ՀԱՅՃԱՐ-Ի ԿՈՂՄԷ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ԳԻՐՔԻՆ ԵՐՐՈՐԴ ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Կը տեղեկանանք, որ ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ հրատարակուած՝ Պալեան գերդաստանի վերաբերեալ գիրքի արդէն երրորդ տպագրութիւնը իրականացած է։ «Պալեաններ» վերնագրեալ այս գիրքի առաջին տպագրութիւնը կատարուած էր 2020 թուականի ապրիլին։ Անցեալ տարուայ հոկտեմբերին արդէն երկրորդ տպագրութիւնը կատարուած էր։ Իսկ ներկայիս երրորդ տպագրութիւնը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած է՝ Իսթանպուլի Գլխաւոր քաղաքապետութեան հետ համագործակցութեամբ։ «Պալեաններ. Օսմանեան ճարտարապետութիւնը եւ արխիւը» վերնագրեալ գիրքի երրորդ տպագրութեան համար յառաջաբան մըն ալ գրի առնուած է Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի կողմէ։ Բարեգործական նպատակով կեանքի կոչուած է այս հրատարակչական ծրագիրը, գիրքը դասուած է՝ որպէս փրեսթիժի գործ։

ՀԱՅՃԱՐ-ի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այս շաբաթավերջին, Թաքսիմի «Աթաթիւրք» գրադարանին մէջ, Իսթանպուլի Գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ նախատեսուած է շնորհանդէս մը, որուն մասնակցութիւն պիտի բերէ նաեւ գիրքի հեղինակը՝ Պիւքէ Ուրաս։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2022