւ աշխարհին խաղաղութեան աւետիս կը մատուցէ, ինչպէս աղաւնին՝ տապանակին: Հինգերորդ. որպէսզի Իր ընտանի սիրելութիւնը յայտնէ եւ կատարելապէս մխիթարէ:

Իսկ մեր Տէրը խոցուած տեղի սպին Իր մարմինին վրայ պահեց հինգ պատճառով. առաջին՝ որպէսզի անով ցուցնէ, թէ նոյն մարմինն է, որ խաչուեցաւ եւ յարութիւն առաւ: Երկրորդ. որպէս յաւիտենական նշան Իր թշնամիներուն դէմ, որով զանոնք ամչցնէ ու տրտմեցնէ: Երրորդ. առ ի նշան Իր յաղթողական զօրութեան եւ անպատմելի սիրոյն, որու պատճառով մեզի համար խաչուեցաւ: Չորրորդ. որպէսզի միշտ վայելենք Անոր ստացած խոցերէն, որոնք մեզի համար էին, եւ մեղքերէն դառնանք: Հինգերորդ. որպէսզի ցուցնէ, թէ միշտ կ՚ազատեմ ձեզ մեղքերէն, ինչպէս խաչելութեանս ժամանակ:

Դարձեալ կ՚ըսէ.

«Ողջո՛յն ձեզի» (Յհ 20.19):

Տասը պատճառով կրկնեց խաղաղութիւնը. նախ՝ որովհետեւ անոնց մէջ կրկնակի տրտմութիւն կար, այդ պատճառով կրկին անգամ ըսաւ: Երկրորդ. քանի որ խաղաղութիւնը կրկին է, մէկը՝ առ Աստուած, իսկ միւսը՝ առ ընկերը, որ կրկնելով տուաւ: Երրորդ. որովհետեւ զանոնք երկու ժողովուրդներու քարոզութեան կ՚առաքէր՝ հրեաներուն եւ հեթանոսներուն, այդ պատճառով կրկնելով անոնց իշխանութիւն տուաւ՝ ազգերը Իրեն դարձնել: Չորրորդ. քանի որ մկրտութենէն ետք կրկնակի մեղքեր մարդիկը կորուստի կը մատնեն, այսինքն՝ խորհուրդներու եւ գործերու, որ կրկնելով վերցուց անոնցմէ: Հինգերորդ. որովհետեւ երկու բան անհրաժեշտ էր իրենց՝ իշխանութիւն եւ սրբութիւն, որ կրկնելովը տուաւ: Վեցերորդ. քանի որ մարդը կրկնակի է՝ հոգի եւ մարմին, եւ անոնց մէջ արժանի էր խաղաղութիւն տալ երկու կողմերէ: Եօթներորդ. որովհետեւ մարդիկ կրկին էին, որոնց մօտ կ՚առաքէր զանոնք, այսինքն՝ սիրելիներ ու թշնամիներ, այդ պատճառով կրկնելով անոնց ամէն կողմերէն խաղաղութիւն ըրաւ: Ութերորդ. քանի որ անձնաւորութիւնները կրկին են բացի Բանէն, այսինքն՝ Հայր եւ Հոգին, որոնց խաղաղութիւն տուաւ՝ իբրեւ թէ ցուցնելով, թէ Անոնք Ինծի հետ են: Իններորդ. որովհետեւ թշնամիները կրկին են, այսինքն՝ աջ ու ձախ, այդ պատճառով կրկնելով անոնց ամրանալ [զօրանալ] տուաւ երկուքին դէմ: Տասներորդ. քանի որ կրկնակի բան անհրաժեշտ էր անոնց՝ հաւատք եւ բարի գործեր, այդ պատճառով խաղաղութիւն տալով անոնց պարգեւեց, որու պատճառով այլեւս չկարենան մահու չափ մեղանչել:  

«Փչեց անոնց վրայ եւ ըսաւ.

-Առէ՛ք Սուրբ Հոգին» (Յհ 20.22):

Արդարեւ, գիտելի է, թէ Սուրբ Հոգին երեք անգամ տրուեցաւ անոնց եւ երեք կերպարանքով, այսինքն՝ մկրտութեան ժամանակ աղաւնիի տեսքով, Զատիկին՝ փչումի տեսքով, եւ Պենտեկոստէին՝ հուրի [հրեղէն լեզուներու] տեսքով:

Եւ նախ Սուրբ Հոգիին գալուստը, որ մկրտութեան ժամանակ եղաւ՝ շնորհներու ծննդական ելումով եւ աղաւնիի պարզամտութեամբ, քանի որ աղաւնին բազմածին ծագերէ է, որ կը նմանի անոր գեղեցկութեամբ: Երկրորդ. Սուրբ Հոգիին բաշխումը եղաւ շարժելու համար ալարկոտները, եւ այդ պատճառով վայելչաբար եղաւ յարութեան ժամանակ, եւ տակաւին՝ եղաւ շնչելու համար աշխարհին վրայ՝ անով մերժելով վնասակար գոլորշին: Երրորդ. եղաւ՝ բոբրբոքելու, այլակերպելու, ձուլելու, մարսեցնելու եւ կրակ դարձնելու բոլորը եւ մաքրել ու իբրեւ կրակը զօրաւոր ընելու:

«Ութ օր ետք, դարձեալ հաւաքուած էին» (տե՛ս Յհ 20.26):

Այստեղ կը հարցուի, թէ ինչո՞ւ մեր Տէրը առաջին օրը աշակերտներէն մէկը բացակայեցուց եւ որ տարակուսեցաւ, իսկ ութ օր ետք միւս աշակերտն ալ տեսաւ:

Ասիկա բազմաթիւ պատճառներով. նախ՝ կասկածի տեղ չտալու Քրիստոսի յարութեան յայտնութիւնը, քանի որ եթէ բոլոր առաքելաները առանց նախաքննութեան հաւատացած ըլլային, ոմանք կրնային ըսել, թէ առաքեալները իբրեւ անմիտներ խաբուեցան եւ այդ պատճառով փութանակի անհաւատալի բանի մը հաւատացին, եւ այս պատճառով թոյլ տուաւ, որպէսզի անմիջապէս չհաւատան: Երկրորդ. քանի որ երբ Թովմասը թերահաւատութիւն ցուցաբերեց, թէ Քրիստոս անմիջապէս երեւալով Ինքզինք իրեն յայտնէր, իբրեւ սնափառութեան կարծիք կու տար, որ Աստուծոյ վայել չէր: Երրորդ. որովհետեւ այդ ատենուան Թովմասին տարակուսանքն ու անոր խնդրանքը փորձով էր, գիտնալու համար, թէ յարութիւնը բաւական փորձուած չէր ըլլար: Չորրորդ. քանի որ այդպիսիին վայել չէր վաղվաղակի երեւումը, եւ ատոր համար Քրիստոս քիչ մը ուշացաւ երեւալու Թովմասին: Հինգերորդ. որպէսզի ցոյց տայ մեզի խորհուրդը ութ օր ետք երեւալուն, որ ութերորդ դարուն կ՚ըլլայ մեր յարութեան: Վեցերորդ. քանի որ Քրիստոսի երեւումը Թովմասին աշակերտներուն առջեւ կ՚ըլլար, որպէսզի անոնք այդ երեւումին եւ ցուցումին վկաներ ըլլան: Եօթներորդ. հաստատելու համար աշակերտները, որովհետեւ զանազան եւ տեսակ-տեսակ յայտնութիւնները կը հաստատէին զանոնք ի Քրիստոս: Ութերորդ. իբրեւ առարկութիւն մը եւ քննութիւն մը բերելով, ճշմարտութիւնը առանց կասկածի կը հաստատուի, նոյնպէս եւ այստեղ: Իններորդ. ցոյց տալու համար բարոյական խորհուրդ մը, քանի որ ասով կը նշանակուի կերպ մը, որով ճշմարտութիւնը կը հաստատուի մարդկային սիրտի անդունդներուն մէջ եւ որով սիրտը կը հաւանի խոր ճշմարտութեան, որովհետեւ Թովմաս «Անդունդ» կը թարգմանուի, քանի որ ասիկա յանկարծակի կամ լուսաւորութեան սկիզբը չ՚ըլլար, այլ՝ վախճանին: Տասներորդ. պատճառ է ցուցնելու համար ըստ այլաբանութեան, թէ Թովմասը կը նշանակէ հրեաներուն ժողովուրդը կամ իւրաքանչիւր երկմիտ եւ անհաստատ անձ, որ վախճանին հաւատքի պիտի գայ:    

«Տէ՜րս եւ Աստուա՜ծս» (Յհ 20.28):

Այստեղ Թովմասը յայտնապէս զԻնք Աստուած ըսաւ, որովհետեւ մինչեւ հիմա այլ անունով կը յորջորջէին զԻնք:

«Այսքանը գրուեցաւ, որպէսզի հաւատաք» (Յհ 20.31):

Հաւատալ ըստ կրկին եղանակի կ՚ըսուի. մէկը՝ պարզ կերպով հաւատալ է առանց սիրոյ. եւ այս հաւատքը Արքայութեան չ՚արժանացներ. իսկ միւս կերպով հաւատալ կ՚ըսուի կարգի հաւատքով, այսինքն՝ փափաքումը եւ սէրը կցորդուած հաւատքին հետ, որ տեսակցեալ հաւատք կը կոչուին, եւ ասիկա արժանի է Արքայութեան, եւ այս պատճառով հաւատք կ՚իմացուի այս խօսքը:

Իսկ զարմանալի համեմատութեամբ նոր զատիկին հինին հետ. նախ՝ քանի որ որպէս Աստուած այն ատեն դաւաճանել հրամայեց եգիպտացիներուն եւ կողոպտել զանոնք, նոյնպէս ալ այս ամսուն՝ մարտին, Տէրը տարտարոսը կողոպտեց: Երկրորդ. որպէս նշան Իր յարութեան: Երրորդ. որպէսզի ուռկանին խօսքը սորվեցնել տայ անոնց, որ լսեն, ըստ այնմ. «Ձեզի կ՚ըսեմ, որ կը լսէք»:  

ԳԼՈՒԽ ԻԱ.

«Վառած կրակի [կայծերու] հետքեր տեսան» (տե՛ս Յհ 21.9):

Գործելքիներ հրացուած էին, որ կայծեր կ՚ըսէ, իսկ ձուկը խորովելու եւ հացը կայծակներէն դուրս՝ անոնց մօտիկ դրուած էր:

Իսկ ասիկա Քրիստոս նոր ստեղծեց հինգ պատճառով. առաջին՝ նշանակելու համար Իր սէրը, երկրորդ՝ հաստատելու համար զանոնք յարութեան հաւատքին՝ սքանչելիքներուն միջոցով, այսինքն՝ թէ կրնամ ամէն ժամ նոր ստեղծագործութիւն կատարել, չորրորդ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ նոյն Աստուածն եմ, որ անապատին մէջ ժողովուրդը կերակրեցի, հինգերորդ՝ խորհրդապէս ցոյց տալու, թէ նոյնն եմ, որ ոչինչէն ամէն ինչը կը ստեղծեմ: 

«Ուտելէ ետք, Յիսուս ըսաւ.

-Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս» (տե՛ս Յհ 21.15, 16, 17):

Երրորդ. չորս պատճառով երեք անգամ կը հարցնէ. առաջին՝ քանի որ երեք անգամ ուրացաւ զԻնք, Տէրը ըսաւ, որպէսզի ատով փառաւորէ: Երկրորդ. որպէսզի Պետրոս ուրացութիւններուն դէմ երեք անգամ խոստովանի, որպէսզի Պետրոսին լեզուն աւելի երկիւղին սպասաւորէ քան սիրոյ: Երրորդ. որպէսզի անով ցուցուի, թէ Աստուծոյ սէրը կը հայի ոչխարներուն հովուութիւնը երեք եղանակով, այսինքն՝ որպէսզի հովուութիւնը ընկալուի սիրոյ շարժումին համար եւ որպէսզի ի սէր եւ ըստ սիրոյ անոր ի ներգործութիւն կրթէ:

Չորրորդ. որովհետեւ երեք վկայութիւն կատարուած է եւ այդ երեք հատին համար Քրիստոս Պետրոսէն խոստովանութիւն կը խնդրէ. 

«Երեք անգամ ըսաւ. “Արածէ՛ Իմ ոչխարներս”» (տե՛ս Յհ 21.17-18):

Երեք պատճառով կ՚ըսէ. առաջին՝ ըստ Ոսկեբերանին, որպէսզի Քրիստոս ցուցնէ, թէ ինչքան կը համարէ ոչխարներուն հովուութիւնը եւ անոնց համար հոգ կը տանի: Երկրորդ. քանի որ առաջնորդները պարտաւոր են իրենց հօտերը հովուելու երեք կերպով, այսինքն՝ բարի վարքի օրինակով, խօսքով՝ ուղիղ վարդապետութեամբ, եւ օգնականութեամբ ժամանակաւորներու ողորմութեամբ: Երրորդ. քանի որ Քրիստոսի հաւատքը պէտք է երեք չարիքներէ պահել, այսինքն՝ չար իշխաններու բռնութենէն, հերետիկոսներու նենգութենէն եւ դեւերու փորձութիւններէն:

Իսկ Տէրը թէեւ հարցուց, թէ՝ կը սիրե՞ս զիս, Պետրոսը չըսաւ, թէ՝ կը սիրեմ, չորս պատճառով. առաջին՝ որպէսզի հեռանայ եւ հեռանալու օրինակ տայ յանդգնութենէն, երկրորդ՝ քանի որ ստուգապէս չէր գիտեր առաքեալներուն սիրոյ մեծութիւնը, եւ ատով օրինակ տայ չըսել այն, ինչ որ ստուգապէս չենք գիտեր, երրորդ՝ մաքուր խղճմտանքի եւ խոստովանութեան ի նշան, որու համար կ՚ըսէր. «Դուն գիտես, որ կը սիրեմ Քեզ» (տե՛ս Յհ 21.17), չորրորդ՝ որովհետեւ ան իր տկարութիւնը փորձով գիտէր, այդ պատճառով չըսաւ, թէ՝ կը սիրեմ:

Գիտելի է, թէ կրկին անգամ ըսաւ՝ արածէ՛ գառնուկներս, եւ մէկ անգամ՝ ոչխարներս: Ասիկա երկու պատճառով. նախ՝ որպէսզի անով ցուցնէ, թէ պէտք է աւելի հոգալ այնպիսիներու հոգեւոր ծնունդին մասին, որոնք նոր եւ անկատար են տակաւին հաւատքի մէջ, քան թէ կատարելաներուն համար: Երկրորդ պատճառ. որովհետեւ քրիստոնեաներուն տեսակները երեք են, ոմանք՝ կրօնաւորներ, ոմանք՝ առաջնորդներ, որոնք պարտաւոր են գառն[ուկները] անբծութեամբ ղեկավարել, ոմանք՝ աշխարհականներ, որոնք ոչխար կը կոչուին:

«Լաւ գիտցիր, որ երբ երիտասարդ էին՝ քու ձեռքովդ կը կապէիր գօտիդ եւ կ՚երթայիր ո՛ւր որ կ՚ուզէիր: Բայց երբ ծերանաս, ձեռքդ վեր պիտի բարձրացնես եւ ուրիշներ պիտի կապեն գօտիդ ու տանին հոն՝ ուր դուն չես ուզեր երթալ» (Յհ 21.18):

Ասիկա չարչարանքներէն մէկն է, որ կ՚ըսէ, զոր Պետրոս պիտի կրէր, քանի որ մանկութեան հասակին չչարչարուեցաւ, այլ՝ ծերութեան ժամանակ խաչակից եղաւ Քրիստոսի: Երկրորդ. ըստ խորհուրդին իբրեւ թէ ըսել, թէ մինչ մանուկ էիր, այսինքն՝ քու եկեղեցւոյ առաքելութեան սկզբնաւորութեան, դուն ինքդ օրէնք կը դնէիր եկեղեցւոյ համար, իսկ քու մահէդ ետք, անոնք որոնք քեզմէ ետք քու աթոռիդ պիտի նստին, պիտի վերացնեն քու հրամաններդ եւ ըստ իրենց կամքին օրէնքներ պիտի դնեն եկեղեցւոյ եւ հաւատքիդ համար ու քու կամքէդ դուրս պիտի ղեկավարեն, ինչպէս եւ հիմա, որովհետեւ լատինները առաքեալներուն օրէնքները քակեցին եւ ըստ իրենց կամքին կ՚ընթանան, ինչպէս եւ հաճելի է իւրաքանչիւրին:

«Այս աշակերտը, զոր Յիսուս կը սիրէր, որ եւ գրեց այս բոլոր բաները» (տե՛ս Յհ 21.20, 24):

Բազմաթիւ անգամներ Յովհաննէս իր յատուկ անունը չդրաւ՝ երեք պատճառով. առաջին՝ պահպանելու համար խոնարհութիւնը՝ խօսելու կերպին եւ ատով մեզի օրինակ տալով նոյնը ընելու: Երկրորդ. որպէսզի երախտահատոյց ըլլայ Քրիստոսի Անոր սիրոյ պարգեւը ցուցնելով: Երրորդ. քանի որ յատուկ անունով սիրեցեալին վարքին յատկութեան տեսակը կը յայտնէ, քան թէ՝ իր յատուկ անունով:

Եւ Քրիստոսի փառք յաւիտեանս: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 150 եւ վերջ


ԵՐԱԽՏԻՔԻ ԽՕՍՔ. Ամէն բանէ առաջ, փառք եւ գոհութիւն կը յայտնեմ Ամենակալ Աստուծոյ, որ անցնող շուրջ երեք տարիներու ընթացքին իմաստութիւն, կորով եւ եռանդ պարգեւեց, իր աւարտին հասցնելու մեր Եկեղեցւոյ Եռամեծար Վարդապետ՝ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչին Աւետարանի մեկնութեանը թարգմանական աշխատանքը՝ գրաբարէն արեւտմահայերէնի:

Երկրորդ հերթին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ թերթիս մեծազնիւ խմբագիր՝ տիար Արա Գօչունեանին, որ սիրայօժար կերպով ընդառաջեց սոյն աշխատանքի հրապարակումը թերթիս էջերուն վրայ: Ի վերջոյ խորին շնորհակալութիւնս տիկին Նատիային եւ Աննային, որոնք այս երեք տարիներու ընթացքին համբերատարութեամբ եւ հետեւողական կերպով գործօն մասնակցութիւն ունեցան այս աշխատանքը իր աւարտին հասցնելու համար:

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի բարեխօսութեան դիմելով կը խնդրեմ Ամենաբարի Աստուծմէ, որպէսզի Ինք վարձահատոյց ըլլայ բոլորին պարգեւելով ուժ, իմաստութիւն եւ կորով իրենց ստանձնած ծանր՝ սակայն քաղցր լուծին համար:  

Վաղարշապատ, երկուշաբթի, 28 մարտ 2022   

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2022