ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին առընչութեամբ տակաւին չլուծուած կը մնան շատ հարցեր։ Սա իսկապէս կարեւոր հաստատում մըն է՝ մանաւանդ այն իրավիճակին մէջ, երբ Արցախէ ներս ռուս խաղաղապահներու կողմէ վերահսկուած գօտիին սահմանները խախտած են Ատրպէյճանի զօրքերը։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա, ուր ընդունուեցաւ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Այս պաշտօնական այցելութիւնը կը զուգադիպի Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանին։ Այս յոբելենական շրջանը կը բնորոշուի զանազան մշակութային ձեռնարկներով, ինչպէս նաեւ պաշտօնական այցելութիւններով։ Արդարեւ, Փաշինեանի այժմու այցէն վերջ, ներկայ տարուայ տեւողութեան Փութինն ալ Հայաստան ուղեւորուիլ կը պատրաստուի։
Փաշինեան-Փութին երէկուան բանակցութիւններէն վերջ հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններու եւ դաշնակցային համագործակցութեան գրեթէ բոլոր երեսակներուն։ Նոյն ամբողջին մէջ Փաշինեան եւ Փութին ողջունեցին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը, որ սկսած է Ռուսաստանի աջակցութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, համատեղ յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Երեւան եւ Մոսկուա համաձայնած են արագացնել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ անվտանգութեան հարցերով երկկողմանի յանձնաժողովի ստեղծումը։ Ռուսական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցիլ Հայաստանի երկաթուղային ենթակառուցուածքներու վերականգնման նախագիծերուն՝ ներառեալ Սիւնիքի մարզն ու երկրի այլ մարզերը։
Երէկուան բանակցութիւններու լոյսին տակ Փաշինեան եւ Փութին հաստատեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ներուժի եւ փորձառութեան օգտագործման կարեւորութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ։ Զրոյցի ընթացքին Փաշինեան Փութինի նկատառման յանձնած է Արցախէ ներս ռուս խաղաղապահներու գործունէութիւնը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու հարցը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ վեց փաստաթուղթ։ Փաշինեանի պաշտօնական այցելութեան ծրագիրը կ՚եզրափակուի այսօր։