ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ…

«Քանզի եթէ կը հաւատանք, թէ Յիսուս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ Աստուած ետ պիտի բերէ ննջեցեալները Յիսուսի միջոցով անոր հետ։ Ապա մենք ալ, որ ողջ մնացած պիտի ըլլանք՝ անոնց հետ միասին պիտի յափշտակուինք տարուինք ամպերու վրայէն Տիրոջ ընդառաջ օդին մէջ եւ այդպէս Տէրոջը հետ պիտի ըլլանք մշտապէս» (Ա․ Թես 4։13-16)։

Զարմանալի է, որ մարդ բարին, գեղեցիկը ու յաւիտենականը կ՚ուզէ, բայց եւ այնպէս, յոռետեսութիւնը շատ անգամ յաղթական կու գայ բազմաց վրայ։ Յոռետեսութիւնը մանաւանդ մահուան պարագային մեր դիմաց կ՚ելլէ ու ամէն բան մեր աչքին առջեւէն կը սրբուի, այս պատճառով ալ չենք ուզեր նոյնիսկ մահուան մասին մտածել։

Երբ մահացող մէկու մը սիրելիները մխիթարել կը փորձենք՝ մեր խօսքերը ընդհանրապէս հետեւեալները կ՚ըլլան․ «Ի՜նչ մեղք՝ բայց բան մը կարելի չէ ընել». երբեմն «Ինչ ընենք, ոչ մէկ բան կու գայ մեր ձեռքէն». եթէ խօսողը իրապաշտ մէկն է՝ «կեանքը այս է, օր մը ամէնքս պիտի մեռնինք». ուրիշ մը՝ «ոչ ոք պիտի ապրի յաւիտեան». յաւակնոտ մը՝ «արդէն հիւանդ էր, բան մը կարելի չէր ընել, ուրեմն փրկուեցաւ». հաւատացեալ ձեւացող մը՝ «Աստուծոյ կամքը այս է եղեր, ամէն ոք օր մը անպայման մահը պիտի ճաշակէ». մահացողը եթէ տարեց է՝ «Մենք մեզի նայինք, միթէ մենք այսքան պիտի կարենա՞նք ապրիլ», եթէ կ՚ուզէ բարեմաղթութիւն ընել՝ «Աստուած ձեզի երկար կեանք տայ», եթէ կ՚ուզէ դիմացինը ուրախացնել՝ «Լաւ ապրեցաւ, կերաւ խմեց լի ու լի կեանք մը ապրեցաւ»… Խօսքերու այս շարքը կ՚երկարի ու կ՚երթայ… Խորքին մէջ բոլորն ալ ճիշդ ու արդար կ՚երեւին, բայց ոչ մէկը մարդս ճշմարտապէս կրնայ մխիթարել։ Բոլոր այս խօսքերու ետին մահուան դէմ ընկրկումէ զատ բան տեսնել կարելի չէ, խօսողն ալ լսողն ալ ոչ մէկ օգուտ կամ մխիթարութիւն կը ստանայ, եթէ պէտք է ըսել այս խօսքերը, որոնք կը նմանին դեղահատիկի մը, որ իրականութեան մէջ դեղ չեն եւ երկու կողմն ալ կուլ կու տան հաստատ գիտնալով, թէ ոչ մէկ օգուտ պիտի տայ իրենց։ Այս խօսքերը մարդուս յուսահատութիւն ներշնչելէ զատ ուրիշ բանի չեն ծառայեր, ինչ որ մահուան դիմաց պարտութիւն է։ Սատանայի ուզածն ալ ճիշդ այս է. մենք մահուան դիմաց անճար զգանք, որպէսզի ան երկրորդ եւ ճշմարիտ մահազդու նետը խոցէ մեր միտքերուն ու սիրտերուն, եւ անոր միջոցով սրսկէ մահացու այն թոյնը, որ ըսել եւ խորհիլ պիտի տայ մեզի, թէ «քանի օր մը պիտի մեռնինք, աշխարհի զուարճութիւններուն տարուինք եւ ուտենք, խմենք ու զուարճանանք, քանի անգամ մըն ալ աշխարհ պիտի չգանք, վայելենք աշխարհի բարիքները» եւ այսպէսով իրապէս ճշմարիտ մահուան դատապարտուինք։

Այս պատմութիւնը քրիստոնեային նորութիւն մը չէ, եթէ ոչ դրախտի պարտէզին մէջ նահապետ Ադամի եւ Եւայի գլխուն եկած պատմութիւնը, որուն հետեւանքները մինչեւ այսօր մարդկութիւնը կը կրէ մահուան դատապարտուած ըլլալով։ Պօղոս առաքեալ թեսաղոնիկեցիներու գրած նամակին մէջ մեզ կը զգուշացնէ հետեւեալ խօսքերով. «Չենք ուզեր, եղբայրներ, որ տգէտ ըլլաք ննջեցեալներուն վրայով, որպէսզի չտրտմիք ինչպէս ուրիշները՝ որոնք յոյս չունին» (Ա․ Թես 4)։

Տգիտութիւնն ու յոյսը այն է, որ մարդ չի գիտեր Յարութեան ճշմարտութեան աւետիսը եւ կը տխրի, կը յուսահատի։ Կորուստ ունեցող մէկը կ՚ուզէ իր կորսնցուցածին վերստին տիրանալ, եւ վերոնշեալ խօսքերուն ոչ մէկը այս յոյսը կը ներշնչէ։ Միակ յոյսը Քրիստոսի Յարութիւնն է եւ ճշմարիտ քրիստոնեան անվերապահ կը հաստատուի այն ճշմարտութեան վրայ, թէ իր կեանքը վերստին պիտի ստանայ։ Այս յոյսը ո՛չ միայն մեր մահանալէ վերջ, այլեւ մեր կեանքի տեւողութեան ի զօրու է, քանի առաքեալը կ՚ըսէ. «Մենք որ կենդանի ենք, պիտի չհասնինք ննջեցեալներու վիճակին»։

Ուրեմն սիրելիներ, յոյսը՝ զոր ունենալու ենք, Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնն է, զոր այսօր մեծահանդէս կը տօնենք։ Առաքեալը կը շարունակէ. «Մենք այս խօսքը կ՚ըսենք Տիրոջ խօսքով», այսինքն՝ «Ո՛վ որ իմ մարմինս ուտէ եւ իմ արիւնս խմէ, յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը» (Յով 6։55)։ Պօղոս առաքեալ Յարութեան մասին իր խօսքերուն կ՚աւելցնէ հետեւեալ փաստացի ճշմարտութիւնը. «Քանզի եթէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ձեր հաւատքը պարապ է ու տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք. նոյնպէս Քրիստոսով ննջողներն ալ կորսուած են» (Ա․ Կորնթ 15։17-18)։

Այո՛, եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն մենք որ դեռ կենդանի ենք եւ կը սպասենք մահուան, եւ թէ բոլոր ննջեցեալները որոնք մեռան, որքան ողորմելի վիճակի ենք։ Բայց փառք Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան, փառք Յարութեան քո Տէր։ Առաքեալներու բոլորը եւ ճշմարիտ ամէն մի քրիստոնեայ այս աւետիսը դարեր շարունակ նոյնիսկ իրենց մահուան գինով քարոզեցին։

Դարձեալ առաքեալը կ՚ըսէ. «Քանզի եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ ու յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ Աստուած ննջեցեալները Յիսուսով պիտի բերէ անոր հետ»։

Քրիստոնեայի մը համար առաքեալին խօսքով՝ կեանքն ալ, մահն ալ շահ է եւ պէտք չէ տարուի երկրի վայելքներուն, որոնք անցողական են․ էականը Քրիստոսով ապրիլն եւ ի Քրիստոս ննջելն է։ Հաստատ գիտնալ որ ի լրումն ժամանակի «Ամպերու վրայ երկինք պիտի յափշտակուինք Տէրը դիմաւորելու համար. եւ այնուհետեւ Տիրոջ հետ միասին պիտի ըլլանք յաւիտեան»։ Քրիստոնեային հաւատքը ու յոյսը այս քարոզութեան վրայ հիմնաւորուած է։ Երբ մենք մեզ կամ ուրիշ մը մխիթարել կ՚ուզենք, ոչ թէ յերիւրածոյ խօսքերով՝ այլ այս կեանքի խօսքերով մխիթարելու ենք։

Այո՛, մենք Յարութեան մասին Տիրոջմէ եկած այսքան յստակ ու ճշմարիտ փաստեր ունինք։ «Ուստի մէկզմէկ մխիթարեցէք այս խօսքերով» (Ա․ Թես 4։17)։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ,

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2022