Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՊԻՆԿԷՕԼԻ ՄԷՋ ԱՒԵՐՈՒԱԾ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻ ՄԸ
Պինկէօլի Քարլըօվա գաւառէն 3 քմ. հեռաւորութեամբ գտնուող Թոփլուլար գիւղի պատմական հայկական եկեղեցին աւերուեցաւ՝ գանձ որոնողներու գործողութիւններուն հետեւանքով։ 1440 բնակչութիւն ունեցող գիւղը անցեալին եղած է հայկական բնակավայր մը։ Ըստ գիւղապետին, գիւղին նախկին անունը եղած է Թոքուլքըրան։ «Մեր գիւղին մէջ կարելի է հանդիպիլ պատմական բազմաթիւ գտածոներու։ Ցաւօք գտնողները առանց հասկնալու վնաս կը հասցնեն անոնց։ Մեր գիւղը միշտ աւերուած է գանձ որոնողներու կողմէ», ըսաւ գիւղապետը՝ ցաւ յայտնելով, որ կ՚անտեսուին յուշարձանները։
Շաբաթ, Յունիս 20, 2015