ՆԱՐԻՆԷ ՆԱԶԱՐԵԱՆ. «ՄԵՆՔ ԿԸ ԿԱՄՐՋԵՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԵՏ»
Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ «Արմէնփրէս» պետական լրատուական գործակալութիւնը փակ բաժնետիրական ընկերութեան տնօրէն նշանակուած է Նարինէ Նազարեանը: Որոշումը կայացուած է՝ հիմք ընդունելով ընկերութեան տնօրէնի թափուր պաշտօնին համար տեղի ունեցած մրցոյթի յանձնախումբին որոշումը եւ եզրակացութիւնը՝ Նարինէ Նազարեանի՝ յաղթող ճանչցուելուն վերաբերեալ: Գործակալութիւնը 2011-2021 թուականներուն ղեկավարած է Արամ Անանեան. տնօրէնին պաշտօնը թափուր մնացած էր անոր՝ «FlyOne Armenia» օդագնացութեան ընկերութեան խորհուրդի նախագահ նշանակուելէն ետք:
Նարինէ Նազարեան 1918 թուականին հիմնուած եւ ահաւասիկ 103-ամեայ «Արմէնփրէս»ի պատմութեան մէջ առաջին կին ղեկավարն է: Ան մասնագիտութեամբ հոգեբան է, լրատուութեան ասպարէզին մէջ աւելի քան 18 տարուայ փորձառութիւն ունի, որմէ 17 տարին աշխատած է «Արմէնփրէս»ի մէջ՝ աւելի քան եօթ տարի զբաղեցնելով ընկերութեան տնօրէնի տեղակալի, իսկ 2011-2021 թուականներուն՝ «Արմէնփրէս»ի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը:
Այս առթիւ հարցազրոյց մը ունեցանք Նարինէ Նազարեանին հետ, որ խօսեցաւ գործակալութեան առօրեայ աշխատանքին, ներկայ եւ ապագայ մարտահրաւէրներուն, ծրագիրներուն եւ նպատակներուն մասին: Ստորեւ հարցազրոյցին սղագրութիւնը։
*
-Տիկի՛ն Նազարեան, Դուք «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան տնօրէնի պաշտօնը ստանձնած էք Հայաստանի եւ Արցախի համար այս դժուար օրերուն: Լրատուութիւնը նոյնպէս իր վճռորոշ դերը կ՚ունենայ ամենադժուար ու ծանր իրավիճակներու մէջ: Այդ առումով, ինչպիսի՞ քաղաքականութիւն որդեգրած էք, աւելցա՞ծ է պատասխանատուութեան չափն ու որակը:
-Նախ, շնորհակալ եմ հարցազրոյցի այս հնարաւորութեան համար: Այո՛, ինչպէս իրաւացիօրէն նշեցիք, աշխարհի մէջ այնպիսի տեղաշարժեր կ՚ընթանան, որոնք իւրաքանչիւր աշխատանքի մէջ պատասխանատուութեան բազմապատկում եւ մասնագիտական որակներու անընդհատ կատարելագործում կը պահանջեն: Ներկայ ժամանակներուն, արհեստավարժութեան բարձր մակարդակէն զատ, անհրաժեշտ են այնպիսի որակներ, ինչպիսիք են՝ ճնշումներու եւ լարուածութեան ժամանակ կայունութիւնը, ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ արագ կողմնորոշուելու կարողութիւնը, վերլուծական մտածողութիւնն ու յուզականութենէն զերծ արհեստավարժ մօտեցումը: «Արմէնփրէս» պետական լրատուական գործակալութեան գերխնդիրն է մնալ յուսալի՝ ներգործող ու առարկայական տեղեկատուութեան աղբիւր: Արագ ծաւալող իրադարձութիւններու այս ժամանակաշրջանին, երբ լուրը մի քանի վայրկեանի կեանք ունի, լրատուական գործակալութիւններուն առջեւ խնդիր դրուած է ժամանակակից թուային գործիքներու կիրառմամբ լրատուութիւնը հասանելի դարձնել աւելի լայն զանգուածներու:
Ինչպէս Հայաստանի ու Արցախի, այնպէս ալ ամբողջ աշխարհի համար վճռորոշ ժամանակաշրջան մըն է. իրադարձութիւններու արդիւնաւէտ լուսաբանումը դէպի ընթերցողին վստահութիւնը տանող ամենակարճ ճանապարհն է:
Այս դժուար ժամանակահատուածին գործակալութիւնը իր առջեւ նպատակ դրած է բոլոր ոլորտներուն մէջ առկայ խնդիրները վեր հանելէ, լուծումներու ուղիներ մատնանշելէ, Արցախի իրավիճակի գործուն լուսաբանումէ, տակաւին պատերազմէն առաջ սկիզբ դրուած ծրագրերու շարունակականութեան մասին անդրադարձներ ունենալէ զատ, գտնել ու ներկայացնել դրական պատմութիւններ՝ յետպատերազմեան վէրքեր ունեցող հասարակութեան ներսը անդադար արարող ու երբեք չյանձնուող անհատականութիւններու, ընկերութիւններու, գիտնականներու ու գործարարներու, մարզիկներու ու ստեղծագործողներու մասին:
Աշխարհ կարիք ունի Հայաստանի մասին դրական պատմութիւններու, որոնք մենք պարտաւոր ենք պատմել առանց աւելորդ յուզականութեան ու գունաւորումներու՝ այնպէս, ինչպէս որ կան:
Շատ կարեւոր է, որ աշխարհ տեղեակ ըլլայ նաեւ զանազան հարցերու վերաբերեալ Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշումներուն: Կարեւորը ոչ թէ կրաւորական կեցուածք որդեգրելն ու պաշտօնական հաղորդագրութիւններու հրապարակումն է, այլ գերատեսչութիւններու մեր գործընկերներուն, մամուլի խօսնակներուն հետ ամէն վայրկեան կապի ապահովումն ու մօտեցումներու վերհանումը:
Այս բոլորի կողքին, «խարդախ լուրերու» («ֆէյք նիուզ») յաղթարշաւի այս ժամանակաշրջանին պէտք է բազմապատկել զգօնութիւնն ու չտրուիլ հասած տեղեկութիւնները առանց ստուգման հաղորդելու գայթակղութեան:
Արագաշարժութեան եւ ճշգրտութեան կանոնները կը քալեն քով քովի, սակայն ճգնաժամային, լարուած, պատերազմական իրավիճակներու մէջ արագ ու գործնական ըլլլալը յաճախ դիրքերը կը զիջին ստուգուած ու հաւաստի գործելու հրամայականին: Անհրաժեշտ է յիշել բժշկական բարոյագիտութեան գլխաւոր սկզբունքը՝ «Մի՛ վնասեր», որ հաւասարապէս կարեւոր է նաեւ լրատուութեան մէջ:
-Այսօր աշխարհի զանազան վայրերու մէջ ընթացող պատերազմներուն զուգահեռ կ՚ընթանայ նաեւ տեղեկատուական պատերազմ: Հայաստանի առաջին պետական լրատուական գործակալութիւնը ի՞նչ «զէնքերով զինուած» է՝ տեղեկատուական համընդհանուր պատերազմին ժամանակ տանուլ չտալու, առաջնագիծի վրայ մնալու առումով:
-Ամենակարեւորը սկզբնաղբիւրներուն հետ աշխատանքն է եւ տեղեկատուութիւնը նուազագոյն երկու աղբիւրէ ճշդելու կարողութիւնը: Հայաստանի, սփիւռքի ու միջազգային մեր գործընկերները գիտեն, որ «Արմէնփրէս»ի մէջ միայն ստուգուած տեղեկութիւններ կան: Ընդունուած խօսք մը կայ. «Եթէ «Արմէնփրէս»ը հաղորդած է, ուրեմն՝ ճիշդ է»: Մենք կը գնահատենք մեր գործակալութեան այս առաքելութիւնը եւ պիտի շարունակենք նոյն ոգիով՝ հաղորդել միայն ստուգուած լուրեր, տեղեկութիւնները ճշդել սկզբնաղբիւրէն:
Թուային արուեստագիտութեան դարաշրջանին աշխատանքը ներգործուն կազմակերպելու հնարաւորութիւնն ու ապատեղեկատուական թակարդները կը զարգանան քով քովի:
Գլխաւոր լրաստեղծները («նիուզմէյքըր»ները) աշխարհի հետ հաղորդակցման գործիքներու բազմազանութիւն ունին, որ մէկ կողմէ կը դիւրացնէ լրագրողին՝ սկզբնաղբիւրէն տեղեկութիւնը ճշդելու հնարաւորութիւնը, միւս կողմէ՝ կը պահանջէ, ինչպէս ըսի, զգօնութեան բազմապատկում: Ընկերային ցանցերու մէջ ո՛չ միայն անհրաժեշտ է ուշադրութիւն դարձնել վաւերացուած էջերուն, այլեւ այդ վաւերացուած էջերէն օգտուելու միջոցին պէտք է ըլլալ աւելի զգոյշ՝ համակարգչահէնային (հաքըրային) թակարդներէն խուսափելու համար: Շատ կարեւոր է հետաքննական մօտեցումներու ցուցաբերումը, «մոլորեցնող լուրերու» ստուգման կարողութիւններու կատարելագործումը, որոնողական համակարգերուն մէջ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները գտնելու գործիքներուն տիրապետումը:
-Որոշ աշխարհաքաղաքական հարցերէ ելլելով՝ արդեօք այսօր փոխուա՞ծ են միջազգային կարեւոր հարթակներուն լրատուութիւն հասցնելու սկզբունքները: 44-օրեայ պատերազմը, Հայաստանի պարտութիւնը, ներկայ ներքաղաքական սրած իրավիճակը, Ատրպէյճանի հակահայ քարոզչութիւնը, տարածաշրջանին մէջ վիճակի սրընթաց փոփոխութիւնները եւ այլ հանգամանքներ, ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած են նախկինին որդեգրուած սկզբունքներուն եւ մօտեցումներուն վրայ:
-Արագ ու ներգործուն ըլլալու եւ մեր օտար լեզուներով բովանդակութեան որակին շնորհիւ «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան նիւթերը կը մէջբերուին աշխարհի հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու կողմէ: Ընդ որում, յղումներ կը կատարուին լրատուամիջոցներու ինչպէս տպագիր տարբերակներու մէջ, կայքերու մէջ, այնպէս ալ հեռատեսիլային եթերի ընթացքին, ընկերային ցանցերու վրայ: «Արմէնփրէս»ի հրապարակումներէն կ՚օգտուին նաեւ միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ՝ իրենց տարեկան զեկոյցներու պատրաստման ընթացքին: Ասիկա կ՚աւելցնէ պատասխանատուութիւնը: Մենք հասկցած ենք, որ կը կամրջենք Հայաստանը աշխարհին: Ուրեմն այդ կամուրջը պէտք է ըլլայ որակեալ եւ ամուր:
Ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակին մէջ, Հայաստանի ու Արցախի շուրջ ծաւալող իրադարձութիւններու պատկերին վրայ աւելի կարեւոր է Հայաստանի Հանրապետութեան ձայնը աշխարհին լսելի դարձնել միջազգային հարթակներու մէջ հեղինակութիւն ունեցող լրատուամիջոցի միջոցով:
«Արմէնփրէս» միջազգային լրատուական չորս կազմակերպութիւններու անդամ է, եւ կը ներկայացնէ Հայաստանը Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան Ինֆորմխորհուրդին մէջ (ԱՊՀ-ի երկիրներու պետական լրատուական գործակալութիւններու խորհուրդ), Սեւ ծովեան տարածաշրջանի ազգային լրատուական գործակալութիւններու խորհուրդին մէջ (2014-2016 թուականներուն ալ նախագահած է այդ կազմակերպութեան մէջ), Լրատուական գործակալութիւններու համաշխարհային քոնկրէսին մէջ, Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի եւ Պալքանեան պետութիւններու ազգային լրատուական գործակալութիւններու խորհուրդին մէջ (հոս՝ իբրեւ դիտորդ):
«Արմէնփրէս» երկկողմանի գործակցութեան պայմանագրեր ունի աշխարհի աւելի քան քսան յառաջատար լրատուական գործակալութիւններու հետ: Գործընկերներու մէջ են «ԹԱՍՍ»ը, «Ռէօյթըրզ»ը, «Սինխուա»ն, «ԻՌՆԱ»ն, «ՄԵՆԱ»ն, «ՊԹԱ»ն, «Ակերփրէս»ը, «ՊելԹԱ»ն, «Կազինֆորմ»ը, հարաւ-քորէական «YONHAP»ը, սպանական «EFE»ն եւ այլ լրատուամիջոցներ, որոնց հետ կ՚իրականացուի տեղեկութիւններու եւ լուսանկարներու փոխանակում:
Փոխգործակցութեան համաձայնագրեր կը պատրաստուին Արժանթինի պետական «ԹԵԼԱՄ» եւ Քաթարի ազգային լրատուական գործակալութիւններուն հետ, ատոնք պիտի ստորագրուին յառաջիկային:
Գործակալութիւնը ընկերային ցանցերու մէջ կը զարգացնէ իր ներկայութիւնը զանազան լեզուներով եւ բովանդակութեան զանազան ձեւերով: Գերակայ խնդիր է նոր կայքին ստեղծումը եւ շարունակական SEO-ի ապահովումը, որ որոնողական համակարգերու մէջ կայքի մը կամ համացանցային էջի մը տեսանելիութեան բարձրացման գործընթացն է: «Արմէնփրէս» կը կիրարկէ ծանուցումներու յառաջմղման «Push-notification»ներու համակարգը՝ լրատուութիւնը վայրկեաններու արագութեամբ դարձնելով տասնեակ հազարաւորներու սեփականութիւնը։
-Այդ առումով ի՞նչ դեր կը կատարեն գործակալութեան թողարկած օտար լեզուով լուրերը:
-Օտար լեզուով ժապաւէնները «Արմէնփրէս»ի արտաքին դէմքն են: Անոնցմով մեզ՝ մեր երկիրն ու նաեւ մեր գործակալութինը կը ճանչնան դուրսը, անոնք արտաքին աշխարհի հետ հաղորդակցման մեր գործիքներն են, Հայաստանի ձայնը աշխարհին լսելի դարձնելու մեր բազմազանեցուած հնարաւորութիւնը: «Արմէնփրէս» կը թողարկուի վեց լեզուով՝ հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն:
-Գործակալութեան թրքերէն բաժինը ութ ամսուան պատմութիւն ունի: Ձեւաւորուա՞ծ է զայն կարդացող լսարանը, ի՞նչ արձագանգներ ունին թրքերէն լուրերը եւ ի՞նչ արդիւնքներ ունիք թրքախօս լսարանին լուրեր հասցնելով:
-«Արմէնփրէս»ի թրքերէն լրահոսի ընթերցողներուն թիւը կայուն աճ կ՚արձանագրէ: Եթէ նախորդ տարի Թուրքիան «Արմէնփրէս»ի ընթերցողներու աշխարհագրական վիճակագրութեան մէջ ութերորդն էր, ապա 2022 թուականի առաջին ամիսներուն բարձրացած է երկու հորիզոնականով: Աշխոյժ են թրքերէն լուրերու ընկերային ցանցերու էջերը. անոնք եւս հետեւորդներու թիւի աճ արձանագրած են:
-Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ներկայ գործընթացին, Հայաստանին վերաբերող թրքերէն լրատուութիւնը ունի՞ իր դերը, պիտի աւելնա՞յ ծանրաբեռնուածութիւնը:
-Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու պատկերին վրայ կարեւոր է թրքալեզու լսարանին Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշումները հասու դարձնել: Այդ առումով հետաքրքրական են փորձագիտական մօտեցումները, անցեալի փորձին դիտարկումները, մասնագիտական գնահատականներն ու կանխատեսումները գործընթացի արդիւնքներուն վերաբերեալ: Կը ջանանք մեր «ձեռքը պահել» իրադարձութիւններու զարկերակին վրայ:
-Հայաստանի եւ տարածաշրջանի համար պակաս կարեւոր չէ նաեւ արաբախօս աշխարհը, որուն նոյնպէս կը հասնին գործակալութեան լուրերը. ի՞նչ յետադարձ արձագանգ ունիք այդ առումով:
-Յատկանշական է, որ արաբերէն բաժինը «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան նախկին տնօրէն Արամ Անանեանի ջանքերով հիմնադրուեցաւ սուրիական ճգնաժամի ժամանակաշրջանին, երբ ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը սեւեռած էր «արաբական գարնան» ալիքով ծաւալող իրադարձութիւններուն վրայ: «Արմէնփրէս» աշխուժացուց իր անդրադարձները՝ նուիրուած արաբական երկիրներու հայկական համայնքներու կենսագործունէութեան, ստեղծուած իրավիճակին, ճգնաժամին ու հանգուցալուծման ուղիներուն, համայնքներէն ներս մարդասիրական խնդիրներուն եւ սկսաւ զանոնք հասանելի դարձնել նաեւ արաբախօս ընթերցողներուն: Արձագանգներու իմաստով պէտք է նշեմ, որ «Արմէնփրէս» համագործակցութեան ամուր աւանդոյթներ ունի Հայաստանի մէջ արաբական երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն հետ, որոնք մեծապէս հետաքրքրուած են գործակալութեան աշխատանքով, երկրին մէջ ու հայկական աշխարհէն ներս ծաւալող իրադարձութիւններու ստացման հարցին մէջ կ՚ապաւինին նաեւ «Արմէնփրէս»ի արաբերէն լուրերուն:
-Արդեօք ուրիշ նոր լեզուներով լուրեր թողարկելու ծրագիր կա՞յ:
-Կը նախապատրաստուի գործակալութեան սպաներէն բաժնին գործարկումը՝ Արժանթինի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Յովհաննէս Վիրաբեանի ջանքերով, տեղի հայկական համայնքի նուիրեալներուն հետ գործակցաբար: Մենք նպատակ ունինք պարսկերէն եւ չինարէն բաժիններ ալ ունենալու, այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին:
Սփիւռքի հետ կապի ամրապնդման նպատակով «Արմէնփրէս»ը կը նախատեսէ ունենալ նաեւ արեւմտահայերէն թողարկումներ:
-Իսթանպուլի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին հետ «Արմէնփրէս» վաղեմի բարեկամութիւն ունի. որքանո՞վ այսօր կարեւոր է այդ բարեկամութիւնը՝ Պոլսոյ լուրերուն անդրադառնալու պահուն նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը իբրեւ աղբիւր օգտագործելով:
-ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթն ու անձամբ գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը լուրջ դեր ունին Իսթանպուլի հայկական համայնքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ Հայաստանի ու սփիւռքի լրատուամիջոցներուն տեղեկատուութիւն հասցնելու գործին մէջ: Մեր բարեկամութիւնն ու գործընկերութիւնը, ինչպէս իրաւացիօրէն նշեցիք, մօտ երկու տասնամեակի պատմութիւն ունին: Մենք պատրաստ ենք համագործակցութեան ամրապնդման՝ ի շահ հայրենիքի ու հայկական համայնքներու կապերու ամրութեան, համայնքները յուզող հարցերու բարձրացման, համահայկական թեմաներու մշտարթուն արծարծման: Երախտապարտ ենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ին եւ պարոն Գօչունեանին՝ պատրաստակամութեան ու որեւէ պահու համայնքի ու զանազան գործընթացներու մասին անհրաժեշտ տեղեկատուութիւնը «Արմէնփրէս»ին տրամադրելու ջանքերուն համար:
-Այսօր ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռուած է Ուքրայնա ռուսական ներխուժման վրայ: «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը ինչպէ՞ս կը մատուցէ ռուս-ուքրայնական հակամարտութեան լուրերը, նկատի առնելով նաեւ այն հանգամանքը, որ Հայաստան այդ հակամարտութեան հարցին մէջ ունի չէզոք դիրքորոշում:
-Գլխաւոր սկզբունքը անաչառութիւնն ու բազմակողմանիութիւնն է: Կը ջանանք իրադարձութիւններու լուսաբանումը ապահովել զանազան աղբիւրներու ուսումնասիրութեամբ՝ ներկայացնելով կողմերուն մօտեցումները:
-Հայաստանի հնագոյն լրատուամիջոցը չէ մնացած աւանդականութեան եւ պահպանողականութեան քօղին տակ եւ հանդէս կու գայ ամենաերիտասարդ եւ ամենանորարար ձեւաչափերուն մէջ. իսկ ա՛յդ առումով ի՞նչ նորութիւններ կան յառաջիկային՝ աւելի լայն լսարանի հասնելու համար:
-«Արմէնփրէս» 103 տարեկան է. Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տարեկիցը եւ երկրի պատմութեան՝ այդ տարիներու վաւերագիրը: Կենսունակութեան գաղտնիքը տեղւոյն վրայ չդոփելն ու ժամանակին համահունչ քալելն է, թեքնոլոժիք յառաջընթացին արձագանգելը, ժամանակակից գործիքներ կիրարկելը: Կրկին պէտք է յիշեմ գործակալութեան՝ 2011-2021 թուականներու տնօրէն Արամ Անանեանը, որուն ջանքերով վերջին տասը տարիները վստահաբար յառաջընթացի ժամանակաշրջան եղած են:
Թուայնացուած է «Արմէնփրէս»ի լուսանկարչական ծառայութեան (որ ամենամեծն է Հայաստանի մէջ) արխիւը, որ հասանելի է history.armenpress.am կայքին վրայ: Կը պահպանուին բացառիկ պատկերներ Հայաստանի համար կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն՝ թէ՛ խորհրդային ժամանակներու, թէ՛ նորանկախ պատմութեան: Արխիւին մէջ թուայնացուած նիշքերու ընդհանուր թիւը 2 միլիոն 580 հազար 573 է: Թուայնացման իրենց կարգին կը սպասեն 26 հազար 320 ժապաւէն: Յընթացս կ՚իրականացուի նաեւ ամէնօրեայ լուսանկարահանումներուն շնորհիւ «Արմէնփրէս»ի լուսանկարներու տեւականութիւնը, շարունակականութիւնը համալրող թուային լուսանկարներուն արխիւացումը: Միջազգային համագործակցութեան շնորհիւ թեքնիկ յագեցուածութենէն ետք ընդլայնած եւ նոր արտադրանք սկսած է տալ նաեւ «Արմէնփրէս»ի տեսանիւթային բովանդակութեան բաժինը: Մեծ թափով կը գործէ «Արմէնփրէս»ի մամուլի սրահը՝ տեսանիւթերով եւ լուսանկարներով ապահովելով ողջ լրատուադաշտը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, զանազան գերատեսչութիւններու կողմէ բոլոր ոլորտներու մէջ իրականացուող ծրագիրերներուն, հասարակական կեանքին, մշակութային, մարզական անցուդարձին մասին պարբերական ասուլիսներով, ուղիղ հեռարձակումներով, որոնք համավարակի պայմաններուն դարձած են անփոխարինելի գործիք:
-Յատուկ նախագիծերը եւ «Արմէնփրէս»ի միւս ծրագրերը շարունակութիւն պիտի ունենա՞ն:
-Ես միշտ կը սիրեմ կրկնել, թէ «Արմէնփրէս» առողջ օրկանիզմ է, հոն իւրաքանչիւր օրկան ունի իր յստակ գործառոյթը: Միւս կողմէ, բոլոր օրկանիզմներուն նման, երբ օրկան մը կը սկսի իր գործառոյթը թերի կատարել, միւս օրկան-համակարգերը անմիջապէս այդ գործառոյթները իրենց վրայ կը վերցնեն՝ ապահովելով օրկանիզմին անխաթար կենսագործունէութիւնը:
Այս մեքենականութեան յստակ աշխատանքին մօտէն ծանօթ եմ աւելի քան 18 տարիէ ի վեր, վերջին տասը տարին՝ գլխաւոր խմբագիրի դիտանկիւնէն: Ստանձնելով տնօրէնի բարդ ու պատասխանատու աշխատանքը՝ յստակօրէն նշած եմ, թէ ուր աշխատող համակարգ կայ, կը շարունակէ գործել. մեր աշխատանքով նպաստելու ենք միայն կատարելագործման: Բոլոր նախագիծերը պիտի ունենան իրենց շարունակութիւնը:
«Արմէնփրէս» 2021 թուականին գործարկած է նոր նախագիծ մը, ձայնադրուագային շարք մը՝ փոտքասթ: Անիկա արդէն ունի զանազան խորագրերով թողարկումներ, որոնք կը սիրուին ունկնդիրներու կողմէ: «Podcast-sport»ը մարզասէրները միշտ իրազեկ կը պահէ մարզաշխարհի նորութիւններուն, «Podcast-FinInForm»ը ուղղուած է մետիագրագիտութեան բարձրացման, «Podcast-ՍոցUp»ը՝ պետութեան ընկերային աջակցութեան ծրագրերուն, իսկ «Podcast-100» գաղափարը՝ «100 գաղափար Հայաստանի համար» մրցոյթի մասնակիցներուն ու յաղթողներուն՝ կեանք փոխող նախագիծերուն մասին են: Մեր ձայնադրուագային շարքերը բազմաթիւ այլ խորագրերով պիտի ներկայանան իրենց ունկնդիրներուն՝ իրազեկող ու կրթող առաքելութեամբ:
-Այս ամէն ինչով հանդերձ, ո՞րն է այսօր գործակալութեան առջեւ դրուած թիւ մէկ հրամայականը:
-Թուային արհեստագիտութեան զարգացման զուգընթացը աշխարհի մէջ տեղեկատուութիւն ստանալու կարեւորագոյն միջոց կը շարունակէ մնալ լրատուական գործակալութիւնը: Անիկա իր աշխատանքին մէջ սահմանափակուած չէ եթերային ժամանակով ու ծաւալով. 24 ժամ եօթ օր (24/7) կտրուածքով կը շարունակէ մնալ տեղեկատուութեան տարածման անսահմանափակ, բազմակողմանի հարթակ:
«Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը երկրին ներսը եւ միջազգային տիրոյթին մէջ Հայաստանի մասին համապարփակ տեղեկատուութեան փոխանցման վստահելի աղբիւր է եւ ամէն ինչ պիտի ընէ՝ վստահելի գործընկերոջ բարի համբաւը արմատաւորելու համար:
Ստանձնելով Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան տարեկից գործակալութեան ղեկավարումը՝ «Ապագայի լրատուամիջոց» նշանաբանով կը փափաքիմ արտայայտել ընդհանուր տեսլականը՝ շարունակական զարգացման, տեղւոյն վրայ չդոփելու, նոր գաղափարներով ու յատուկ նախագիծերով հանդէս գալու իր հաստատակամութեամբ:
«Արմէնփրէս» կը շարունակէ ըլլալ օփերաթիւ, ճշգրիտ, բազմակողմանի ու, որ շատ կարեւոր է, բացառիկ բովանդակութիւն ստեղծող գործակալութիւն:
-«Արմէնփրէս»ի կազմին մէջ կը գործեն նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» եւ «Ռեսփուպլիքա Արմենիա» թերթերը: Ինչպէ՞ս կը կատարուի այս տպագիր լրատուամիջոցներուն աշխատանքի համակարգումը:
-Թերթերը կ՚աշխատին կուռ ստեղծագործական կազմերով: Անոնց հետ ամէն ժամ կապի ու համակարգուած աշխատանքի շնորհիւ կարելի կը դառնայ ընթերցողին հասցնել հետաքրքրական ու բազմակողմանի բովանդակութիւն: «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթը կը ջանայ նոր ու գրաւիչ ձեւով ներկայացնել բոլոր այն նիւթերուն լուսաբանումը, որոնք կ՚առընչուին երկրին ու ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման: Մանաւանդ օրախնդիր հարցերուն շուրջ կը հրապարակուին վերլուծականներ, հարցազրոյցներ: Հասարակութեան կը հասցուին փորձագիտական շրջանակներուն մօտեցումները երկրին ու աշխարհի մէջ ընթացող զարգացումներուն, ընկերային-տնտեսական, հասարակական-քաղաքական կարեւորագոյն հարցերուն շուրջ: Հայաստանի Հանրապետութեան համար նշանակալի տօներուն առընչութեամբ օրաթերթը լոյս կ՚ընծայուի գունաւոր՝ աւելի գրաւիչ ըլլալու համար ընթերցողին: Իւրաքանչիւր թիւի առաջին էջը, տպագրութենէն զատ, կը պատրաստուի նաեւ ելեկտրոնային տարբերակով՝ գունաւոր լուսանկարներով եւ ընկերային ցանցերու մէջ աշխուժօրէն կը տարածուի՝ ծանուցելով յաջորդ օրուան թերթը:
«Ռեսփուպլիքա Արմենիա»ն Հայաստանի մէջ լոյս ընծայուող պետական միակ ռուսալեզու տպագիր լրատուամիջոցն է, որ ռուսալեզու մեծ եւ բաւական աշխոյժ լսարանը կ՚իրազեկէ Հայաստանի համար կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն ու նիւթերուն մասին: Թերթը լաւագոյնս կը կիրարկէ նաեւ թուային շուկայաբանութեան ընձեռնած հնարաւորութիւնները՝ տպագիր արտադրանքը աւելի լայն լսարանի հասու դարձնելու համար:
-Դուք առաջին կինն էք գործակալութեան տնօրէնի պաշտօնին վրայ: Ծանրաբեռնուած աշխատա՞նք է արդեօք կնոջ համար եւ ինչպէ՞ս կը համատեղէք ընտանիքի հոգերուն հետ: Նաեւ փոխ-տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր եղած ժամանակ՝ ինչպէ՞ս կը հասցնէիք:
-«Արմէնփրէս»ի մէջ աշխատանքը իմ կենսակերպն է: Ես կը ջանամ ծնողքի զաւակ, ընտանիքի կին ու մայր չըլլալ իմ աշխատանքիս հաշւոյն եւ ոչ ալ հակառակը՝ աշխատանքը զիս պէտք չէ խլէ իմ ընտանիքէն: Այդ մէկը ուժերու լարում կը պահանջէ, սակայն կը դառնայ կենսակերպ, երբ կայ սէր ու նուիրում գործին հանդէպ, նաեւ՝ աջակցութիւն ընտանիքի կողմէ:
Գործակալութեան տնօրէն ըլլալը առաջին հերթին պատասխանատուութիւն է, որ պէտք է կրեմ պատուով՝ արդարացնելու սպասումները բոլոր այն մարդոց, որոնք կը վստահին ինծի:
Ու ամենակարեւորը՝ «Արմէնփրէս»ին մէջ հաւաքուած են նուիրեալներ, որոնք կը բաժնեն զարգացման ընդհանուր տեսլականը, կը ջանան իրենց աշխատանքին մէջ ըլլալ օրինակելի, կ՚աշխատին պատասխանատուութեան բարձր զգացումով: Ես հարցազրոյցի այս հնարաւորութիւնն ալ գործածելով, կ՚ուզեմ անոնց ըսել՝ շնորհակալ եմ ու յառաջ՝ դէպի նոր որակով լրատուամիջոցի կերտման միասնական նպատակ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան