ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԳԱԳԱԹ

Մկրտիչ Արծիւեան կը տեղեկացնէ Իզմիրէն.-

Իզմիրի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու հարցերուն շուրջ աշխատաժողով մը, որ կազմակերպուած է Եւրոմիութեան գանձատրումով։ ԵՄ-ի՝ քաղաքացիական հասարակութեան խրախուսման ուղղեալ ծրագրի շրջանակին մաս կը կազմէ այս աշխատաժողովը, որ կ՚ընթանայ քննարկումներու գագաթի մը ձեւաչափին մէջ։ Իզմիրի հրեայ համայնքի վաքըֆի տանտիրութեամբ կազմակերպուած եռօրեայ հաւաքոյթին կը մասնակցին՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական գրեթէ բոլոր համայնքներէն ներկայացուցիչներ։ Նկատի ունենալով, որ հիւրընկալը հրեայ համայնքն է՝ այս աշխատաժողովը նախատեսուած է «Տեսփերթար» անուանումին ներքեւ, ինչ որ լատինօ լեզուին մէջ կը նշանակէ՝ զարթօնք։ Աշխատաժողովի նպատակն է Թուրքիոյ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչներու եւ հասարակական գործիչներու հետ շօշափել համայնքային վաքըֆներու խնդիրները, անդրադառնալ անոնց կարիքներուն եւ կարծիքի փոխանակումներու միջավայր մը ստեղծել։

Եռօրեայ աշխատաժողովի առաջին օրը երէկ էր։ Յետմիջօրէի ժամերուն մասնաւոր նիստ մը նախատեսուած էր փոքրամասնական վաքըֆներու կալուածներուն շուրջ։ Այս առաջին նիստը վարեց յոյն համայնքէն Լաքի Վինկաս։ Ատենախօսներու շարքին էին իրաւաբան Էօմէր Քանթիկ եւ յոյն համայնքէն Սթելիօ Պէրպէր։

Երէկուան առաջին նիստէն վերջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ կարեւոր ժողով մը, որու ընթացքին շօշափուեցան փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրները։ Նիստը վարեց Վաքըֆներու խորհուրդի նախկին անդամներէն Թեվֆիք Պաշաք։ Ատենախօսներն էին Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուստապաշը եւ Լաքի Վինկաս։

Այս առաւօտեան նիստին Ճան Ուստապաշը հանդէս եկաւ կարեւոր բացայայտումներով, որոնք կը վերաբերէին փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու նոր ընտրական կանոնադրութեան պատրաստութեան գործընթացին ու մշակուած նոր նախագծին, որու վերաբերեալ լայն լսումներ շրջանառութեան մէջ մտած են։ Իր խօսքով՝ թէեւ կանոնադրութեան հրապարակումը նախատեսուած էր ներկայ ամսուան մէջ, սակայն այդ սպասումը չիրականացաւ։ Ըստ Ուստապաշըի, կայ նաեւ ուրիշ պղտոր հանգամանք մը. Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը թէեւ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կապուած է, սակայն, կանոնադրութեան մշակման հարցերով կը զբաղի Ներքին գործոց նախարարութիւնը։ Այս հանգամանքի պատճառները պարզել կարելի չէր եղած։ Յամենայնդէպս, Ուստապաշը դիտել տուաւ, որ կանոնադրութեան վերջին պատրաստուած նախագիծը իրեն տրամադրուած է, ան հնարաւորութիւն ունեցած է ընթերցելու եւ պատկան մարմիններու նկատառման յանձնած է երկու խնդրայարոյց կէտեր։ Ըստ Ուստապաշըի, այդ խնդրայարոյց կէտերէն մին կը վերաբերէր ընտրաշրջաններու սահմանման, իսկ միւսը՝ փոքրամասնական համայնքային հիւանդանոցներու այս փուլին ընտրութիւններէ դուրս թողուելուն։ Ուստապաշը նշած է, որ ինք պատկան մարմիններուն դիտել տուած է, որ այդպիսի կանոնադրութիւն մը ցասում կը յառաջացնէ փոքրամասնական համայնքներուն մօտ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ պատկան մարմիններու արձագանգը եղած է դրական։ Իրեն տեղեկացուած է, որ մօտաւոր ապագային նախարարներու մասնակցութեամբ ժողով մը նախատեսուած է եւ այդ փուլէն վերջ կանոնադրութիւնը կրնայ ունենալ՝ փոքրամասնութիւններու տեսակէտէ շատ աւելի գոհացուցիչ բանաձեւում մը։

Ուստապաշըի Իզմիրի մէջ այս առաւօտեան հրապարակումները անմիջական ուշադրութեան արժանացած են՝ փոքրամասնական շրջանակներու կտրուածքով։

Եռօրեայ աշխատաժողովը այսօր կը շարունակուի ու վաղը կ՚եզրափակուի՝ Իզմիրի «Քայա Փրեսթիժ» պանդոկէն ներս։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022