23 ԱՊՐԻԼԻ ԵՌՈՒԶԵՌ
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը տիրէ մեծ եռուզեռ։ 23 ապրիլին Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնը եկած է մեծ խանդավառութեամբ համախմբել երկիրը, մինչ կը նշուի նաեւ Ազգային մեծ ժողովի հիմնադրութեան 102-րդ տարեդարձը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի թողած անգին աւանդի արժեւորման վառ փուլերէն մին է այս մէկը, որ ամբողջ երկրէն ներս կու գայ ամրապնդել այն գիտակցութիւնը, թէ բոլոր հայրենակիցներուն տեսակէտէ հասարակաց յայտարար մը կը համարուին՝ 23 ապրիլի տօնի խորհրդանշած զգայնութիւնները։
Բոլոր ազգային տօներուն նման, այս անգամ եւս ժողովուրդը երախտագիտութեամբ կ՚ոգեկոչէ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը։ Երկիրը կը վերանորոգէ նաեւ իր գիտակցութիւնը՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան անանջատելի ամբողջականութեան, ազգային միասնականութեան, աշխարհավար ու ժողովրդավարական համակարգի պահպանման ուղղութեամբ։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ օրուան տօնին առթիւ շնորհաւորական պատգամ մը ուղարկած է Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփին։ «Այս օրերուն, երբ աշխարհ ալեկոծեալ շրջանէ մը կ՚անցնի, Ազգային մեծ ժողովի՝ մեր երկրի ժողովուրդի բարօրութեան, խաղաղութեան եւ ընկերային զարգացման համար գործադրած ջանքերը կ՚ապրին ու պիտի շարունակեն ապրիլ մեր ազգի սրտին մէջ», նշուած է Նորին Ամենապատուութեան շնորհաւորականին մէջ։